Արհեստաքուն
Արհեստաքունը արթնութեան եւ քունի միջեւ պահ մըն է: Անիկա բնական քունին կը նմանի, սակայն ենթագիտակցական է: Հին Յունաստան Հիփնոս անունով քունի աստուած մը ունէր, որմէ՝ յունարէն լեզուին «քուն» բառը: Ուրեմն, hypnosis-ը դիցաբանական անունէն կու գայ: Անիկա արհեստականօրէն յառաջ բերուած քնանման դրութիւնն է, զոր կարելի է «արհեստաքուն» կոչել, իսկ արհեստաքունի յառաջացման գործընթացը՝ «արհեստական քնաբերութիւն»: Արհեստական քնաբերը կամ հիփնոսացնողը զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է ընդհանրապէս[1][2]:
Արհեստական քնաբերութիւնը կը կատարուի երկու դիրքով՝ պառկած եւ հորիզոնական կամ բազկաթոռի մը մէջ նստած:
Անիկա հետեւեալ կերպով կ'իրագործուի՝
- Պատրաստութիւն: Նախ հիփնոսացնողը ենթակային կը բացատրէ արհեստական քնաբերութեան նպատակը, իմաստը, եւ գործընթացը: Ապա կ'իմանայ անոր համոզուած ըլլալը, եւ պատրաստակամութիւնը արհեստաքնանալու:
- Թելադրական ազդում: Հիփնոսացնողը որոշ միջոցներով, օրինակ՝ ձեռքի եւ մատներու շարժումներով ու բանաւոր թելադրութիւններով, կ'ազդէ ենթակային վրայ, ու զայն կը մղէ մարմնական, մտային, հոգեկան հանդարտութեան եւ թուլացումի:
- Խորացման թելադրութիւններ: Թելադրութիւններու տարափին տակ՝ ենթական կը խորանայ իր հանդարտութեան եւ թուլացումին մէջ ու կը յանձնուի քնանման վիճակին:
- Զերծումի թելադրութիւններ: Հիփնոսացնողին միօրինակ, կրկնուող, մեղմ եւ խորհրդաւոր թելադրութիւններով՝ ենթական արտաքին գրգիռներէն բոլորովին կը զերծուի ու կը մտնէ կատարեալ հանդարտութեան, թուլացումի եւ քնանման վիճակի մէջ:
- Ելք: Ենթական դուրս կը բերուի արհեստաքունէն:
Յաւելեալ
ԽմբագրելԸստ մասնագէտ հիփնոսացնողներու՝
Խմբագրել- Արհեստաքունը թելադրութեամբ յառաջացած ենթագիտակցական (subconscious) վիճակ մըն է.
- Անգիտակցութեան (unconsciousness) ձեւ մը չէ անիկա.
- Միտքը ղեկավարող սատանայական եւ դիւային միջոցառում մը չէ.
- Անոր մէջ ենթական արթուն կ'ըլլայ, բայց մասնակի գիտակցութեամբ մը, որ ենթագիտակցական է.
- Ենթական կ'ունենայ ներքին հակամէտութիւն մը, որ շուտով եւ դիւրաւ կ'ազդուի հիփնոսացնողին որեւէ թելադրութենէն.
- Արհեստաքունը տեղի կ'ունենայ անհատի մը պատրաստակամութեամբ, փափաքով եւ որոշումով եւ ոչ թէ ստիպողաբար.
- Արհեստական քնաբերութեան ընթացքին՝
- Ենթակային կամքը կը նուաճուի եւ կը գործէ հիփնոսացնողին թելադրութիւններուն համաձայն.
- Ան տեղեակ կ'ըլլայ իր շրջապատին, սակայն կ'անտեսէ զայն: Կը լսէ, կը զգայ, կը հոտոտայ, կը հասկնայ եւ կ'ըմբռնէ.
- Անոր ենթագիտակցութիւնը կ'ըլլայ աւելի կեդրոնացած. կը փոխադարձէ հիփնոսացնողին թելադրութիւններուն.
- Ան կը կարծէ որ ժամերով քնացած է, հակառակ անոր, որ միայն քանի մը վայրկեան գտնուած կ'ըլլայ այդ վիճակին մէջ.
- Կը յիշէ բազմաթիւ եղելութիւններ, որոնք անտեսուած կամ մոռցուած էին իր առօրեայ կեանքին ընթացքին.
- Կ'իջնէ իր ներաշխարհին մէջ եւ ինքզինք կը գտնէ հոն պահուած եւ սեփական անձին համար կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթներուն դիմաց.
- Կ'ունենայ հոգեւոր (spiritual) կամ զգացական ապրումներ.
Արհեստաքունէն ետք՝
Խմբագրել- Ենթական կը յիշէ ամէն բան, որ պատահած էր արհեստաքունին մէջ։ Եւ եթէ այն ատեն կարգ մը արարքներ թելադրուած էին յետ արթնացման կատարելու համար՝ կը գործադրէ զանոնք.
- Կրնայ ունենալ ժամանակաւոր եւ անցողակի
- Արեան ճնշում, սիրտի զարկի եւ շնչառութեան նուազում՝ իբրեւեւ հետեւանք մարմինի թուլացման եւ միտքի հանդարտեցման.
- Յիշողութեան թեթեւ տկարացում.
- Արտայայտութիւն ոչ-իրական կամ հնարուած պատմութիւններու (confabulations).
- Գլխացաւ, գլխապտոյտ եւ նողկանք.
- Անձկութիւն, սարսափ եւ խուճապի զգացում:
Արհեստական քնաբերութիւնը օգտագործուած է՝
Խմբագրել- Բեմական նպատակներու համար՝ որպէս հաճելի ժամանցի եւ խնդուքի միջոց կամ որպէս «հրաշագործութիւն»: Այս կերպը կը կոչուի «բեմական արհեստաքուն» (stage hypnosis)[4][5]:
- Բժշկական նպատակներու համար, որպէս բուժիչ դարմանամիջոց: Այս կերպը կը կոչուի «բուժական արհեստաքուն» (հypnotherapy):
Յաջողութիւն
ԽմբագրելԲեմական արհեստաքունը եւ բուժական արհեստաքունը կը յաջողին, երբ հիփնոսացուողը ունենայ՝
- Մղում (motivation).
- Թուլացում-հանդարտեցում (relaxation).
- Կեդրոնացում (concentration).
- Արտաքին գրգիռներէ զերծում:
Բեմական արհեստաքնութեան օգտագործում
ԽմբագրելՀիփնոսացնողը սրահին մէջ գտնուող ներկաներէն բեմ կը հրաւիրէ կամաւոր մը: Ապա հանրութեան եւ ենթակային կը բացատրէ արհեստաքունին նպատակը, իմաստը եւ գործընթացը:
Ան կ'իմանայ ենթակային համոզուած ըլլալը եւ պատրաստակամութիւնը արհեստաքնանալու, ապա կը հիփնոսացնէ զայն:
Հիփնոսացնողը որոշ միջոցներով՝ ձեռքի եւ մատներու շարժումներով ու բանաւոր թելադրութիւններով կ'ազդէ ենթակային վրայ ու զայն կը մղէ մարմնական, մտային եւ հոգեկան հանդարտութեան եւ թուլացումի:
Գործնականապէս, հիփնոսացնողը կ'օգտագործէ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ թեքնիքներէն մէկը, որ ենթակայի աչքերուն սեւեռումն է:
Ան ենթակայի աչքերէն 20-40 սմ. հեռաւորութեամբ եւ անոր ճակատէն քիչ մը վեր, փայլուն շողացող պզտիկ առարկայ մը կը բռնէ իր ձախ ձեռքի բթամատին, ցուցամատին եւ միջնեմատին միջեւ ու կը թելադրէ անոր, որ սեւեռելով շարունակ նայի փայլուն առարկային, ինչպէս նաեւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ միայն փայլուն առարկային վրայ։ Երբ ենթական կը կատարէ թելադրուածները, քանի մը վայրկեան ետք անոր աչքերուն բիբերը կը կծկուին եւ կարճ ժամանակ մը ետք կը լայննան: Մինչ այդ հիփնոսացնողը միօրինակ, մեղմ եւ կրկնուող թելադրութիւններով իր աջ ձեռքի մատները իրարմէ հեռու կը պահէ եւ փայլուն առարկային մօտեցնելէ ետք կը տանի դէպի ենթակային աչքերը, որոնք ակամայ կը գոցուին թեթեւ թրթռացումով: Ենթական կը մղուի յաւելեալ թուլացումի եւ հանդարտութեան ու կը լսէ հիփնոսացնողին հանդարտ խօսքերը եւ թելադրանքները, որոնք յաճախ զաւեշտական կամ զարմանալի կը թուին. օրինակ՝ «աչքերդ պիտի գոցուին», «հիմա գոցուեցան», «յոգնած պիտի զգաս», «սկսար յոգնելու», «գլխու ծանրութիւն պիտի ունենաս», «արդէն սկսար ունենալու», «դուն պիտի երգես հանրածանօթ երգիչի մը նման», «պիտի գծես աշխարհահռչակ գծագրիչի մը նման» (անուններ կը յիշէ): Հոս հիփնոսացուողին ենթագիտակցութիւնը կը գործէ եւ ան կը գործադրէ իրեն թելադրուած հրամանները: Այս բոլորէն ետք, հիփնոսացնողը դարձեալ իր թելադրանքներով ենթական կը մղէ դուրս գալու արհեստաքունէն, որ տեղի կ'ունենայ շատ արագ:
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Encyclopaedia Britannica, 2004: "a special psychological state with certain physiological attributes, resembling sleep only superficially and marked by a functioning of the individual at a level of awareness other than the ordinary conscious state".
- ↑ Erika Fromm, Ronald E. Shor (2009)։ Hypnosis: Developments in Research and New Perspectives։ Rutgers։ ISBN 978-0-202-36262-5։ արտագրուած է՝ 27 September 2014
- ↑ Weitzenhoffer & Hilgard (1959)։ Stanford Hypnotic Susceptibility Scales, Forms A & B.։ Palo Alto, CA: Consulting Psychologists Press
- ↑ "History of the Stage Hypnotist and Stage Hypnosis Shows." Archived 2017-12-01 at the Wayback Machine.. stagehypnosisshow.co.uk. Retrieved on 2015-01-23.
- ↑ Wier Dennis R (1996)։ Trance: from magic to technology։ Ann Arbor, Michigan: TransMedia։ ISBN 1-888428-38-4Կաղապար:Page needed
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 29 Յունուար 2016: