Արմենակ Քհնյ. Տօնաթոսեան
Արմենակ Քհնյ. Տօնաթոսեան, աւազանի անունով, Յովհաննէս, որդի Մարտիրոսի եւ Վարվառի, ծնած է Ակնայ Մաշկերտ գիւղը, 1860-ին։
Արմենակ Քհնյ. Տօնաթոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1860 |
Ծննդավայր | Ակնայ Մաշկերտ գիւղ |
Մահացած է | 7 Ապրիլ, 1909 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Քահանայ |
Երեխաներ | Մարիամ, Արաքսի, Աննիկ, Անահիտ, Տիգրան եւ Թոկօ |
Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանին մէջ, զոր փայլուն նիշերով աւարտելէ ետք, որդեգրած է ուսուցչական ասպարէզը։ Երկու տարի կրթական պաշտօն վարելէ ետք, տնտեսական փայլուն վիճակ մը ունենալու հեռանկարով մեկնած է Հալէպ եւ ծանօթ վաճառականի մը քով գրագրութեան պաշտօն վարած է քանի մը տարիներ։
Նիւթական վիճակը բարելաւելէ ետք, պատրաստուած է ամուսնութեան։ Իր կեանքի ընկերը ընտրած է Հայրապետական ընտանիքի դուստրը՝ որդ. Եղիսաբէթը, որուն հետ պսակուած է իր ծննդավայրին մէջ 1880-ին եւ ունեցած է վեց զաւակներ՝ Մարիամ, Արաքսի, Աննիկ, Անահիտ, Տիգրան եւ Թոկօ։
Առօրեայ իր աշխատանքին կողքին, հետեւած է ազգային իրադարձութիւններուն ու կրթական կեանքին։ Անտիոքի Առաջնորդն ու Ազգ. Իշխանութիւնը զինք հրաւիրած են Անտիոք՝ ուսուցչական պաշտօնի։ Ան լքած է ազատ ասպարէզը ու փոխադրուած Անտիոք եւ 1881-82 տարիներուն ստանձնած է կրթական գործը։ Իր նուիրածութիւնն ու կրթական կեանքի ընդունակութիւնը մեծապէս նպաստած են սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան գործին։ Իր կրթական ու ազգային ծառայութեամբ, աշակերտներուն ու ժողովուրդին համար դարձած է յարգելի ու սիրելի ուսուցիչ։
1909-ին, տեղի կ'ունենայ Ատանայի ջարդը եւ կը շարունակուի մինչեւ Անտիոք։ Զոհ կ'երթան հարիւր հազարաւոր հայեր եւ Ատանան կը վերածուի սպանդանոցի ու աւերակի։ Այդ օրերուն է, որ թուրք խուժանը կը ձերբակալէ Տ. Արմենակն ու քսան տարեկան Տիգրան անունով իր զաւակը եկեղեցւոյ մէջ: Տիգրանը բազմաթիւ չարչարանքներու ենթարկելէ ետք, իր հօր ձեռքերուն վրայ կը սպանեն եւ ապա կը խողխողեն Տ. Արմենակ քահանան, 7 Ապրի, 1909-ին, Ս. Աւետեաց տօնին։ Այսպէս հայր եւ որդի կը նահատակուին վասն հաւատոյ եւ վասն ազգին մերոյ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 374։