Արատէսի Վանք, կը գտնուի համանուն գիւղին մէջտեղ բարձրավանդակի մը վրայ, ի հնումըն կառուցուած:

Այս վանքը գիւղին հետ Ստեփանոս Օրբէլեան պատմչին ժառանգութեան վիճակելով իր Տարսայիճ հօրմէ՝ զայն Նորավանից նուիրեց իբրեւ կալուած եւ բնակարան ամրան: Տակաւին թէեւ մասամբ կանգուն են վանացս եկեղեցիները, սակայն ամայի, օրէ օր քայքայման եւ կործանման տխուր վիճակի մէջ։ Այս եկեղեցիներէն գլխաւորը կառուցուած է չորս որմափակ սեանց վրայ, ունի երկու աւանդատուն եւ մատուռներ աջ եւ ձախ կողմերը, որոնց մէջ կան պատարագի սեղաններ: Ունի նաեւ ժամատուն՝ կոփածոյ քարերով շինուած, վեց որմափակ սիւներով:

Արեւելեան որմոյն մօտը կայ որոցանձեւ տապան մը (1280) թուականով գեղեցկատառ արձանագրութեամբ, որուն մէջ կը հանգչին վանքս նորոգող րաբունապետ Հայրապետի նշխարքը:

Երկրորդ եկեղեցւոյ գաւթի արեւմտեան դրան ճակատը կայ ճարտարաքանդակ պատկեր Տիրամօրն՝ Յիսուս գիրկը, եւ երկու կողմը կրկին արձանագրութիւնք:

Երրորդ եկեղեցւոյն նոյնպէս կիսակործան քանդակներն եւ դրան դրուագները աւելի նուրբ արուեստով շինուած են, ուր կը տեսնուին զանազան ձեւերով խաչեր, ողկոյզներ, կենդանիներ եւ այլն:

Վանացս եկեղեցիներու որմերու եւ խաչարձաններու վրայ կան բաւական թուով արձանագրութիւններ, յորոց մին կը յայտնէ երեք եկեղեցիներուն անունները, որոնք են Ս. Սիովն, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Կարապետ: Վանացս արձանագրութիւնները չեն յայտներ շինութեան թուականը, եղած թուականներէն հնագոյնն է:

Աղբիւրներ

Խմբագրել