Ծով, Համաշխարհային ովկիանոսի մաս, որ քիչ թէ շատ մեկուսացած է ցամաքով (թերակղզիներով, կղզիներով) կամ ստորջրեայ բարձունքներով: Ովկիանոսի բաց մասերէն գլխաւորաբար կը տարբերի ջրաբանական, օդերեւութաբանական եւ կլիմայական կարգով:

Սեւ ծով

Որոշ ծովեր կը հանդիսանան այլ ծովերու մասեր (օրինակ՝ Եգէական ծովը Միջերկրական ծովու մասն է)։ Քանի մը տիպական ծովեր աւանդաբար կը կրեն «ծոց» սխալ անուանումը (Մեքսիկական, Հուտզոնի, Պարսից), իսկ ծով կը կոչուին քանի մը լիճեր (Կասպից, Արալեան, Մեռեալ), ովկիանոսային բաց տարածութիւններ (Սարգասեան, Ֆիլիփինեան):

Ըստ մեկուսացման աստիճանի եւ ջրաբանական կարգի առանձնայատկութիւններուն ծովերը կը բաժնուին հետեւեալ խումբերուն՝ ներքին ծովեր, միջերկրական ծովեր, կիսամեկուսի ծովեր, ծայրամասային ծովեր, միջկղզային ծովեր։ Ըստ աշխարհագրական դիրքի, միջերկրական ծովերը երբեմն կը բաժնեն միջմայրցամաքային եւ ներմայրցամաքային ծովերը։

Ծովերը երկրաբանական առումով երիտասարդ են:

Կլիման եւ ջուրի ջերմաստիճանը կախեալ են ծովու աշխարհագրական լայնութենէն, ջրային զանգուածի ծաւալէն ու խորութենէն, յարակից ցամաքներուն կլիմայէն: Անոնցմէ շատերու (Միջերկրական ծով, Կարմիր ծով, Աւստրալա-Ասիական ծով, Պարսից ծոց) ջուրը թէ՛ մակերեսին եւ թէ խորքին մէջ աւելի տաք է, քան ովկիանոսի հարեւան տարածութիւններունը, իսկ միւսներունը (Օխոտի, Պերինկի ծովեր, Ա. Լաւրենտիոսի, Հուտզոնի ծոցեր)՝ աւելի պաղ:

Աշխարհի մէջ ջրոլորտի մակերեւութային առաւելագոյն ջերմաստիճանները արձանագրուած են ոչ թէ ովկիանոսներուն մէջ (32°C), այլ՝ ծովերուն (Կարմիր ծովուն, Պարսից ծոցին՝ մինչեւ 35°C):

Ծովուն ջուրի աղիութիւնը, ի տարբերութիւն ովկիանոսին, խիստ կը տատանուի: Սեւ ծովու մակերեսին աղիութիւնը 18‰ է, իսկ հիւսիսային ափերուն մօտ, թափող գետերուն շնորհիւ, կը հասնի 5-6‰-ի: Խոնաւ ու ցուրտ շրջանի մէջ գտնուող Պալթեան ծովի աղիութիւնը 6-8‰ է: Չորային կլիմա ունեցող երկիրներով շրջապատուած ծովերու աղիութիւնը բարձր է, Միջերկրական ծովունը 38-39‰ է, Կարմիր ծովունը՝ մինչեւ 41,5‰:

Ծովու եւ ովկիանոսի միջեւ տեղի կ՛ունենայ ջրափոխանակութիւն (նեղուցներով): Սառիլը սաստիկ է Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսի ծայրամասային ծովերուն մէջ, ուր սառոյցները կը պահպանուին նաեւ ամրան: Բարեխառն գօտիին մէջ հիւսիսային մասի ծովերուն սառցապատումը աւելի վաղ կը սկսի (Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր)՝ ջուրի նուազ աղիութեան եւ ցամաքի շուտ սառելու հետեւանքով: Ամրան, ցամաքի տաքնալուն եւ գետային տաք ջուրերու ներհոսքի շնորհիւ, սառցապատումը շուտ կը վերնայ: Ծովու ջուրին գոյնը բարձր ջերմաստիճանի եւ զգալի աղիութեան պայմաններուն կապոյտ է, մերձբեւեռային սառ եւ նուազ աղիութեան պարագային՝ կանաչաւուն:

Ծովային հոսանքներ առկայ են գրեթէ բոլոր ծովերուն մէջ: Անոնց առաջացման պատճառը քամիները եւ գետերն են: Գերակշռող ուղղութիւնը ցիկլոնային է: Ծովու օրկանական աշխարհը, ի տարբերութիւն բաց ովկիանոսի, ներկայացուած է զգալի թիւով տարբեր տեսակներով եւ յաճախ աւելի բազմազան է, որուն պատճառները, բացի մէկուսացուածութենէն, կը հանդիսանան ծովուն մէջ կեանքի բազմազան պայմաններն ու ջրաւազաններու երկրաբանական առանձնայատկութիւնները:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։