Աստուածատուր Պատրիարք Կ. Պոլսոյ

Աստուածատուր պատրիարք Կ. Պոլսոյ (1768 - 2 Յունուար 1846 թթ.), հայ եպիսկոպոս։

Ծնած է Կ.Պոլիս ։ Աշակերտած՝ Զաքարիա պատրիարքին, իսկ 1805 թուականին եպիսկոպոս ձեռնադրուած։ 1820 թուականին կրօնական վէճերու ժամանակ 24 օրով բանտարկուած է, իբրեւեւ՝ առաքելական հայոց, աղմկարար։ 1841 թուականինի Սեպտեմբեր 19-ին Կ. Պոլսոյ պատրիաք ընտրուած։ Սակայն ընտրող ամիրաները՝ փորձած են զինք իրենց ենթարկել։ Ամիրաներուն ու արհեստաւորներուն մինչեւ մեծ տարաձայնութիւններ ծագած էին, ուստի եւ Հոկտեմբեր 3-ին Սկիւտարի ճեմարանը, որ կռիւի պատճառ դարձած էր, կը փակուի։

Աստուածատուր պատիրաքը տեսնելով որ արեհստաւորներուն պահանջը իրաւացի է, անոնցմէ 27 հոգաբարձու ընտրել կու տայ, որոնք ձեռք կ'առնեն ազգային-պատրիարքական գործերու ղեկը եւ 1841 Դեկտեմբեր 12-ին կը հասատատուին։ Արհեստաւորաց հոգաբարձութիւնը, գործելով առանց ամիրաներու՝ անընդունակ կը գտնուին, ուստի ստիպուած կ՛ըլլան հրաժարելու։ Գործերու խառն դրութեան պատճառաւ, թէ՛ արեհեստաւորները եւ թէ՛ ամիրաները կը զինուին Աստուածատուրի դէմ։ Ան 1844 թուականինի Յուլիսին ստիպուած կ՛ըլլայ հրաժարելու ու քաշուելու Սկիւտար, որտեղ կը մահուան 2 Յունուար 1846-ին եւ կը թաղուի Պաղլար Պաշկիի գերեզմանատան մէջ։