Արեան Խումբ
Արեան խումբ, արեան ժառանգաբար փոխանցուող իմունային առանձնայատկութիւններ են, որոնց հիման վրայ եւ ըստ պարունակուող նիւթերու (խմբային հակածիններ կամ իզոհակածիններ) նմանութեան արիւնը կը դասուի որեւէ խումբի։ Մարդու պատկանելիութիւնը արեան այս կամ այն խումբին, անհատական կենսաբանական առանձնահատկութիւն է, որ կը ձեւաւորուի սաղմնային զարգացման վաղ շրջանին եւ չի փոխուիր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Աւելի գործնական նշանակութիւն ունին արեան կարմիր մարմնիկներու (էրիթրոցիտներ) A եւ B իզոհակածինները, ինչպէս նաեւ բնականոն պայմաններու մէջ արեան շիճուկի մէջ պարունակուող α եւ β իզոհակամարմինները։ Մարդու արեան մէջ միասին կրնան գտնուիլ միայն տարասեռ իզոհակածիններ եւ իզոհակամարմիններ, քանի որ միասեռի պարագային տեղի կ'ունենայ արեան կարմիր մարմնիկներու միակպչում՝ սոսնձում (հեմակլուտինացում)։ Անկախ ռասայէն, տարիքէն, սեռէն, ինչպէս նաեւ արեան մէջ A, B իզոհակածիններու եւ α, β իզոհակամարմիններու առկայութենէն, մարդու արիւնը կը բաժնեն 4 խումբի։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱրեան խումբի մասին ուսումնասիրութիւն առաջացած է 19-րդ դարու վերջերը։ Անիկա ընդհանուր իմունաբանութեան կարեւոր բաժիններէն է, արեան փոխներարկման հիմքը եւ լայնօրէն կը կիրառուի արիւնաբանութեան, վիրաբուժութեան, մանկաբարձութեան, գինեկոլոգիայի, դատական բժշկութեան, ինչպէս նաեւ մարդաբանութեան եւ մարդու գենետիկայի մարզերուն մէջ։
Ակլիուտինոկէն-ակլիուտինին Փոխազդեցութիւն
ԽմբագրելԷրիթրոցիտներու թաղանթին վրայ կան բարդ միացութիւններ՝ հակածիններ (ակլիուտինոկէններ), որոնք օժտուած են հակածնային յատկութիւններով։ Անոնք կրնան փոխազդել արեան փլազմայի յատուկ սպիտակուցներու` հակամարմիններու հետ։
Հակածին-հակամարմին հակազդեցութեան հետեւանքով տեղի կ'ունենայ էրիթրոցիտներու սոսնձում՝ ակլիուտինացիա։ Ըստ այս երեւոյթի անունին, էրիթրոցիտներու թաղանթի հակածինները կը կոչուին ակլիուտինոկէններ, իսկ փլազմայի հակամարմինները՝ ակլիուտինիններ։
ABO Համակարգ
ԽմբագրելՄարդոց արիւնը ըստ ABO համակարգի ակլիուտինոկէններու եւ ակլիուտինիններու պարունակութեան, կը բաժնուի 4 խումբի, որոնք կը նշուին հռոմէական թիւերով կամ ըստ պարունակած ակլիուտինոկէնի անունին։
I խումբի մարդոց արիւնը կարելի է ներարկել բոլոր խումբերուն, ուստի անոնք կը կոչուին ընդհանուր արիւնատուներ, իսկ IV խումբի մարդիկ կրնան արիւն ստանալ բոլոր խումբերէն եւ կը կոչուին ընդհանուր ընդունողներ։ II ու III խումբերու մարդիկ կրնան արիւն տալ միայն իրենց խումբի մարդոց ու IV խումբին։
Անհամատեղելի արեան ներարկման ժամանակ կ'առաջանայ ակլիուտինոկէն-ակլիուտինին հակազդեցութիւն, որ կրնայ յանգեցնել մահուան։ Պատճառը սոսնձուած էրիթրոցիտներու քայքայման հետեւանքով էրիթրոցիտներէն մակարդման գործօններու անջատումն է, որոնք արեան մէջ կ'առաջացնեն ներանօթային մակարդուկներ։
Արեան խումբերը որոշող հակածինները ժառանգաբար կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ եւ չեն փոխուիր կեանքի ընթացքին։ Մարդոց 40-50 %-ը ունի առաջին խումբի արիւն, 30-40 %-ը՝ երկրորդ, 10-20 %-ը՝ երրորդ, իսկ 5 %-ը՝ չորրորդ խումբ։
Հակածիններու Տեսակներ
ԽմբագրելՄարդու օրկանիզմի իզոհակածինային նուրբ առանձնայատկութիւնները իմանալը անհրաժեշտ է օրկաններու եւ հիւսուածքներու փոխպատուաստման համար։ Աւելի նուրբ եղանակներու կիրառումով պարզուած է A իզոհակածինի ոչ համասեռութիւնը, որմէ ելլելով՝ կը տարբերին A1 (պարագաներու 88%-ը) եւ A2 (12%) ենթախումբերը։ Կարելի դարձած է տարբերել արեան կարմիր մարմնիկներու դժուար բացայայտուող տարբերակներ. A3, A1, A5, A2 եւ այլն։ Թէեւ B իզոհակածինը աւելի համասեռ է քան A-ը, նկարագրուած են անոր հազուադէպ հանդիպող տարբերակներ եւս (B3, Bw, B, եւ այլն)։
Ընդունող[1] | Արիւնատու[1] | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|
O− | O+ | A− | A+ | B− | B+ | AB− | AB+ | |
O− | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N |
O+ | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N |
A− | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N |
A+ | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N |
B− | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:N |
B+ | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:N |
AB− | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:Y | Կաղապար:N | Կաղապար:Y | Կաղապար:N |
AB+ | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y | Կաղապար:Y |
Զարգացում
ԽմբագրելՄարդու արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ իզոհակածինները կը յայտնաբերուին ներարգանդային կեանքի 2-րդ ամսուան ընթացքին եւ անոնց քանակութիւնը առաւելագոյնի կը հասնի 3 տարեկանին, որմէ ետք կը պահպանուին հաստատուն մակարդակի վրայ եպ աստիճանաբար կը նուազին ծերանալու ժամանակ։ Կարեւոր է նշել, որ մարդու առանձնայատուկ անհատականութիւնը որոշող արեան իզոհակածիններու հաւաքակազմը, անկախ կրած հիւանդութիւններէն, ինչպէս նաեւ օրկանիզմի վրայ ֆիզիքական եւ քիմիական գործօններու ներգործութենէն, չի փոխուիր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Կրնայ փոխուիլ իզոհակամարմիններու միայն քանակը, որակապէս անոնց կազմութիւնը անփոփոխ կը մնայ։
ABO համակարգի հակածիններու հանդէպ իզոհակամարմիններ կ'առաջանան ծնելէն ետք առաջին ամիսներուն եւ առաւելագոյն քանակութեան կը հասնի 5-10 տարեկանին, այդ մակարդակի վրայ կը պահպանուի երկար ժամանակ եւ աստիճանաբար կը նուազի ծերանալու ժամանակ։
Անհամատեղելի Հակածիններ
ԽմբագրելԲնականոն պայմաններու մէջ մարդու արեան մէջ առկայ իզոհակամարմիններէն բացի, կը յայտնաբերուին նաեւ անհամատեղելի (խմբային առումով) հակածիններ, որոնք ի յայտ կու գան անհամատեղելի արիւն (ինչպէս ամբողջական, այնպէս ալ անոր առանձին բաղադրամասեր) փոխներարկելու ժամանակ, յղութեան շրջանին (երբ պտուղի արիւնը անհամատեղելի է մօր արեան հետ), մարդու A եւ B խմբային իզոհակածիններու նման քիմիական կառուցուածք ունեցող կենդանական ծագումի նիւթեր ներարկելու ժամանակ, ինչպէս նաեւ բուժկանխարգելիչ նպատակով որոշ շիճուկներ ու պատուաստներ կիրառելու ժամանակ։ Իզոհակածիններուն նման նիւթեր կը յայտնաբերուին որոշ տեսակի մանրէներու մէջ, հետեւաբար որոշ վարակներ կրնան խթանել իմանային հակամարմիններու առաջացումը։
Այլ Հակածիններ
ԽմբագրելԲացի A եւ B իզոհակածիններէն, որոշ մարդոց արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ կը հանդիպին H եւ O առանձնայատուկ հակածիններ։ Օրինակ, անոնք մշտապէս առկայ են 0, β (I) խումբ ունեցող անձերու արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ։ Բացի արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ պարունակուող իզոհակածիններէ, արեան միւս բաղադրիչ տարրերու մէջ կը յայտնաբերուին իզոհակածիններ, որոնք միայն իրենց բնորոշ են։ Այսպէս հաստատուած է արեան սպիտակ մարմնիկներու (լէյկոցիտներ) աւելի քան 40 հակածիններ միաւորող խումբի գոյութիւնը։ Կ'առանձնացնեն արեան շիճուկին մէջ պարունակուող սպիտակուցներու խումբ մը, որ կը բաժնուի իմունոկլոպուլիններու, ալպումիններու, պոստալպումիններու, α-, β-, γ-կլոպուլիններու եւ լիպոփրոթէիտներու։
Մարդու արեան այլ համակարգերուն պատկանող իզոհակածինները ունին աւելի փոքր գործնական նշանակութիւն, քան ABO եւ ռեզուս համակարգերը, բայց կարեւոր են դատաբժշկական բժշկութեան, գենետիկայի, մարդաբանութեան համար։
Ռեզուս Գործօն
ԽմբագրելABO իզոհակածիններէն ետք գործնական բժշկութեան մէջ, ըստ նշանակութեան, երկրորդ տեղը կը գրաւեն ռեզուս՝ Rh (անգլերէն՝ Rhesus) համակարգի արեան խումբը։ Անիկա արեան ամենաբարդ համակարգերէն է եւ կը ներառէ աւելի քան 20 իզոհակածին։ Զանոնք կը յայտնաբերեն աւստրիացի գիտնականներ Քարլ Լանտշտայնըրը եւ U. Վիները, 1940-ին՝ մակակ-ռեզուս կապիկներու արիւնէն ստացուած կարմիր մարմնիկներու օգնութեամբ։ Պարզուած է, որ մարդոց 85%-ի արիւնը ռեզուս դրական է, այսինքն կը պարունակէ իմունածին յատկութեամբ օժտուած D ռեզուս գործօն, իսկ 15%-ի մօտ վերջինս կը բացակայի, այդ պատճառով կը համարուին ռեզուս բացասական։
Ռեսուզ Հակադրում
ԽմբագրելՌեզուս-հակադրումը, որ կը դրսեւորուի հեմոլիզային հիւանդութեան ձեւով եւ երբեմն մահացու ելք կ'ունենայ, կրնայ առաջանալ, երբ բացասական ռեզուսով մօր օրկանիզմին մէջ ռեզուս-դրական պտուղի հակածինի (որ ան ժառանգած է դրական ռեզուսով արիւն, ունեցող հօրմէն) ազդեցութեամբ (եթէ պտուղի էրիթրոցիտները թափանցեն մօր օրկանիզմ) կը գոյանան հակամարմիններ, որոնք, իրենց հերթին ազդելով պտուղի արեան կարմիր մարմնիկներու վրայ, կ'առաջացնեն անոնց հեմոլիզ (քայքայում)։ Ռեզուս-հակադրումը կրնայ առաջանալ նաեւ բացասական ռեզուսով անձերու կրկնակի անգամ դրական ռեզուսով արիւն փոխներարկելու ժամանակ:
Ժառանգում
ԽմբագրելԱրեան խմբային յատկանիշները կ'որոշուին ժառանգական գործօններով, այսինքն՝ երեխաներու արեան հակածինային յատկութիւնները խիստ որոշակի կախման մէջ կը գտնուի ծնողներու արեան խմբային պատկանելիութենէն։ Անիկա թոյլ կու տայ որոշել (օրինակ՝ դատական բժշկութեան մէջ) վիճելի հայրութեան բարդ հարցերը.
- տղամարդը կը բացառուի իբրեւ հայր, եթէ իր եւ մօր արեան մէջ կը բացակայի երեխայի օրկանիզմին մէջ առկայ հակածինը, քանի որ երեխան չի կրնար ունենալ ծնողներու մօտ բացակայող հակածինը,
- տղամարդը կրնայ իբրեւ հայր բացառուիլ, եթէ երեխան չունի այն հակածինը, որ պէտք է անոր փոխանցուէր, օրինակ՝ ABO (IV) խումբի արիւն ունեցող տղամարդը չի կրնար ունենալ OO (I) խումբի արիւն ունեցող երեխայ։
Հոր արյան խումբ→ | ||||||
---|---|---|---|---|---|---|
Մօր արեան խումբ ↓ | I(00) | II(A0) | II(AA) | III(B0) | III(BB) | IV(AB) |
I(00) | I(00) — 100 % | I(00) — 50 % II(A0) — 50 % |
II(A0) — 100 % | I(00) — 50 % III(B0) — 50 % |
III(B0) — 100 % | II(A0) — 50 % III(B0) — 50 % |
II(A0) | I(00) — 50 % II(A0) — 50 % |
I(00) — 25 % II(A0) — 50 % II(AA) — 25 % |
II(AA) — 50 % II(A0) — 50 % |
I(00) — 25 % II(A0) — 25 % III(B0) — 25 % IV(AB) — 25 % |
IV(AB) — 50 % III(B0) — 50 % |
II(AA) — 25 % II(A0) — 25 % III(B0) — 25 % IV(AB) — 25 % |
II(AA) | II(A0) — 100 % | II(AA) — 50 % II(A0) — 50 % |
II(AA) — 100 % | IV(AB) — 50 % II(A0) — 50 % |
IV(AB) — 100 % | II(AA) — 50 % IV(AB) — 50 % |
III(B0) | I(00) — 50 % III(B0) — 50 % |
I(00) — 25 % II(A0) — 25 % III(B0) — 25 % IV(AB) — 25 % |
IV(AB) — 50 % II(A0) — 50 % |
I(00) — 25 % III(B0) — 50 % III(BB) — 25 % |
III(BB) — 50 % III(B0) — 50 % |
II(A0) — 25 % III(B0) — 25 % III(BB) — 25 % IV(AB) — 25 % |
III(BB) | III(B0) — 100 % | IV(AB) — 50 % III(B0) — 50 % |
IV(AB) — 100 % | III(BB) — 50 % III(B0) — 50 % |
III(BB) — 100 % | IV(AB) — 50 % III(BB) — 50 % |
IV(AB) | II(A0) — 50 % III(B0) — 50 % |
II(AA) — 25 % II(A0) — 25 % III(B0) — 25 % IV(AB) — 25 % |
II(AA) — 50 % IV(AB) — 50 % |
II(A0) — 25 % III(B0) — 25 % III(BB) — 25 % IV(AB) — 25 % |
IV(AB) — 50 % III(BB) — 50 % |
II(AA) — 25 % III(BB) — 25 % IV(AB) — 50 % |
Արեան Խումբի Որոշում
ԽմբագրելԱրեան խումբերը կ'որոշեն չափորոշիչ շիճուկներու օգնութեամբ, արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ իզոհակածիններ յայտնաբերելու միջոցով։ Աւելի գործնական նշանակութիւն ունի ABO համակարգի արեան խումբի բացայայտումը, ընդ որում, կ'որոշեն ոչ միայն արեան կարմիր մարմնիկներու իզոհակածինները, այլեւ շիճուկի իզոհակամարմինները։ ABO համակարգի արեան խումբի որոշման համար կը կատարեն ակլուտինացման հակազդեցութիւն (շիճուկի համապատասխան հակամարմիններով արեան կարմիր մարմնիկներու սոսնձում), որ կը կատարեն թրջուող մակերեւոյթով սպիտակ թիթեղիկի վրայ, սենեկային ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ։ Վերջնական արդիւնքը կ'ըլլայ մանր, կարմիր հատիկներու առաջացումը, որոնք կազմուած են սոսնձուած արեան կարմիր մարմնիկներէ (դրական հակազդեցութիւն) կամ փոփոխութեան բացակայութիւնը (բացասական հակազդեցութիւն)։
Տես Նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «RBC compatibility table»։ American National Red Cross։ December 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-08-04-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ հուլիսի 15
- ↑ Blood types and compatibility bloodbook.com