Ապարանի Այր Մարդոց Տարազներ
Ապարանի այր մարդոց տարազներ, Ապարանի շրջանի տղամարդոց տարազը կը նմանէր միւս գաւառներուն, այն տարբերութեամբ, որ աղքատ դասակարգը շապիկի վրայէն կը հագնէր պլուզ վերնազգեստը, իսկ հարուստը՝ արխալուղ: Շալվար, անդրավարտիքի համար յարմար էին կապոյտ եւ սեւ գոյները: Արխալուղին վրայ կաշիէ գօտի կը կապէին: 19րդ դարէն սկսեալ աւելի գործածական էին արծաթէ գօտիները: Իբրեւ վերնհագուստ գործածուող չուխան ունէր բազմաթիւ տարբերակներ՝ պարզ, փոթաւոր եւ դարսերով: Ամուրի երիտասարդները չուխա չէին հագներ: Պսակի օրը չուխա հագնիլը պարտադիր էր:
Աղբիւր
Խմբագրել- «Հայկական Տարազներու Պատկերագիրք», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 28։