Ատլանտեան Ովկիանոս

Ատլանտեան ովկիանոս (լատիներէն՝ Oceanus Atlanticus), զբաղեցուցած տարածքին մեծութեամբ եւ խորութեամբ՝ Երկիր մոլորակին երկրորդ ովկիանոսն է Խաղաղական ովկիանոսէն ետք։ Հիւսիսէն կը գտնուի Կրենլանտայի եւ Իսլանտայի միջեւ, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի միջեւ արեւելքէն, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Հարաւային Ամերիկայի միջեւ արեւմուտքէն, իսկ Անթարքթիքան կը գտնուի ովկիանոսին հարաւը։

Ատլանտյան օվկիանոսը Երկրի քարտեզին

Ատլանտեան ովկիանոսին մակերեսը կը կազմէ 91.66 միլիոն քմ², որմէ շուրջ 16%-ը կը պատկանի ծովերուն, ծոցերուն եւ նեղուցներուն։ Առափնեայ ծովերու մակերեսը մեծ չէ։ Ովկիանոսին ծաւալը կը կազմէ 329.7 միլիոն քմ³, որ կը կազմէ Համաշխարհային ովկիանոսին ծաւալին աւելի քան 25%-ը։ Միջին խորութիւնը կը կազմէ 3736 մեթր, իսկ առաւելագոյնը՝ 8742 մեթր է (Փուերթօ Ռիքօ)[1]։

Ատլանտեան ովկիանոսին ջուրերու միջին աղիութիւնը կը կազմէ 35 ‰:

Ովկիանոսը աչքի կ'իյնայ խիստ կտրատուած ափագիծերով, որոնց շնորհիւ շատ են ծովերն ու ծոցերը։

Ատլանտեան ովկիանոսին անուանումը յառաջացած է յունական դիցաբանութեան տիտան Ատլասիանունէն[2]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել