Արհեստական Ջղաբջիջային Ցանց
Արհեստական Ջղաբջիջային Ցանց (Անգլ.՝ Artificial Neural Networks, ANN), նաեւ՝ Արհեստական Ջղային Ցանց, Արհեստական Նեարդային Ցանց, Արհեստական Նեարդաբջիջային Օղահիւսք, Նեարդային Ցանց եւ Ջղային Ցանց (Neural Nets, NN)[1]: Կենսաբանական (կամ բնական) ջղային ցանցերէն ներշնչուած Համակարգչային դրութիւններ (համակարգեր), որոնք կը կազմեն ու կը յօրինեն անասնական ուղեղներ։[2]
Կիրարկութիւն
ԽմբագրելԱրհեստական Ջղաբջիջային Ցանցերը կարելի է գործածել որեւէ մէկ ծիրի մէջ, ուր կարիքը կայ մեծ քանակութեամբ տուեալներու վերլուծման, կաղապարներու եւ ուղղութիւններու նոյնացման (ճանաչման), եւ այս տուեալներուն հիման վրայ գուշակութիւններ կատարելուն։[3]
«ԱՋՑ»ի կիրարկութեան դաշտերէն կարելի է յիշել՝
- Դէմքի Ճանաչում՝[3] «ԱՋՑ»երը կարելի է օգտագործել դէմքի ճանաչման համար, որ կը գործածուի իմաստուն բջիջային հեռաձայններու պաստառներուն կապանքը արձակելու։[4]
- Խօսքի ճանաչում եւ բնական լեզուի մշակում,
- Բժշկական ախտաճանաչում եւ բուժման ծրագրաւորում,
- Նկարի մշակում եւ նշանագիրերու (տառերու) ճանաչում,
- Անջրպետա-սաւառնագիտութիւն եւ պաշտպանութիւն (Aerospace),
- Մարդամեքենագիտութիւն,
- Խարդախութեան յայտնաբերում,
- Սակարանի կանխատեսումներ, արժեթուղթերու կամ բաժնետոմսերու շուկայ:
Նեարդային ցանցերը եւ կրթական համակարգը
ԽմբագրելՀամատարած դարձած «ChatGPT»ն կ'օգտագործուի ե՛ւ աշակերտներու ե՛ւ ուսանողներու կողմէ, ուր նեարդային ցանցը անոնց կ'օգնէ կատարելու իրենց տնային աշխատանքները:
Նեարդային ցանցերու ներխուժումը կրթական համակարգ արագօրէն կը փոխէ սորվելու եւ տեղեկատուութեան հետ փոխազդելու ձեւը: Արհեստագիտութեան զարգացման զուգընթաց, աշակերտները ինքնուրույն կը յայտնաբերեն հարուստ հնարաւորութիւններ, իսկ մանկավարժները նոր ուղիներ կը փնտռեն՝ ուսման որակը եւ ուսանողներու ներգրաւումը բարելաւելու համար:
Նեարդային ցանցը կրնայ ակնթարթի մը մէջ ամփոփել մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւն, միաժամանակ պատրաստել տասնեակ անհատական առաջադրանքներ՝ հիմնուելով մէկ օրինակի վրայ[5]։
Նեարդային Ցանցերը եւ ինքնակառավարուող ինքնաշարժները
ԽմբագրելՆեարդային ցանցերը լայնօրէն կ'օգտագործուին նաեւ ինքնակառավարուող ինքնաշարժներու պարագային: Հոն հիմնական հիմնական հարցը կը կայանայ անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու մէջ եւ այդ իսկ պատճառով, հանրութիւնը տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու զանոնք: Ինքնակառավարուող ինքնաշարժները սարքաւորուած են բազմատեսակ ճանաչողական համակարգերով, որոնք կ'օգնեն տեղեկութիւններ ստանալու միջավայրի, վայրի եւ մարմիններու շարժման ուղղութեան մասին, եւ որպէսզի կարգաւորեն ընթացքը՝ արագութիւնը, յետագիծը եւ այլն։
Պատկերի ստեղծում
ԽմբագրելՆեարդային ցանցերը կարելի է մարզել ոչ միայն ճանչնալու, այլեւ պատկերներ ստեղծելու համար, հակառակ անոր, որ զայն իրագործելը աւելի դժուար է, քանի որ անիկա կը պահանջէ աւելի լաւ պատկերացումներ դէմքի յատկութիւններու մասին եւ ոչ միայն ուղղակի դէմքի ճանաչում։ Այս ոլորտին մէջ առաջին աշխատանքները տպագրուած են 2010-ականներու սկիզբին: 2014-ին Ալեքսէյ Դոսովիցկի հրապարակած է յօդուած մը՝ յատուկ աթոռներու պատկերներու ստեղծման, որ բաւական բարդ դաս է։ Այս յօդուածը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է հետազօտողներու շրջանակին մէջ, որոնք սկսած են պատկերներու ստեղծման նոր միջոցներ մշակել:
Մեքենայական թարգմանութիւն
ԽմբագրելՄեքենայական թարգմանութիւնը կախեալ է յաջորդականութեան աշխատանքէն, օրինակ՝ լեզուի մը մէջ գոյութիւն ունի բառերու մուտքային յաջորդականութիւն մը՝ արտայայտութեան կամ ամբողջ պարբերութեան մը մէջ, ուստի պէտք է այդ նոյն յաջորդականութիւնը պահպանուի այլ լեզուով:
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Hardesty, Larry (14 April 2017). "Explained: Neural networks". MIT News Office. Retrieved 2 June 2022.
- ↑ Yang, Z.R.; Yang, Z. (2014). Comprehensive Biomedical Physics. Karolinska Institute, Stockholm, Sweden: Elsevier. p. 1. ISBN 978-0-444-53633-4. Archived from the original on 28 July 2022. Retrieved 28 July 2022.
- ↑ 3,0 3,1 8 Applications of Neural Networks Analytics Steps 27 Օգոստոս 2021 Արտագրուած է՝ 15/7/2023-ին։
- ↑ «What Is Face Detection and How Does It Work?»։ Enterprise AI (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-07-16(անգլերէն)
- ↑ Նեարդային Ցանցերը