Արամի Փողոց (Երեւան)

Coordinates: Missing latitude
Invalid arguments have been passed to the {{#coordinates:}} function Կաղապար:Երեւանի փողոց

Արամի փողոց, փողոց Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ։ Կոչուած է Առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի անունով։ Զուգահեռ է Փաւստոս Բիւզանդի փողոցին։

Տուեալներ

Խմբագրել

Խանջեան փողոցի հարաւ-արեւելեան հատուածէն ձգած է դէպի Սարեան փողոցի հիւսիս-արեւմտեան հատուած՝ իր մէջ ընդգրկելով Վերնիսաժի տօնավաճառը, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի շէնքը, Միսակ Մանուշեան զբօսայգին եւ կը հասնի մինչեւ Մաշտոցի պողոտայ։ Նախկին փողոցը կը շարունակուէր մինչեւ գլխաւոր նամակատուն, սակայն այդ հատուածը 2014 թուականին վերանուանվեց Կարէն Տեմիրճեանի անունով[1]։

Ժամանակին Երեւանի ամենահին փողոցներէն մէկն է։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Փողոցը բացուած է 1837 թուականին եւ կոչուած՝ Ցարսկայա փողոց՝ ի պատիւ Նիկոլայ I ցարի, որ այդ ժամանակաշրջանին կ'այցելէ Երեւան։ 1919 թուականին, Առաջին հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի մահէն յետոյ փողոցը կը վերանուանուի անոր անունով։ Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ կոմունիստները փողոցը 1921 թուականին վերանուանած են Սուրէն Սպանդարեանի անունով։ 1991 թուականին, Հայաստանի անկախացումէն յետոյ, փողոցը պաշտօնապէս կոչուեցաւ Արամի փողոց[2]։

1917-1919 թ. Արամ Մանուկեանն ապրած է Արամի փողոցի 9 հասցէի մէջ տեղակայուած շէնքի մէջ։ Շէնքը կը պատկանի Ֆատէյ Քալանթարեանին, կառուցուած է 1910 թուականին, ճարտարապետ Պորիս Մեհրապեանի կողմէ։

2005 թուականէն շէնքի վերակառուցումը ներառուած է Երեւանի քաղաքապետարանի «Հին Երեւան» ծրագրին մէջ, որու հեղինակը ճարտարապետ Լեւոն Վարդանեանն է[3]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Երեւանը կ'ունենայ Կարէն Տեմիրճեանի անուան փողոց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-06 
  2. «Երեւան` Հին Աբովեան փողոց: Արամի փողոցէն Պուշկինի փողոց»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-06 
  3. Արամ Մանուկեանի մահուան 95-ամեակը` անոր կիսավեր տան ֆոնին[permanent dead link]

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել