Արմենակ Պաքըրճեան

Արմենակ Պաքըրճեան (Օրհան Պաքըր) (1953, Տիգրանակերտ13 Մայիս 1980, Խարբերդ), Խարբերդ Քարաքոչանի մէջ սպաննուած, TİKKO (Թուրքիոյ Բանուորներու եւ Գիւղացիներու Ազատական Բանակ) եւ TKP/ML (Թուրքիոյ Կոմինիստական Կուսակցութիւն/Մարքսիստ Լենինիստ)ի առաջնորդական յեղափոխական ու Թուրքիոյ սոցիալիստական պայքարի անդամ: Կուսակցութեան մէջ մտած ժամանակ, անունը Օրհան ըլլալով փոխած է, որպէսզի իր ժողովուրդն ու մօտիկները չի վնասուին:[1]

Արմենակ Պաքըրճեան
Պատկեր:Orhanbakir (1).png
Ծնած է 1953
Ծննդավայր Տիգրանակերտ
Մահացած է 13 Մայիս 1980
Ազգութիւն Հայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախակրթական եւ միջնակարգական ուսումը կը ստանայ Տիգրանակերտի մէջ։ Լիկէոն կարդալու համար կ'երթայ Պոլիս (Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Վարժարան): Հոն կը ծանօթանայ Հրանդ Տինքի հետ, որ կը յառաջացնեն իրենք զիրենք եւ նոյն ձախակողմեան կուսակցութեան անդամ կը դառնան: Պաքըրճեան, յեղափոխական մտածումներուն կը ծանօթանայ համալսարանի տարիներուն եւ նոյն տարիներուն կը մտնէ TKP/ML: Իր պայքարը մասնաւորաբար ծանրացած է Տէրսիմ եւ շրջակայքը: Ոստիկանութիւնը, TKP/ML-TİKKO-ին գործողութիւններուն խտացած ժամանակ կը յափշտակէ կուսակցութեան շէնքը եւ կուսակցութեան անդամէ մը կը սորվին Արմենակ Պաքըրճեանի անունը: Արմենակը կը բանտարկուի «կուսակցութեան անդամ» ամբաստանութեամբ ու կը բանտարկուի: Ընկերները առիթ գտնել կ'ուզեն Արմենակը ազատելու համար: Արմենակ երբ հիւանդանոց կ'երթայ, կը փախցնեն զինք:

Իր կտակն էր Տէրսիմի Ֆարաչ գիւղը (Մեծկերտ) թաղուիլ: Պաքըրճեան կը սպաննուի 13 Մայիս 1980-ին Խարբերդի մէջ, որոգայթով եւ պետութեան կողմէ կը թաղուի անոքներու գերեզման: Իր ընկերները կը գողնան Արմենակի մարմինը ու Ֆարաչ գիւղը կը թաղեն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Արմենակ Պաքըրճեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-20 
  2. «Արմենակ Պաքըրճըեանի Դամբարանի Բացում Տերսիմի Մէջ» 

Աղբիւրներ

Խմբագրել