Արսէն Ա. Քհնյ. Սարգիսեան
Տ. Արսէն Ա. Քհնյ. Սարգիսեան, աւազանի անունով Խաչիկ, որդի Կարապետի եւ Մարիի, ծնած է Տիգրանակերտցի ծնողքէ, Հալէպ, 1943 թուականին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ԱԶԳ. Հայկազեան Վարժարանէն, զոր աւարտած է 1958 թուականին։ Ապա, եկեղացական պատրաստութեան համար մեկնած է Անթիլեասի Դպրեվանքը 1958 թուականին ու տարիներ ժառանգաւորաց ուսանելէ ետք, 1961 թուականին, ան վերադարձած է ծննդավայր։ 1961 թուականին, ան կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ եւ չորս տարի կը պաշտօնավարէ Ռազգայի Ազգային նուպարեան վարժարանին, 1964-1970՝ Հալէպի Ազգային զաւարեան վարժարանին 1970-1977՝ Ազգային Հայկազեան վարժարանին եւ ապա՝ 25 տարի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։
Տ.Արսէն Ա.Քհնյ. Սարգիսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1943 թուականին |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Ան իր կեանքի ընկերը կ՛ընտրէ օրդ․ Զուարթ Տէյիրմէնճեանը, որուն հետ կը պսակուի 25 Յանուար 1976-ին, ձեռամբ՝ Տ․ Գարեգին Ա․ քհնյ․ Քիրադեանի, Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եւ կ՛ունենայ երեք զաւակներ՝ Կորիւն, Ռազմիկ եւ Մեղրիկ։
Ժամանակ մը ետք, իր մէջ կրկին կ'արթննայ եկեղեցական դառնալու փափաքը։ Ան համոզուելէ ետք, կ՛որոշէ Անթիլիասի դպրեվանք մեկնիլ եւ 1977-ին կրկին կը դառնայ դպրեվանքի ուսանող եւ մէկ տարի Գ․ դասարանի ընծայարանի դասաւանդութեանց հետեւելէ ետք, կը վերադառնայ Հալէպ քահանայ ձեռնադրուելու համարր։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՛ունենան ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Սուրէն Արք․ Գաթարոյեանի, Ս․ Քառաստնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 30 Յուլիս 1978-ին, վերակոչուելով տէր Արսէն քհնյ․։
Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ՝ ան այցելու հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ռազգայի ու Թէլ Ապիատի փոքրաթիւ հայկական գաղութներուն, ինչպէս նաեւ մնայուն քարտուղար Ազգային Առաջնորդարանի Կալուածոց հոգեբարձութեան։ Այսպէս, քանի մը տարիներ Հալէպի մէջ կը պաշտօնավարէ առանց ծխական ժողովուրդ ունենալու։
1982-ին կը դադրի Առաջնորդարանի պաշտօնեայ ըլլալէ եւ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Հալէպի Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ։ Առաջնորդին թելադրութեամբ, Տ․ Գարեգին Ա․ քհնյ․ Քիրադեան հօր կը փոխանցէ 450 ընտանիք։
Առ այսօր տէր հայրը կը քահանայագործէ համանուն եկեղեցւոյ մէջ, գործակից ունենալով Տ․ Գարեգին Ա․ քհնյ․ Քիրադեանը, ապա Տ․ Նարեկ քհնյ․ Զերենցեանը, իսկ աւելի ուշ՝ Տ․ Խորէն քհնյ․ Պէրթիդլեանը։ Ան իբրեւ եւ այցելու հոգեւոր հովիւ քանի մը տարի կը ծառայէ Ռազգայի մէջ եւ ապա 20 տարի Թէլ Ապիատի հայ գաղութին ամիսը անգամ մը պատարագելով։
Եկեղեցական ձեռնադրութենէ ետք, դարձեալ կը շարունակէ կրթական գործը, կրօն դասաւանդելով Ազգ.Քարէն Եփփէ ճեմարանի միջնակարգի աշակերտութեան։ Ան կոչուած է Վարչական պաշտօններու։ Երկար տարիներ եղած է ատենադպիր նախ դատաստանական խորհուրդի եւ ապա վերաքննիչ Ատեանի։ Այժմ կը շարունակէ վարել ատենադպրութեան պաշտօնը նախադատ Ատեանի։ Եղած է քարտուղար կալուածոց հոգարարցութեան։ ժամանակ մնալ եղած է ուսումնական խորհուրդի անդամ ու գործավար։ Քանի մմը շրջաններ վարա է ատենապետութիւն պաշտօնը կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդի կամ կիրակնորեայ դպրոցներու վարչութեան։ Անդամ եղած է թէմիս «Օշական» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին։ Անդամ է կրօնական ժողովին եւ Ազգ. գաւառական ժողովի երեսփոխան։ Ձարդ կը շարունակէ նոյն պաշտօնները։ Շրջան մը աշխատակցած է նաեւ Ուսումնական խորհուրդի հրատարակած մատենաշարին։ Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան, ան ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք 1988 ին, Գարեգին Բ, Կաթողիկոսին մեծի Տանն Կիլիկոյ։ Իսկ սեւ Ծաղկեայ փիլոն՝ Արամ Ա. Վեհափառէն 1999 ին։ Ապա, Աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս 2007 ին, դարձեալ Արամ Ա. կաթողիկոսէն մեծի Տանն Կիլիկիոյ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր Բ, Հալէպ, էջ էջ309։