Արշակ Գազազեան, հայ բժիշկ, դեղագործ։

Արշակ Գազազեան
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Օսմանեան Կայսերական բժշկական վարժարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Կ. Պոլսի Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոց

Աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան Կայսերական բժշկական վարժարանը՝ ստանալով բժիշկ-դեղագործի մասնագիտութիւն։ 1899 - 1909 թուականներուն եղած է արտաքին բաժինի մնայուն օգնական բժիշկ, Կ. Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցէն ներս։ Եղած է հանրային գործիչ։ 1915 թուականի Ապրիլին, բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած՝ Չանղըրը։

Արշակ Գազազեանի անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Կ՛ենթադրուի, որ ան փրկուած է անխուսափելի մահէ ու վերապրած։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց, Կ. Պոլսի, 1905։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Վիեննա, 1922։
  • Ազգային հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարած բժիշկները, Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի, Իսթանպուլ, 1939։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Յարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Աւագեան Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւան, 2002։
  • Աւագեան Կարինէ, «Չանղըրըի 1915 թ. Ապրիլի 11, Յիշատակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հանդէս Ամսօրեայ», 2008, հ. 1-12։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։