Ծարաւի զգացումը մարմինին միջոցն է ըսելու, թէ պէտք է հեղուկի պահեստը լեցնել:

Ծարաւնալու զգացումը

Խմբագրել

Արեան մէջ գոյութիւն ունին յատուկ քանակութեամբ աղ եւ ջուր: Երբ այս աղի եւ ջուրի համեմատութիւնը կը փոխուի, եւ աղի քանակը ջուրի քանակէն աւելի բարձր կ'ըլլայ, ծարաւնալու զգացում կը յառաջանայ[1]:

Ուղեղին մէջ գոյութիւն ունի «ծարաւի կեդրոն» կոչուած շրջան մը: Ան կը հակազդէ արեան մէջի աղի քանակին: Երբ փոփոխութիւն մը տեղի կ'ունենայ, ան «լուրեր» կը ղրկէ դէպի կոկորդը, եւ այս զգացումներու խառնուրդն է, որ «ծարաւ» կը կոչուի:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել