Արարատեան Դաշտի Կանացի Տարազներ

Արարատեան Դաշտի Կանացի Տարազները եղած են աւելի թեթեւ ու միանման։ Հայկական այլ տարազներու նման Արարատեան դաշտի հայ կիներու տարազին մաս են ճեղմակեղէնը, վերնաշապիկը, վերնազգեստը, վերարկուն, գօտին, գլխայարդարանքը եւ ագանելիքը (գուլպայ եւ կօշիկ)։

Տարազին մասերը Խմբագրել

Արարատեան դաշտի կանացի տարազները կը տարբերէին միւս գաւառներէն իրենց վերնազգեստին ամբողջականութեամբ: Վերնազգեստը կը կարուէր միագոյն կամ բուսանաշխերով զարդարուած մետաքսեայ կերպասով, իսկ շապիկը՝ բամպակեայ կտորով: Վերարկուն կը կոչուէր քուրք, որ կը կարուէր գոց կարմիր, կանաչ եւ կապոյտ թաւշեայ կտորով: Քուրքին վերի մասը նեղ էր, իսկ վարը՝ լայն: Վերարկուին թեւերը լայն էին եւ զարդարուած աղուէսի մուշտակի նեղ շերտով, որ հարուստ կիներու պարագային աշխատուած կ՛ըլլար մարգարիտներով ու կիսաթանկարժէք քարերով:

Գօտին Խմբագրել

Գօտին կ'օգտագործէին տօնական զգեստին վրայ, որ պատրաստուած կ'ըլլար մետաքսեայ ասեղնագործուած կտորէ եւ երբեմն զարդարուած՝ ուլունքներու տեսակներով: Որոշ շրջաններու մէջ մետաղեայ գօտին կը պատրաստուէր ոսկիէ կամ արծաթէ եւ կը զարդարուէր դրամներու կախուած շարաններով։

Գլխայարդարանքը Խմբագրել

Արարատեան դաշտի աղջիկները իւրայատուկ տեսք ունէին: Իրենց մազերը կը հիւսէին եւ գլխուն կը կապէին չիթ գլխաշոր: Տօնական օրերու գլխաշորը մետաքսեայ էր: Կատարին կը դնէին հաւկթաձեւ պոլի: Գլխաշորը գնդասեղով կ'ամրացուէր պոլիին:

Ամուսնացած կիներուն գլխայարդարանքը ամբողջութեամբ ուրիշ էր։ Կիները իրենց գլխուն կը դնէին պայտաձեւ պոլի, որուն վրայ կ'ամրացնէին գլխաշորը, իսկ ճակատը կը զարդարէին չիխտի ճակտոցով։ Հարուստ դասակարգի կիները իրենց գլխուն կը դնէին ոսկի դրամաշարով եզերուած կոտ, իսկ զայն կը ծածկէին ժանեակէ շղարշով։

Տարեց կիները կը կապէին թասակ, որուն վրայ ճերմակ ժապաւէն կը կապէին՝ ոսկիներու շարանի ճնշումէն ճակատը պաշտպանելու նպատակով։ Տարեց կիներուն յատուկ էր ճերմակ քթկալ:

Աղբիւրներ Խմբագրել