Արիստակէս Տիրացու
Արիստակէս Տիրացու (Յովհաննէսեան, 1812[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1878[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), նշանաւոր տաճկահայ երաժիշտ։
Արիստակէս Տիրացու |
---|
Ծաղկեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ ԺԹ-րդ դարուն, երբ դեռ չէր կանոնաւորուած Հայկական ձայնագրութիւնը։ Ապա կամաց-կամաց կը սկսէր վերակենդանանալ՝ շնորհիւ ժամանակի երաժշտագէտներուն։ Այդ երաժշտագէտներու շնորհիւ եւրոպական ձայնագրութիւնը կանոնաւորեցաւ։ Շարականներու մէջ՝ ի հնուց եղած ձայնանիշներէն, կազմեցին հայկական ձայնանիշներու ութնեակը (փօ, է, վէ, բէ, խօ, նէ, պա եւ փօ երկրորդական)։
Արիստակէսը անդրանիկ ձայնագրագէտներից մէկն էր եւ 40 տարիի չափ ձայնագրութեան ուսուցիչ եղաւ։ Ունեցաւ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք ցրուեցան գաւառները եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն ցոյց տուին։ Այս նշանաւոր տիրացուն կը մահանայ Կ. Պոլիս 13 Ապրիլ 1878-ին՝ խոր ծերութեան մէջ։
Աղբիւր
Խմբագրել- Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Հայկ ՏԷր-Աստուածատուրեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 148։