Արամ Շորվօղլեան
Արամ Շորվօղլեան, (1902, Զէյթուն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 12 Հոկտեմբեր 1979):
Արամ Շորվօղլեան | |
---|---|
Ծնած է | 1902 |
Ծննդավայր | Զէյթուն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 12 Հոկտեմբեր 1979 |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախակրթարանի ջամբած ուսման հազիւ տիրացած, Համաշխարհային Ա. Պատերազմը եւ թուրքերու կողմէ հայ ժողուվուրդին դէմ կազմակերպուած բռնագաղթը կը ստիպեն որ պատանի ուսանողը դառնայ իր ծննդավայրին պաշտպանութեան նուիրուած զինեալ մարտիկ: 1919-1921 թուականներուն, իբրեւեւ կրտսեր եւ հաւատարիմ զինակիցը Զէյթունի դիւցազներէն Արամ Պէկ Չոլագեանի, կը մասնակցի իր հայրենի աշխարհին ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն: 1921-ին կ'անցնի Հալէպ: Յամառ ինքնաշխատութեամբ կը յաջողի գիտելիքներու հարուստ պաշար մը ամբարել: Կարճ ժամանակի մը համար կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին: Ազգային եւ հասարակական բեղուն գործունէութեան կողքին՝ տարիներ շարունակ կը վարէ կիրակնօրեայ լսարաններ, նոր սերունդին ծանօթացնելով հայ ժողովուրդի անցած դարաւոր ճանապարհը:Որպէս կեանքի վերջնական ասպարէզ կ'ընտրէ առեւտուրը: Սակայն հակառակ այդ նոր իրողութեան, ան կը մնայ գրչի մարդը, եւ հաւատարմօրէն կ'աշխատակցի Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին, ստորագրելով բազմաթիւ ակնարկներ, յօդուածներ, յուշագրութիւններ եւ գրախօսականներ, որոնցմէ յատկապէս ուշադրութեան արժանի կը մնան անոնք, որոնք հայ ժողովուրդի վերջին մէկ դարու պատմութեան հետ առընչուած հարցեր կջարծարծեն:Քաջ գիտակ թրքերէնին, ան ուշադիր կը հետեւի թուրք արդի պատմագրութեան, եւ ուղղակի թարգմանութեամբ, կամ՝ քննադատօրէն ընթերցողին կը ներկայացնէ այն՝ ինչ կը խօսի հայ-թուրք յարաբերութեանց մասին:Զինք հետաքրքրող գլխաւոր նիւթը սակայն կը մնայ իր ծննդավայր Զէյթունն ու անոր պատմութիւնը:
Արամ Շորվօղլեանի վերոյիշեալ տիպի յօդուածներէն նշենք մէկ քանին.(«Զարթօնք», օրաթերթ, Պէյրութ, 30 Յուլիս, 1966), Ուրուագիծ Զէյթունի Պատմութեան («Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», Գ. Հատոր., Պէյրութ, 1972, էջ 231-356), Հայերու Նպաստը Սուրիական Մեր Հայրենիքին («Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք», Ա. Հատոր., 1975, էջ 389-404): Իսկ առանձին հատորով լոյս տեսած է Արամ Պէկ Չոլագեան, 1915-1921 (Պէյրութ, 1980) յուշագրական աշխատութիւնը, նուիրուած «Զէյթունի վերջին դիւցազն»ի կեանքին ու գործունէութեան:
Արամ Շորվօզլեանի ստորագրած յօդուածներուն մատենագիտական ցանկը հրատարակուած է վերոյիշեալ հատորին մէջ, էջ 277-282:Դժբախտաբար սակայն ցանկը կանգ կ'առնէ 1971-ին, եւ ուրեմն՝ կը մնայ պակասաւոր:
Արամ Շորվօղլեան կը մահանայ 12 Հոկտեմբեր, 1979-ին:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ 1980,էջ(342-343)