Արամ Գամպուրեան

Գրող, թարգմանիչ, մեկենաս, ճարտարապետ եւ դասախօս

Արամ Գամպուրեան (ծն.` 15 Յունուար 1926, Պոլիս), պոլսահայ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, դասախօս եւ մեկենաս։

Արամ Գամպուրեան
Ծնած է 15 Յունուար 1926
Ծննդավայր Պոլիս
Քաղաքացիութիւն Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Ճարտարապետ
Ամուսին Շաքէ
Ծնողներ հայր՝ Գրիգոր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 15 Յունուար 1926-ին, Պոլիս: Հայրը` Գրիգոր, ծնած է Պրուսա, 1890-ին, մահացած է 1959-ին, Պոլիս[1]:

Գամպուրեան հինգ տարեկանին յաճախած է Լուսաւորչեան մանկապարտէզը, ապա՝ Յ. Թ. Հինդլեանի (1866-1950) «Նոր դպրոց»-ը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1938-ի Յունիսին:

Միջնակարգ եւ լիսէի ուսումը ստացած է Վիեննական մխիթարեան վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1944-ին: Նոյն տարին մուտք գործած է Պոլսոյ թեքնիք համալսարան, ուրկէ վկայուած է 1950 փետրուարին` որպէս ճարտարապետ:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Աշխատած է պեթոն արմէ շէնքերու ծրագրաւորման մարզին մէջ: 1961-1978 թուականներու միջեւ իր ասպարէզին քովն ի վեր պաշտօնավարած է Էսայեան լիսէի մէջ` որպէս երկրաչափութեան դասախօս:

1974-էն ի վեր կ'անդամակցի Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, ուր ստանձնած է ատենադպիրի պաշտօնը:

Հրատարակուած գիրքեր

Խմբագրել

2002-ին հրատարակուած է իր ճամբորդական տպաւորութիւններու առաջին գիրքը` «Ուխտագնացութիւններ եւ ուղեւորութիւններ» անուան տակ:

2005-ին լոյս տեսած է իր երկրորդ գիրքը` «Ճամբարներ նոր ու անվերջանալի»:

2008-ին հեղինակը հրապարակած է իր երրորդ գիրքը` «Թարգմանութիւններ եւ ուղեւորութիւններ»[2]:

2016 կը հրատարակուած է Գամպուրեանի թարգմանութեան կարեւոր աշխատութիւնը։ Շնորհիւ իրեն այսօր կայ Պրունօ Ֆրանքի «Սէրվանդէս» անուն գիրքը արեւմտահայերէնով[3]։

Պարգեւներ

Խմբագրել
  • 13 Յունուար 2013-ին արժանացած է Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան արծաթեայ շքանշանին[4]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել