Անօթութիւն,[1] երբ կարգ մը սննդարար նիւթեր կը պակսին արեան մէջէն, անօթութիւնը կը յայտնուի:

Երբ այս նիւթերը կը պակսին արեան երակներուն մէջէն, լուր մը կը ղրկուի ուղեղին մէջ գտնուող «անօթութեան կեդրոնին»: Անօթութեան կեդրոնը կը նմանի սանձի մը, որ կը գործէ ստամոքսին եւ աղիքներուն վրայ: Եթէ արեան համար բաւարար սնունդ կայ, անօթութեան կեդրոնը կը դանդաղեցնէ ստամոքսին եւ աղիքներուն աշխատանքը: Երբ արեան մէջի սնունդը բաւարար չէ, ան կը մղէ, որ ստամոքսն ու աղիքները աւելի աշխատին:

Առանց ուտելու մնալը կախեալ է իւրաքանչիւր անձէ: Շատ հանդարտ անձ մը կրնայ առանց ուտելիքի մնալ աւելի երկար ժամանակ, քան անհանդարտ անձ մը, որովհետեւ առաջին խումբին մաս կազմողին մարմինին մէջ փրոթէինի պահեստը աւելի դանդաղօրէն կը սպառի:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել