Արմաւիր քաղաք (Ռուսիա)

Արմաւիր, քաղաք՝ Կրասնոտարէն 202 քմ հեռաւորութեան վրայ, հիմնադրուած՝ լեռնցի հայերու կողմէ, ԺԹ. դարուն:

Բնակավայր
Արմաւիր քաղաք
ռուս.՝ Армавир
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Ռուսիա[1]
Հիմնադրուած է՝ 1839
Տարածութիւն 280 քմ²
ԲԾՄ 190 մեթր
Բնակչութիւն 190 709 մարդ (1 Յունուար 2018)[2]
Ժամային գօտի UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 86137
Փոստային ցուցանիշ 352900–352906, 352909, 352910, 352912, 352913, 352915, 352916, 352918, 352919, 352922–352924, 352930–352932 եւ 352949
Պաշտօնական կայքէջ armawir.ru(ռուս.)

Երբ իսլամութիւնը կը սկսի արմատաւորուիլ, հայեր եւ այլ քրիստոնեայ ազգեր ձեւով մը կը յաջողին պահպանել իրենց ինքնութիւնը: Անոնք 1839-ին այլ ժողովուրդներու հետ կը հաստատուին Ուրուպ գետին մօտակայքը եւ կըհիմնեն բազմազգեան` հայկական գիւղը[3]:

1848-ին այս բնակավայրը կը ստանայ Հայաստանի մայրաքաղաքներէն մէկուն` Արմաւիրի անունը: Այժմ քաղաքին մէջ 15 հազար հայ կ'ապրի: Քաղաքի բնակչութեան թիւը 2010-ին 189 հազար էր:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել