Առողջաբանութիւն

Առողջաբանութիւն (Hygiene), գիտութիւն՝ առողջութեան մասին, որ կ'ուսումնասիրէ շրջակայ միջավայրին ազդեցութիւնը մարդուն կազմուածքին վրայ եւ անոր հիման վրայ կը մշակէ միջոցառումներ միջավայրին վնասակար ազդեցութեան եւ հիւանդութիւններու յառաջացման կանխարգելման նպատակով[1]։

Առողջաբանութեան (Hygiene) Ակնարկ Խմբագրել

  • Առողջաբանութեան խթանումը հիւանդութիւններու նուազեցման ամէնէն արդիւնաւէտ առողջապահական գործողութիւնն է:
  • 2020-ի դրութեամբ 2,3 միլիառ մարդ տարրական առողջաբանական ծառայութիւններ չունէր (ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալու դրութիւն), իսկ 1,6 միլիառ մարդ ունէր լուացուելու սարքաւորումներ, սակայն չունէր ջուր եւ օճառ:
  • Ամբողջ աշխարհի տարածքին, 2020 թուականին մարդոց 70%-ը օգտագործած է առողջաբանական տարրական ծառայութիւններ:

Ձեռքերու Առողջաբանութիւն Խմբագրել

 
  • Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալը կրնայ նուազեցնել փորհարութեան պատճառով մահը մինչեւ 50%:
  • Հետազօտողները գնահատած են, որ եթէ բոլորը կանոնաւոր կերպով լուան իրենց ձեռքերը, տարեկան 1 միլիոն մահ կարելի է կանխել:
  • Սննդային հիւանդութիւններու բռնկումներուն մեծ տոկոսը կը տարածուի վարակուած ձեռքերով: Ձեռքերը լուալը կրնայ նուազեցնել սննդային հիւանդութիւններու եւ այլ վարակներու վտանգը:
  • Ձեռքեր լուալը կրնայ նուազեցնել շնչառական հիւանդութիւնները (օրինակ` պաղարութիւնը) ընդհանուր բնակչութեան մօտ 16-21%-ով:
  • Ձեռքերու ալքոլային հականեխիչներու օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու դասարաններուն մէջ նուազեցուցած է վարակի պատճառով բացակայութիւնները մօտ 20%-ով` 16 տարրական դպրոցներու եւ 6000 աշակերտներու շրջանակին մէջ:
  • Ձեռքեր լուալու մշակոյթը միջավայրի մէջ.
  1. 58%-ով կը նուազեցնէ փորհարութեան հիւանդութիւնները տկար դիմադրութեան համակարգ ունեցող մարդոց մօտ:
  2. 29-57%-ով կը նուազեցնէ դպրոցականներու ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու պատճառով բացակայութիւնները[2]:

Դէմքի Եւ Մարմինի Առողջաբանութիւն Խմբագրել

Առողջ մարդոց աւելի քան 50%-ի մօտ Staphylococcus Aureus պաքթերիան (ցպկամարմին) կայ, որ կ'ապրի քիթի միջանցքներու եւ կոկորդի մէջ, մազերու եւ մաշկի վրայ: Լոգնալու առաջին 15 վայրկեանին միջին մարդը կը թափէ պաքթերիայի 6 x 106 (CFU): Աւազաններ մտնելէ առաջ լոգնալը կը կանխէ մանրէներու տարածումը` նուազեցնելով մանրէաբանական բեռը (microbial load):

Միջին լողորդը ջուրի մէջ կը ներդնէ առնուազն 0,14 կրամ աղտ, աւազան մտնելէ ետք` առաջին 15 վայրկեանին: Լողալէ առաջ լոգնալը կ՛օգնէ կանխելու մանրէներու տարածումը:

Թրախոման (Trachoma), որ կանխարգիլելի կուրութեան գլխաւոր պատճառն է ամբողջ աշխարհի մէջ, կապուած է դէմքի առողջաբանութեան չգոյութեան հետ: Մօտ 41 միլիոն մարդ կը տառապի թրախոմայէ, եւ շուրջ 10 միլիոն մարդ` թրախոմայի պատճառով տեսողութեան խանգարումներէ, կամ անդառնալիօրէն կոյր է:

Աչքի ոսպնեակներու (lens) ոչ պատշաճ առողջաբանութիւնը կամ զանոնք յաճախ չախտահանելը կը մեծցնէ Acanthamoeba պաքթերիաներու աչքի վարակի ձեռքբերման վտանգը:

Ասեղնորդի (pinworm) տարածումը կարելի է թեթեւցնել պատշաճ առողջաբանութեամբ, եղունգները կտրելով եւ երեխաներուն առաւօտեան արթննալէ ետք անմիջապէս լոգցնելով:

CFU (Colony Forming Unit)- Մանրէաբանութեան մէջ օգտագործուող միաւոր, որ կը գնահատէ նմուշի մը մէջ քանակը այն պաքթերիաներուն կամ սնկային բջիջներուն, որոնք կենսունակ են եւ կրնան բազմապատկուիլ վերահսկուած պայմաններու մէջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել