Արաբական Երաժշտութիւն
Արաբական Երաժշտութիւն, արաբ ժողովուրդին յատուկ երաժշտութիւն, որ կազմուած է երկիրներու երաժշտական մշակոյթներու միաձուլումով:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱրաբական երաժշտութիւնը ձեւաւորուած է 7-10-րդ դարերուն եւ նուաճուած է երկիրներու երաժշտական մշակոյթներու միաձուլումով:
7-8-րդ դարերու կիսուն արաբական մշակոյթի կեդրոններէն էին Դամասկոսը՝ Ասորիքի մէջ, Մեքքան եւ Մետինան՝ Արաբիոյ մէջ եւ Պասրան՝ Իրաքի մէջ:
9-10-րդ դարերուն արաբական երաժշտութիւնը բարգաւաճելով կը հասնի իր բարձունքին եւ զգալի ազդեցութիւն կ'ունենայ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի երաժշտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ եւրոպական շարք մը նուագարաններու ձեւաւորման վրայ:
16-րդ դարուն արաբական աշխարհը Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ կ'իյնայ եւ արաբական մշակոյթը անկում կ'արձանագրէ:
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն կը սկսի արաբական երաժշտութեան նոր շրջանը: Արաբական միասնական մշակոյթը կը քայքայուի եւ նորաստեղծ արաբական առանձին պետութիւններուն մէջ կը ձեւաւորուի ազգային երաժշտութիւն:
Արաբական երաժշտութիւնը կապուած է կենցաղի հետ, որովհետեւ իսլամական կրօնին մէջ ընդունուած չէ երաժշտութեան լայն կիրառումը:
Երգային երաժշտութիւն
ԽմբագրելԱրաբական աշխարհի երաժշտութիւնը թէեւ կը տարբերի իր զարգացման ընթացքով եւ կրած ազդեցութիւններով, սակայն ան ունի ընդհանուր յատկանիշներ՝ միաձայն երգեցողութիւն եւ յանպատրաստից (improvisation) կատարում:
Ձայնաշարեր
ԽմբագրելԱրաբական հնչիւնաշարերը բոլորովին տարբեր են արեւմտաեւրոպական երաժշտութեան մէջ գործածուող հնչիւնաշարերէն:
Արաբական երաժշտութեան ձայնաշարերը կը կոչուին (Maqam)ներ, որոնց թիւը եօթանասունէ աւելի է: Մաքամները բաղկացած են քսանչորս աստիճաններէ, որովհետեւ կը պարունակեն քառորդ եւ երեք-քառորդ թոներ:
Արաբական երգային երաժշտութեան յատուկ է նաեւ առատ ձայնազարդութիւնը եւ Glissando-ն (հնչիւնէ հնչիւն սահիլը):
Աղբիւրներ
Խմբագրել«Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 37: