Ատափազար
Ատափազար (թուրք.՝ Adapazarı), Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան քաղաքներէն է, Սաքարիա նահանգին մէջ, Փոսֆորէն մօտ 120 ք․մ․ արեւելք, Սաքարիա գետի ձախ ափին։ Ըստ 2008 -ի տուեալներուն, քաղաքի բնակչութիւնը կը կազմէ 377 683 մարդ։
Բնակավայր | |
---|---|
Ատափազար | |
թրք.՝ Adapazarı | |
Երկիր | Թուրքիա |
Տարածութիւն | 562 քմ² |
ԲԾՄ | 31±1 մեթր |
Բնակչութիւն | 281 489 մարդ (2022) |
Կը գտնուի ափին | Սակարիա? |
Ժամային գօտի | UTC+3։00 |
Հեռախօսային ցուցանիշ | 0264 |
Փոստային ցուցանիշ | 54100 |
Շրջագայութեան պետ-համարագիր | 54 |
Պաշտօնական կայքէջ | adapazari.bel.tr(թուրք.) |
Պատմութիւն
ԽմբագրելՍկզբնական շրջանին Ատափազարը եղած է փոքրիկ գիւղ մը, որու հիմը դրած էին 14-րդ դարուն Լենկթիմուրի արշաւանքի ժամանակ Սեբաստիայէն գաղթած հայերը, ցամքած լիճին տեղը՝ կոչելով Տոնիկաշէն (գիւղի առաջնորդի անունով)։ Հետագային հայեր եկած են՝ Ակնէն, Թոխաթէն, Պարսկաստանէն եւ Եւրոպայէն, աւելի ուշ՝ Կեսարիայէն, Պարտիզակէն եւ այլն։ Թուրքերը Ատափազարի մէջ բնակութիւն հաստատած են, երբ այդ հայկական բնակավայրը շէն գիւղաքաղաք դարձած է, այնուհետեւ շրջակայ վայրերէն եկած են Յոյներ։ Կ. Պոլսոյ գրաւումէն ետք թուրքերը երկրի վարչական բաժանումը որոշելով գիւղաքաղաքը անուանած են «Ատա» (կղզի), իսկ որոշ ժամանակ նաեւ՝ «Սամըրսագ Ատասը» («Սխտորի կղզի», շատ սխտոր արտադրելու համար)։ Աւելի ուշ, որպէս բանուկ շուկայ, անուանած են Ատափազար։
Ատափազարը Մեծ եղեռնի ժամանակ
ԽմբագրելՄեծ եղեռնի նախօրէին Ատափազարը ունէր 30.000 բնակիչ, որու կէսէն աւելին հայեր էին, որոնք կը զբաղէին առեւտուրով, արհեստներով, երկրագործութեամբ, պտղաբուծութեամբ եւ շերամապահութեամբ։ Անոնք յատուկ խօսելաոճ ունէին։
Հայերը կեդրոնացած էին Ս. Հրեշտակապետ, Ս. Կարապետ, Ս. Լուսաւորիչ եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիներու թաղամասերուն մէջ՝ իւրաքանչիւր եկեղեցի ունէր տղոց եւ աղջիկներու նախակրթարաններ եւ մանկապարտէզներ՝ Արամեան-Գայանեան, Ներսէսեան-Սանդուխտեան, Ռուբինեան-Հռիփսիմեան եւ Մեսրոպեան-Նունեան։ 1909-ին բացումը կատարուեցաւ կեդրոնական երկրորդական վարժարանին՝ յատուկ տղոց համար, իսկ 1912-ին՝ աղջիկներու լրացուցիչ դասընթացը։ Նաեւ կը գործէր «Մանուշակ» մանկապարտէզ-նախակրթարանը եւ բողոքականներու «Հայուհեաց» իգական գիշերօթիկ վարժարանը։ Իւրաքանչիւր թաղ ունէր թաղական խորհուրդ։ Առաջին համաշխարհային պատէրազմէն առաջ Ատափազարի հայերը ունէին իրենց հասարակական կազմակերպութիւնները. Կրթասիրաց ընկերութիւնը, Ընթերցասիրաց միութիւնը՝ հարուստ գրադարան-ընթերցարանով, Ազգային ժողովատեղիի միութիւնը։
Նաեւ կը գործէին թատերախումբեր, երգչախումբ եւ կանանց բարեսիրական կազմակերպութիւններ։ 1910 թուականէն լոյս կը տեսնէր «Երկիր» թերթը, որ 1911 թուականէն կը տպագրուէր Կ. Պոլսոյ մէջ։ Ատափազարի բարբառի «Ատրուշան» տպարանին մէջ, 1912 թուականին տպագրուած է «Բութանիա» շաբաթաթերթը։ 1915-ին Ատափազարի հայ բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ եւ կոտորուեցաւ։ 1918-ին զինադադարէն ետք շուրջ 4000 հայեր վերադարձան եւ հայկական կեանքը սկսաւ վերակենդանանալ։ Սակայն 1921-ի ամրան՝ յունական բանակի նահանջի ժամանակ, բոլոր հայերը հեռացան Զմիւռնիա, Յունաստան եւ այլ երկրներ։
Քոյր քաղաքները
ԽմբագրելԲնակչութիւն
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Հայկական սովետական հանրագիտարան։