Արցախի Տիգրանակերտ Եկեղեցւոյ Ճարտարապետութիւնը

Արցախի Տիգրանակերտը, որ կը գտնուի Ասկերանի շրջանի Խաչենգետ ներգնահովիտին մէջ՝ գետէն հարաւ ինկած Վանքասար կոչուող լերան համեմատաբար ցած բարձունքներէն մէկուն վրայ եւ այդ լանջին կից գոգաւորութեան մէջ՝ Արքայական աղբիւրներու (Շահբուլաղ) հարեւանութեամբ, կը կրէ Տիգրան Մեծի անունը։

Տիգրանակերտի Տարածքը

Խմբագրել

Տիգրանակերտը 10 տարի ենթարկուած է հնագիտական հետազօտութիւններու։ Անոր տարածքը 70 հա է։ Պեղումներու արդիւնքով, որոնք կատարուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբը՝ պ.գ.դ. Հ. Պետրոսեանի առաջնորդութեամբ, ուրուագծուած է քաղաքի հիմնական կառոյցը։

Եկեղեցւոյ Յատակագծային Եւ Ծաւալատարածական Յօրինուածքը

Խմբագրել

Տիգրանակերտի Կեդրոնական թաղամասի տարածքին կառուցուած է վաղքրիստոնէական եկեղեցին։ Մինչեւ այս պեղումները` արդէն բացուած վեհաշուք տաճարի տեղին վրայ կ'երեւէին միայն կառոյցին պատկանող կրաշաղախի քանի մը խոշոր զանգուածներ եւ արեւելք-արեւմուտք առանցքով ձգուած փոսորակը։ Պեղումներու շնորհիւ, որոնք կատարուած են հնագէտներ՝ պ. գ. թ. Աղաւնի Ժամկոչեանի, պ. գ. թ. Թաթիանա Վարդանեսովայի եւ պ. գ. թ. Վարդգէս Սաֆարեանի կողմէ՝ Հ. Պետրոսեանի առաջնորդութեամբ մօտ 4 մ խորութեան մէջ բացուած են եկեղեցւոյ ճարտարապետական մնացորդները։

Արեւելքէն արեւմուտք ձգուող ուղղանկիւն աղօթասրահը (21,4 x 6,8 մ) արեւելքին վրայ կ'աւարտի ներսէն կիսաշրջանաձեւ` ոչ խորադիր (3,4 մ), դուրսէն հինգանիստ աբսիդով։ Պահպանուած են եկեղեցւոյ արեւելեան ճակատի աբսիդի հարաւային կողմի երկու նիստերը միայն (մէկ շարք բարձրութեամբ` 0,68 մ), որոնք կարելիութիւն են կու տան պարզելու նիստերու քանակը։ Դուրսէն հինգանիստ աբսիդով ներսէ թէ՛ կիսաշրջանաձեւ (Բայբուրդ, Ջրվէժ, Շողագավանք, Վանստան) եւ թէ՛ փայտաձեւ (Ոսկեվազ, Ջարջառիս, Էջմիածին, Պեմզաշէն) միանաւ եկեղեցիներ` յատակագծային տարբեր համաչափութիւններով յայտնի են նաեւ այլ տեղերու մէջ։

Տիգրանակերտի եկեղեցին կը բարձրանայ 28,85 x 11,25 մ չափերու ուղղանկիւն` եռաստիճան (1,2 մ բարձրութեամբ) որմնախարսխի վրայ, որ հիմնականին (բացառութեամբ արեւելեան, մասամբ նաեւ հարաւային կողմի) պահպանուած է եւ շէնքի պարագծային պատերուն արտաքին մակերեւոյթէն դուրս կու գայ 1 մ չափով։ Աստիճաններու բարձրութիւնը քիչ մը կը գերազանցէ անոնց լայնութիւնը (բարձրութիւնը հիմնականին 0,41 սմ է, իսկ լայնութիւնը` 0,33 սմ)։ Եռաստիճան բարձր որմնախարիսխը եկեղեցւոյ պատի արտաքին մակերեւոյթին մէկ մասն է եւ յատակէն բարձր է։ Հիմնախարիսխներու այսպիսի կառուցուածքը թելադրուած է երկրաշարժային ազդեցութիւններու նկատմամբ շէնքի դիմացկունութեան ուժեղացման անհրաժեշտութենէն։ Ատոնց միջոցով կը փոքրանար պատերու ստորին մասերու վրայ ինկող բեռնուածութիւնը։ Այսպիսի լուծումը կը նպաստէր նաեւ շէնքի գեղագիտական ընկալման` կը զօրանար շէնքի հոյակապ տպաւորութիւնը։ Արտաքուստ շեշտուած աբսիդով միանաւ եկեղեցին այսօր տեղադրուած է ուղղանկիւն հարթակի վրայ, ուր որմնախարիսխը չի կրկներ հինգանիստ աբսիդի ուրուագիծը։ Բացի անկէ, խորանի արտաքին նիստերը ծածկուած էին կրաշաղախի շերտով։ Եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը վաւերացուած այսպիսի իրավիճակ կը խօսի շինարարական երկու շրջանի եւ վերակառուցման մասին։ Հաւանաբար, արտաքուստ շեշտուած աբսիդը հետագային ներառուած է ուղղանկիւն պարագիծին մէջ։

Եկեղեցւոյ հարաւ-արեւելքէն կցուած է 4,9 x 3,45 մ ներքին չափերով սենեակ մը։ Այս կառոյցի հարաւային (որ եկեղեցւոյ հետ ընդհանուր է), արեւելեան եւ արեւմտեան պատերուն առաջին շարքի անկիւնաքարերը համաժամանակեայ են եկեղեցւոյ, որովհետեւ մեկնական կերպով կապուած են պազիլիքայի որմի հետ։ Նոյնը կարելի չէ ըսել սենեակի հարաւային ու արեւելեան պատերուն մասին (ասոնք ամբողջութեամբ վերակառուցուած են)։ Այս կցակառոյցի գործառոյթի եւ ծաւալի մասին դժուար է խօսիլը, որովհետեւ անիկա բաւական շատ վերակառուցուած եւ վերաօգտագործուած է։ Նախնական կառոյցէն պահպանուած են միայն վերը նշուած` եկեղեցւոյ հետ ընդհանուր որմին պատկանող քանի մը քարեր միայն։ Հնարաւոր կարելի է համարել, որ այս սենեակը կառուցուած է եկեղեցւոյ վերակառուցման ժամանակ, որովհետեւ արտաքինէն շեշտուած աբսիդով եկեղեցիները (Ջրվէժ, Ոսկեվազ, Ջարջառիս, Պեմզաշեն եւ այլն) սովորաբար կից կառոյցներ չունին ու արտաքին սրահ կամ որեւէ կառոյց ունեցող բոլոր միանաւ եկեղեցիներու աբսիդը առնուած է պատերու ուղղանկիւն պարագիծի մէջ։ Տուեալ պարագաներու գործ ունինք արտաքինէն շեշտուած աբսիդի հետ։

Եկեղեցւոյ հարաւ-արեւելեան մուտքին դիմաց` արտաքին կողմէն (ներկայիս 2,7 x 2, 5 մ չափերով) սալայատակ բացուած է, որ դէպի հարաւ կը շարունակուի։ Այս սալերը աւելի փոքր են, քան պազիլիքայի աղօթասրահի յատակասալերը։ Եկեղեցւոյ հարաւակողմին վրայ բացուած այս հատուածները թոյլ կու տան խօսելու, որ այստեղ ապագային նոր շինութիւններ եւս պիտի յայտնաբերուին։ Տիգրանակերտի միանաւ սրահը կառուցուած է կրաքարի կոպիտ կտորտանքներով եւ կրաշաղախով կապակցուած հիմքի վրայ։ Այսօր արդէն յստակեցած են եկեղեցւոյ արտաքին չափերը. 27,3 մ երկարութիւն եւ 9,3 մ լայնութիւն, գրաւած տարածքը՝ 253,89 քառ. մ։ Արցախի Տիգրանակերտի կեդրոնական թաղամասին մէջ պեղուած այս միանաւ սրահը Անդրկովկասի համանման ամենախոշոր կառոյցներէն մէկն է։ Անոր այդ ազդեցիկ չափերով ու շուրջը բացուած կառուցապատմամբ պայմանաւորուած է նաեւ հինգ մուտքի առկայութիւնը։ Ատոնցմէ չորսը հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն մէջ բացուած են. ամէն կողմի վրայ մէկ զոյգ (հարաւային կողմին վրայ 1,15 մ եւ 1,6 մ լայնութիւններով, հիւսիսայինին` 1,2 մ եւ 1,4 մ)։

Արեւմտեան մուտքը ունի 1,5 մ լայնութիւն։ Եկեղեցւոյ հարաւ-արեւելեան մուտքը արտաքին կողմէ վերակառուցումներու ենթարկուած է, որուն արդիւնքով որմնախարիսխի երրորդ աստիճանի օգտագործման հաշիւին պատը լայնցած է` հասնելով 1,6 մ-ի։

Մուտքերու այսպիսի «առատութիւն» վաղքրիստոնէական միանաւ սրահներուն մէջ չէ վաւերացուած։ Արտաքուստ շեշտուած աբսիդով եկեղեցիներուն մէջ առաւելագոյնը երկու մուտքեր կը հանդիպին (Բայբուրդ, Պեմզաշեն)։ Ընդհանրապէս վաղմիջնադարեան միանաւ սրահներու մուտքերը մեծ մասամբ արեւմտեան կողմին վրայ են, երբեմն հարաւային եւ արեւմտեան (Կառնուտ, Գառնի, Էջմիածին, Լեռնակերտ եւ այլն), քիչ հանդիպող` հիւսիսային եւ արեւմտեան (Դուին, Փաշվաք) կամ միայն հարաւային (Աւան, Ագարակ)։

Դուռերու բացուածքներուն ստորին նշագծումները (բացառութեամբ հարաւ-արեւելեան մուտքի) նոյնպէս չեն համապատասխաներ յատակի մակարդակին` անկէ բարձր են։ Հիւսիսային պատին մէջ բացուած մուտքերուն դիմաց` հիմնախարիսխի ստորին աստիճանի մակարդակին վրայ, դրուած են 0,5 x 0,6 մ չափերու մէկական քարեր։ Աղօթասրահի յատակը սալապատ է, որ նոյնպէս հիմնականին պահպանուած է։ Կը բացակային արեւմտեան կողմի յատակի սալերը։ Սալահատակը այս հատուածին մէջ աւելի քայքայուած է, որովհետեւ յատակը այստեղ նստուածք տուած է, որ պատճառ դարձած է սալերուն մէջ ճաքերու յառաջացման եւ, ի վերջոյ, անոնց փշրման ու քայքայման։ Սալայատակին զգալի վնաս հասցուցած է նաեւ եկեղեցւոյ աւերումէն ետք` անոր ներսը բնակելի եւ տնտեսական նպատակներով օգտագործելու հանգամանքը։ Յատակի սալերը ուղղանկիւնաձեւ են եւ ունին տարբեր չափեր (0,4 x 0,45 – 0,76 x 1,50 մ)։ Սալաքարերը, անընդհատ ոտքի տակ ըլլալով, բաւական ողորկ դարձած են. որոշ սալերու մէջ առկայ են նաեւ փոսիկներ։ Յատակի երկու սալաքարերուն վրայ փորագրուած են երկրաչափական պատկերներու պարզունակ համադրումներ (եռանկիւններ, քառակուսիներ, շեղանկիւններ)։ Մուտքերը (բացառութեամբ հարաւ-արեւմտեանի, որ ունի աղօթասրահի յատակի մակարդակը) աղօթասրահի յատակէն 10 սմ բարձրացած են։

Հետաքրքիր լուծում ունի եկեղեցւոյ ներքնատեսքը։ Բեմը 2,5 մ դէպի արեւմուտք երկարած է ու աղօթասրահի մակարդակէն բարձրացած՝ 0,5 մ։ Այս հատուածը ամբողջութեամբ սալապատուած է, որմէ դէպի աղօթասրահ կ'իջնեն երկու աստիճաններ։ Առաջադիր այս հարթակը, ըստ երեւոյթին, ժամանակին երեք կողմերուն (բացառութեամբ արեւելակողմի, ուր բեմին շարունակութիւնը կազմին մէջ է, եւ դէպի աղօթասրահ իջեցնող մուտքին) ցանկապատուած եղած է, որուն մասին կը վկայեն պեղումներէն յայտնաբերուած բազրիքի սիւնիկներու ճարտարապետական մանրամասներ։

Ներքին տարածութեան այսպիսի տրոհում կ'ենթադրուի նաեւ Զուարթնոցի տաճարին մէջ, ուր նոյնպէս գտնուած են սիւնիկ-բազրիքներ։

Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ ամենանշանակալից գտածոներէն մէկը կաւէ (8 սմ տրամագիծով) փոքրիկ սկաւառակն է։ Անոր մէկ երեսին վրայ փորագրուած է շրջանին ներգծուած հաւասարաթեւ խաչ, իսկ միւսին` մորթէ գլխարկ կրող, պեխ-մորուքով տղամարդու դիմապատկեր։ Սկաւառակն ունեցած է միջանցիկ երկու անցք, որոնց օգնութեամբ կապուած է ինչ-որ փաթոյթի կամ տուփի եւ իւրօրինակ «դրոշմակնիքի» դեր կատարած է։ Սկաւառակի վրայ կայ հայերէն արձանագրութիւն՝ «ԵՍ ՎԱՉ[է] (կամ ՎԱՉ[ԱԳԱՆ]) ԾԱՌԱՅ Տ[ԵԱՌՆ]»:

Սկաւառակը գտնելու հանգամանքներուն, պատկերագրութեան եւ հայերէն տառատեսակներուն քննութիւնը առիթը կու տայ զայն վերագրելու 5–7-րդ դարերուն։ Տիգրանակերտի եկեղեցիէն գտնուած այս սկաւառակը, փաստօրէն, Արցախի տարածքին յայտնաբերուած ամենահին հայերէն արձանագրութիւններէն մէկն է եւ Խաչենագետի ներքնահովիտի վաղքրիստոնէական-հայկական դիմագիծի լաւագոյն փաստարկը։

Շինարարական Արուեստի Հմտութիւնը

Խմբագրել

Տիգրանակերտի եկեղեցին կառուցուած է Վանքասարի հանքի կրաքարով։ Պատերը ամրացուած են այդ նոյն կրաքարէն ստացուած կրաշաղախով։

Եկեղեցւոյ արեւելեան մուտքին տակ խորացումը կարելիութիւնը տուած է պարզելու կառոյցի հիմքի եւ հիմնատակի կառուցման կերպը։ Եկեղեցին բնական ամուր հիմնատակ չունենալով, ինչպես Տիգրանակերտի ամրացած հատուածները, անոր համար արհեստական հիմնատակ պատրաստած են։ Պազիլիքայի հիմքը կրաշաղախով ամրացած միջին եւ մանր անկանոն քարերով շինուած 0,6 մ բարձրութեամբ հարթակն է, որմէ անցումը դէպի պատը շինուած է որմնախարիսխի միջոցով։ Մեծ մասամբ վաղմիջնադարեան պազիլիքաներու հիմքը այսպիսի եղանակով կը շինուէր։ Որոշ պարագաներու (Քասախի պազիլիքայի եւ Էջմիածինի Մայր տաճարի հնագոյն շէնքին մէջ) հիմքերը սրբատաշ քարերէն են։ Հիմքերը, իրենց վրայ կրելով կառույցի որմնախարիսխն ու պատերը, կը կրկնեն անոնց պարագիծը ու յատակագիծին կը հաւասարին որմնախարիսխի երրորդ աստիճանի լայնութեան։ Ընդհանրապէս միջնադարեան կառոյցներուն որմնախարիսխներն ու պատերը յատակագիծին կամ հաւասար են վերջիններուս լայնութեան, կամ քիչ մը աւելի լայն են։ Տիգրանակերտի պազիլիքայի որմնախարիսխները հաւասար են հիմքերու լայնութեան եւ եռաստիճան են։ Տեղանքի թեքութենէն ու շէնքի նշանակութենէն կախեալ՝ որմնախարիսխները վաղմիջնադարեան պազիլիքաներուն մէջ ունեցած են մէկ (Քասախի միանաւ եկեղեցի), երկու (Լեռնակերտ, Ջարջառիս) եւ երեք աստիճաններ (Ջրվէժ, Պեմզաշենի միանաւ եկեղեցի)։ Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ որմնախարիսխը, պարուրելով կառոյցը բոլոր կողմերէն եւ շինիչ նշանակութիւն ունենալէն զատ, յօրինուածքին կը հաղորդէ նաեւ վեհութիւն եւ հաստատականութիւն։ Դուռերուն խոռոչները մինչեւ 10-15 սմ բարձրացած են աղօթասրահի մակարդակէն ու մէկ աստիճան շեմեր կը կազմեն։ Այսպիսի լուծումը նպաստած է դուռերու խոռոչներուն պատերու ու հիմքերու ամրապնդման եւ կանխած է շէնքի ներս մթնոլորտային տեղումներու ներթափանցումը։

Եկեղեցւոյ պատերը կառուցուած են աւանդական եղանակով` «միդիս» եռաշերտ երկճակատանի սկզբունքով։ Որմածքին մէջ օգտագործուած քարերը երեսի կողմէ մշակուած եւ պարագիծով շրջատաշուած ու տեղադրուած են պատի երկու կողմերուն վրայ։ Արանքը լեցուած է տարբեր մեծութեան քարի կտորներով համալրուած հեղուկ կրաշաղախը, որ, ներթափանցելով բոլոր կարերու եւ անցքերու մէջ, բացառած է քարաբետոնի դատարկութիւններու գոյացումը եւ ապահովել համաձոյլ կառուցուածք։ Քարերը այստեղ ունին պատի երեսապատման, ներպատային քարալիցքի կաղապարի, մասամբ նաեւ պատի վրայ ինկող բեռնուածութիւնը ընդունող շինարարական գործառոյթներ։ Պատերէն պահպանուած է հիմնականին կրաշաղախի լիցքը (մօտ 3 մ բարձրութեամբ), որուն մէջ դրօշմուած կ'երեւին պատի շարքերու սրբատաշ քարերու բուները, իսկ քարերը պոկուած են։

Սրբատաշ քանի մը քարեր պահպանուած են միայն աղօթասրահի հարաւային պատի ներքին երեսի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներուն մէջ։ Պատերուն հաստութիւնը 1,20–1,25 մ է։ Որմի ստորին շարքերը շարուած են աւելի մեծ քարերէ (1,90 x 0,98 մ), քան վերինները։ Այսպիսով կը հեշտանար պատի կառուցումը, կ՚ապահովուէր պատի պաշտպանութիւնը վնասուածքներէն եւ կը բարձրանայ սեյսմակայունութիւնը։ Որմածքի հորիզոնական կարանները մշակուած են 0,5–1,0 սմ լայնութիւն ունեցող, 45 աստիճանի թեքութեամբ տաշուած եզրակոսներով, որ շինիչ ըլլալէ զատ, պատի հարթութեան հաղորդած է արտայայտչականութիւն` ստեղծելով որոշակի ռիթմ եւ մասշտաբ։ Քարերը ունին հատած բուրգի ձեւ` սրբատաշ հիմքով, որոնք գագաթամասով ագուցուած են (0,3–0,6 սմ խորութեամբ) կրաշաղախի մէջ։ Կարանները, որոնք յառաջացած են քարերու միացման տեղերուն մէջ` սեպաձեւ են, որոնք նպաստած են կրաբետոնէ միջուկի հետ այդ քարերու լաւ կապակցման։ Միջնադարեան կառոյցներուն վրայ ընդհանրապէս, Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ մէջ նոյնպէս կրաշաղախը շատ ամուր է (կը հաստատուի ճաքերու բացակայութեամբ, որոնք յատուկ են ցածորակ շաղախներուն), որ պայմանաւորուած է կուրի բարձր ցուցանիշներով։ Կրաշաղախի բաղադրութեան հետազօտման նպատակով եկեղեցւոյ տարբեր հատուածներու շաղախներէն վերցուած են նմուշներ։ Ուսումնասիրութիւնները կատարուած են ֆիզիքաքիմիական եղանակներով։ Նմուշներուն մէջ որոշուած են խոշոր լցիչի (աւազի) տարբեր հատուածներու տոկոսային քանակութիւնները, ջրակլանման գործակիցները, ծաւալային զանգուածները, կիր-աւազ յարաբերակցութիւնը։ Մանրադիտակային հետազօտութեան արդիւնքին մէջ, որ կատարուած է պ.գ.թ. Ք. Նաւասարդեանի կողմէ, կ՚երեւին, որ նմուշները կը տարբերին իրենց բաղադրութեամբ եւ ինչ-որ չափով կարբոնատացման աստիճաններով։

Ինչպէս կ'երեւի աղիւսակի տուեալներէն, հետազօտուած նմուշները իրարմէ կը տարբերին ջրակլանման գործակիցով, ծաւալային զանգուածով եւ կիր-աւազ յարաբերակցութեամբ։ Աւազային լցիչը բոլոր նմուշներուն մէջ ներկայացուած է կրաքարով եւ խճաւազով։ Միջնադարու շինարարութեան մէջ օգտագործուած է ինչպէս հանգած, այնպէս ալ չհանգած կիր։ Հետազօտութիւնները պարզած են, որ այստեղ օգտագործուած է հանգած կիր, որովհետեւ տեղական կրաքարի ջերմային մշակումէն ստացուած կիրը իրեն կը ներկայացնէր արագ հանգչող կիր` յանգեցման արագութիւնը տուեալ պարագային կը տատանուէր` 5–6 սահմաններու (նկատի առնուած է ջուրի մէջ խառնելու պահէն մինչեւ առաւելագոյն ջերմաստիճանին հասնելու տեւողութիւնը)։ Այսպիսով, ելլելով ստացուած կիրի յատկութենէն, պէտք է ենթադրել, որ յարմար չէր օգտագործել չհանգած կիրը` հաշուի առնելով տեղանքի կլիմայական պայմանները` բարձր խոնաւութիւնը։

Աղիւսակէն կ'երեւի նաեւ, որ 11 եւ 12 նմուշներու բոլոր ցուցանիշները իրար շատ մօտ են եւ որոշ չափով կը տարբերին եկեղեցւոյ միւս հատուածներէն վերցուած նմուշներէն, որ կարելիութիւնը կու տայ ենթադրելու, որ կրաձոյլ այդ հատուածի կրաշաղախը պէտք է ապահովեր աւելի մեծ կրողունակութիւն։ Այդ մէկը այդպէս է, քանզի փորձանմուշը վերցուած է աբսիդի արտաքին նիստերու վրայ լեցուած շաղախէն։ Այստեղ գործ ունինք հետագայ վերակառուցումներու հետ, որովհետեւ անտրամաբանական կ'ըլլար ծածկել պատի սրբատաշ ճակատը։

Տարրալուծարանի քննութիւնը պարզած է, որ աւազային լցիչը բոլոր նմուշներուն մէջ ներկայացուած է կրաքարով եւ խճաւազով։ Դասական շաղախներուն մէջ գերազանց ամրութիւն ապահովելու համար կը պահանջուէր առնուազն աւազի եւ կուրի երկուքը մէկուն յարաբերակցութիւն։ Բաւարար կը համարուէր (նայած թէ ինչ շինիչ հանգոյցներու եւ ինչ կառույցներու մէջ պիտի օգտագործուէր շաղախը) նաեւ գոնէ մէկը միւսին յարաբերակցութիւնը։ Եկեղեցւոյ մէջ օգտագործուած շաղախներու այդ յարաբերակցութիւնը պահպանուած է։

Տիգրանակերտի պազիլիք եկեղեցին կղմինտրապատ ծածկ ունեցած է։ Կղմինտրները հիմնականին բեկորային են, որուն պատճառով անոնց լայնութեան եւ երկարութեան մասին խօսիլը կարելի չէ։ Պատրաստուած են ոչ որակեալ, խոշորահատիկ կաւէ։ Մշակումը կոպիտ է, կողերը հաստ (1,8–3,0 սմ) ու ցած (մինչեւ 5,0 սմ) եւ պատրաստուած է կաղապարներու մէջ։ Գտնուած են ստորին շարքի կաւէ կղմինտրի տափակ ու անոնց հպման տեղերը ծածկելու համար փորակաւոր մասերը։

Այս կղմինտրները բնորոշ են 5–6-րդ դարերուն։ Հակառակ ամբողջական օրինակներ չգտնուելուն,վաղմիջնադարեան այլ յուշարձաններէն յայտնաբերուած կղմինտրները թոյլ կու տան կատարել որոշ վերականգնումներ։ Տափակ կղմինտրները պատրաստուած են ուղղանկիւնաձեւ` դէպի ներքեւ նեղցող հատուածով։ Բեկորային նիւթի մէջ առկայ են փորակավոր կղմինտրի ինչպէս կիսաշրջանաձեւ, այնպէս ալ երկթեք տարբերակները։ Այսպիսի կղմինտրներ յայտնի են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նոր Հայկաջուր գիւղէն արեւելք գտնուող Կիաւուր կալա հնավայրի եկեղեցւոյ մէջ։ Վաղմիջնադարեան կղմինտրներու այս տիպերը տարածուած եղած են ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ Անդրկովկասի մէջ։ Այս մասին կը խօսին արեւելեան սեւ ծովու մերձաւոր տարածքին մէջ` Պիթիունթի մէջ պեղուած 6-րդ դարու պազիլիքայէն յայտնաբերուած կղմինտրները։ Ուսումնասիրողներէն ոմանք կը կարծեն, որ վաղմիջնադարեան կղմինտրներու այս ձեւը հին ծագում ունի, որուն մասին կը վկայեն ք.ա.1-ին եւ 2-րդ դարերուն Արտաշատի, Դուինի եւ դրացի Աղուանքի մայրաքաղաք Կապաղակի մէջ գտնուած կղմինտրները, որոնք, սակայն, վաղմիջնադարեան օրինակներէն իրենց չափերով մեծ են։ Տիգրանակերտէն յայտնաբերուած կղմինտրներուն մէջ չկան 7-րդ դարուն բնորոշ աւելի նուրբ եւ մանրահատիկ կաւով պատրաստուած ու լաւ թրծուած կղմինտրներ։ Այս հանգամանքը նոյնպէս կը վկայէ եկեղեցւոյ` աւելի վաղ թուագրութեան մասին։ Յայտնաբերուած են նաեւ քիչ քանակութեամբ աղիւսներ` պատրաստուած ոչ բարձրորակ կարմիր կաւէ։

Ճարտարապետական Փոքր Ձեւերը Եւ Զարդարանքը

Խմբագրել

Կառոյցի ճակատներու ձեւաւորման հարցին մէջ յատկապէս կարեւոր են շքամուտքերը, որոնք կը գտնուին եկեղեցւոյ հիւսիսային, հարաւային եւ արեւմտեան ճակատներուն վրայ։ Այս մուտքերը, հաւանաբար, ունեցած են նաեւ շքակամարներ։ Այդ կը վկայեն հիւսիսային ճակատի արեւմտեան կողմի մուտքի երկու կողմերուն վրայ` հիմնախարիսխի երկրորդ աստիճանի վրայ դրուած քարերը եւ երրորդ աստիճանի վրայ քարերու դրօշմուած հետքերը։ Հիւսիսային պատի մուտքի երկու կողմերուն վրայ որմնախարիսխի վրայ դրօշմուած հետքերն ալ կը խօսին այն մասին, որ ժամանակին այստեղ «հանգչած են» կամարներ։ Շքակամար ունեցած է նաեւ արեւմտեան մուտքը, քանզի կամարակիր որմնասիւներու խարիսխ-քարերը պահպանուած են մուտքի երկու կողմերուն` որմնախարիսխի աստիճաններուն վրայ։

Այս շքամուտքերը յպուած եղած են պազիլիքայի պատերուն եւ մեկնական կերպով կապուած չեն որմին հետ։ Հարաւային շքամուտքին պատկանող որմնասեան բեկորներ ու խոյակ յայտնաբերուած են պեղումներու ընթացքի, որոնք այդ հանգոյցը վերականգնելու հնարաւորութիւն կը ստեղծեն։ Անոնց հիմքի չափերը ճշգրտօրէն կը համապատասխանեն որմնախարիսխի վրայ դրօշմուած հետքերու չափերուն։

Պազիլիքայի պեղումներուն ընթացքին բացուած են նաեւ ճարտարապետական բազմաթիւ մանրամասներու բեկորներ. համարեա ամբողջական երկու որմնախոյակներ, երեք քառորդ շրջանաձեւ հատոյթով կրկնակի սիւնիկներու մինչեւ 1 մ բարձրութեամբ պահպանուած որմնասիւների, քիւերու դրուագներ, եւ մէկ խարիսխ։

Խոյակները (երկարութիւնը` 0,82 մ, լայնութիւնը` 0,5 մ, բարձրութիւնը՝ 0,4 մ) բնորոշ են վաղ միջնադարուն եւ ունին զուսպ յարդարանք։ Անոնք սեղանաձեւ են, վերը ունին թակաղակ (0,1 մ), որոնց վրայ, հաւանաբար, յենուած են շքամուտքը պարփակող կամարները։ Խաչային ու այգային յօրինուածքներ պատկերող զարդաքանդակներով պատուած խոյակները նոյնպէս տիպական են վաղ միջնադարուն։ Յօրինուածքի իշխողն է երկու խոյակներու միջեւ կետազարդ շրջանագիծի մէջ վերցուած հաւասարաթեւ խաչը։ Խոյակներէն մէկուն` դիմային ճակատում խաչը պարուրուած է խաղողի ողկոյզով ու տերեւով զարդարուած որթագալարով, որ անընդմէջ կը շարունակուի նաեւ խոյակի միւս` երկու նիստերուն վրայ։ Ի յաւելում այս թեմայի, կողային ճակատներէն մէկուն վրայ դարձեալ պատկերուած է կետազարդ շրջանագիծին (աւելի փոքր չափերու) ներգծուած հաւասարաթեւ խաչ եւ վեցթերթեայ վարդեակ, իսկ միւս ճակատին վրայ` միայն այդպիսի վարդեակ մը։

Երկրորդ խոյակի յօրինուածքի գլխաւոր թեման նոյնպէս կէտազարդ շրջագիծի մէջ վերցուած հաւասարաթեւ խաչն է, որուն երկու կողմերուն վրայ փորագրուած են քառակուսիի մէջ ներգծուած քառաթերթ շուշաններ։ Խոյակի միւս երկու նիստերէն մէկը զարդանախշեր չունի, որուն հանդիպակաց նիստի վրայ փորագրուած է եօթը թերթիկով ծաղիկներով վարդեակ։ Խոյակներու 10 սմ բարձրութեամբ վերնամասը քառա-թերթ ծաղիկներու կրկնուող քայլով եւ ոլորազարդով փորագրուած հորիզոնական գօտի է, որ կը պարագծէ բոլոր երեք նիստերը։

Քանդակազարդ այս խոյակները եւ պեղումներց գտնուած` առանձին կանգնած կոթողներու պատկանող բեկորները հար եւ նման են Հայաստանի զանազան յուշարձաններուն մէջ պահպանուած (Երերոյք, Ծիծեռնավանք, Կողբ, Աղիտու) վաղքրիստոնէական քանդակներուն։

Խարիսխը խոյակներու համեմատ աւելի կոպիտ մշակուած է։ Անիկա երկմաս կառուցուածք ունի` կազմուած մօտաւորապէս քառակուսի (0,54 x 0,56 մ) ու 0,24 մ բարձրութեամբ սալէ եւ նոյնքան բարձրութեան տորաձեւ բարձակէ։ Այս խարիսխը եկեղեցւոյ ներսը ոչ մէկ տեղ չի տեղադրուիր եւ, հաւանաբար, պատկանած է արտաքին սիւնասրահի կամ այլ կառոյցի մը։

Հայկական ճարտարապետութեան մէջ քիւերը առաջնակարգ շինիչ նշանակութիւն ունին։ Անոնք պատի հարթութենէն զգալիօրէն յառաջացող հորիզոնական` երկու մասէ բաղկացած սալեր են։ Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ մէջ եւս քիւերը ունին երկմաս կառուցուածք` բաղկացած վերնասալէ (9, 10, 11 սմ բարձրութեամբ) ու անոր տակը դասաւորուած ատամնաշարերէ։ Բարձրութեան հիմնական մասը կը կազմեն ատամնաշարերը (14, 18, 19, 20 սմ), որոնք ճակատային մասին մէջ մշակուած են բաւական խոր քանդակուած ատամներու շարքի քանի մը տարբերակներով։

Առայժմ վաւերացուած են քիւերի չորս տարբերակներ։ Այս ատամնաշարերը հին ճարտարապետութեան հեռաւոր արձագանգներն են, որոնք նոյնպես կը վկայեն պազիլիքայի հնագոյն ծագման մասին։

Տիգրանակերտի պազիլիքան, դժբախտաբար, պահպանուած պատուհաններ չունի, որպէսզի կարելի ըլլար աւելի մանրամասն ներկայացնել զանոնք։ Սակայն պեղումներու ընթացքին բացայայտուած պսակներու բեկորները խօսուն են եւ կը յուշեն, որ ժամանակին եկեղեցին ունեցած է կամարաձեւ վերնամասով լուսամուտներ, որոնք բնորոշ են վաղքրիստոնէական հայկական ճարտարապետութեան։

Միջնադարեան ճարտարապետներն ու քարագործ վարպետները շատ լաւ կը տիրապետէին իրենց գործին։ Հաստատ է, որ ամէն մէկը քիչ թէ շատ նշանակալից կառոյց ունեցած է իր նախագիծը եւ շինիչ լուծումներու որոշակի հիմնաւորումը։ Անոնք իրենց իմացութիւնները օգտագործած են նաեւ անմիջապէս շինարարութեան ընթացքին։ Նշագծման հետքեր պահպանուած են նաեւ Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերուած ճարտարապետական մանրամասներու վրայ։ Յատկապէս պարզորոշ կ'երեւին քիւերու հարթ մակերեսի վրայ սուր գործիքով եղած զուգահեռ գիծերը, որոնց հետեւելով քանդակուած են ատամնաշարերը։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ եկեղեցւոյ պատկանող քարերուն վրայ նշմարելի են վարպետի նշաններ։ Ոչ մեծ խաչի տեսքով վարպետի նշանը յայտնաբերուած է եկեղեցւոյ հարաւ-արեւմտեան անկիւնը` շարքի մէջ` դուրսի կողմէն։ Այդպիսի նշան ունի նաեւ եկեղեցւոյ հարաւային կողմին վրայ միաշար պատի մէջ վերաօգտագործուած` եկեղեցւոյ պատկանող սալաքար մը։

Ստորեւ կը ներկայացուի արտաքուստ շեշտուած միանաւ եկեղեցիներ՝

  • Արտաքուստ նիստաւոր՝ ներսէն շրջանաձեւ աբսիդով
Եկեղեցին Աղօթասրահի չափերը՝ մեթրով Համաչափութիւնը Նիստերու Քանակը Շինանիւթը Վայրը
Տիգրանակերտ 6,8 × 21,4 1 3 5 կրաքար Արցախ
Վանատան 4,15 × 10,55 1 2,5 5 բազալտ Խոսրովի արգելոց
Շողագաւանք 3,8 × 5,18 1, 1,4 5 տուֆ Հայաստանի Հանրապետութեան Մատունիի շրջան, Ձորագիւղ
Ջրվէժ 4,08 × 8,35 1, 2 5 տուֆ Ջրվէժ
Բայբուրդ 3,95 × 8,25 1, 2 5 բազալտ Խոսրովի Արգելոց
Փարպիի Ծիրանաւոր 4,15 × 8,75 1, 2 5 բազալտ Աշտարակ
  • Արտաքուստ՝ նիստաւոր, ներսէն՝ փայտաձեւ, աբսիդով
Եկեղեցին Աղօթասրահի չափերը՝ մեթրով Համաչափութիւնը Նիստերու քանակը Շինանիւթը Վայրը
Ջարջառիս 6,62 × 17,63 1, 2,7 5 տուֆ Արագած
Պեմգաշէն 4,9 × 13,5 1, 2,75 5 տուֆ Արթիկ
Ոսկեվազ 6,7 × 9,4 1, 1,4 5 տուֆ Աշտարակ
  • Արտաքուստ՝ շրջանաձեւ, ներսէն՝ փայտաձեւ կամ շրջանաձեւ աբսիդով
Եկեղեցին Աղօթասրահի չափերը՝ մեթրով Համաչափութիւնը Նիստերու քանակը Շինանիւթը Վայրը
Լուսակերտ 4,9 × 8,2 1, 1,7 - բազալտ Հրազդան
Բատիկեան 3,6 × 6,2 1, 1,7 - տուֆ Հրազդան
Սուդագիլան 5 × 14 1, 1,8 - հում աղիւս Մինգենչաուր, Աղուանք
Սուդագիլան 6 × 8 1, 1,3 - հում աղիւս Մինգենչաուր, Աղուանք

Նախնական դիտարկումներով պազիլիքան կանգուն եղած պէտք է ըլլար մինչեւ 9-րդ դարու վերջերը, որմէ ետք աւերուած է: Աւերումէն ետք տարհանուած են պատերու մշակուած քարերը, որոնց բուները կ'երեւին շաղախի կանգուն հատուածներուն մէջ: Հետագային` վերակառուցումներ կատարուած են, եկեղեցւոյ համաժամանակեայ կցուած կառոյցի պահպանուած աւերակներուն հարաւ-արեւելեան կողմէ աւելցած է սենեակ մը, որուն արեւելեան պատը պազիլիքայի մշակուած միակոր խոշոր քարերով շարուած է, իսկ միւս երկու պատերը` անմշակ մանր քարերով: Այս կացարանի, ինչպէս նաեւ վերի շերտերուն մէջ բացուած պատերու մնացորդներու շինարարական կերպը յարիր չեն եկեղեցւոյ դասական ոճին, կառուցողական սկզբունքներուն եւ ակնյայտօրէն կը ցուցեն կառուցման այլ ժամանակ:

Տիգրանակերտի պազիլիք եկեղեցին իր համամասնութեամբ կը յարէ երկայնական տիպի պաշտամունքային կառոյցներու դասական համաչափութեան: Աղօթասրահի լայնութեան եւ երկարութեան յարաբերութիւնը վաղմիջնադարեան միանաւ նմանատիպ յուշարձաններու մէջ տարբեր է. 1:1,4 (Ոսկեվազ, Շողագաւանք), 1:1,5 (Էջմիածին), 1:1,7 (Լուսակերտ, Բատիկեան), 1:2 (Փարպի, Ջրվէժ, Բայբուրդ), 1:2,5 (Պեմզաշէն, Ջարջառիս, Վանստան): Թ. Թորամանեանը այսպիսի ձգուած համաչափութիւնը կը համարէր 4–5-րդ դարերու, «ամենավաղ շրջանի քրիստոնէական ճարտարապետութեան ոճ կամ պահանջ» 20: Տիգրանակերտի պազիլիկայոն մէջ այդ յարաբերութիւնը 3,0 է, որ բացառիկ երեւոյթ է: Գորիսի շրջանի Վերիշէն գիւղի Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ նոյնպէս մօտաւորապէս այդպիսի ցուցանիշ կ'արձանագրուի` 1:2,8, որ, սակայն, ենթարկուած է հետագայ վերակառուցումներու: Տիգրանակերտի եկեղեցին, հաւանաբար, նախապէս ունեցած է փայտէ ծածկ: Քարէ թաղով ծածկը նոյնպէս կարելի չէ լիովին բացառել, որովհետեւ պեղումներու ընթացքին բացուած են կրաշաղախի զանգուածեղ կտորներ ու միակոր սրբատաշ քարի պլոքներ, որոնք կրնային պատկանիլ ոչ միայն գմբեթարդին, այլեւ՝ թաղին: Այսպիսի թաղով միանաւ պազիլիքայի հնաւանդ օրինակ է Կառնուտի պազիլիքան, որ մօտաւորապէս նոյն թռիչքը ունի (6,25 մ), որքան Տիգրանակերտի միանաւ սրահը (6,8 մ):

Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ տանիքը կղմինտրապատ եղած տ (պահպանուած չէ): Կղմինտրի բազմաթիւ բեկորներ գտնուած են կառոյցի հիւսիս-արեւմտեան մուտքի արտաքին կողմը` լիցքի 2, 6 մ խորութեան մէջ: Յայտնաբերուած են նաեւ քիչ քանակութեամբ աղիւս` պատրաստուած ոչ բարձրորակ կարմիր կաւէ:


Գրականութիւն

Խմբագրել
  • , [{{{յղում}}} Երեւանի Ճարտարապետութեան Պատմութիւն] (Երեւանի ճարտարապետության պատմություն), Երեւան։
  • Մ. Հասրաթեան, [{{{յղում}}} Les églises à nef unique avec abside saillante dans L´Arménie paléochrétienne], Լիզպոն։
  • Վ. Մ. Յարութիւնեան, [{{{յղում}}} Դուինի 5-7-րդ Դարերու Ճարտարապետական Յուշարձանները] (Դվինի V-VII դարերուի ճարտարապետական հուշարձանները), Րաւեննա։
  • , [{{{յղում}}} Երեւանի Ճարտարապետութեան Պատմութիւն] (Երեւանի ճարտարապետության պատմություն), Երեւան։
  • Ա. Ե. Գազարեան, [{{{յղում}}} Алтарная преграда и литургическое пространство храма Звартноц]։
  • Կ. Ղաֆարեան, Ա. Քալանթարեան, [{{{յղում}}} Դուին Քաղաքը եւ Նրա Պեղումները 1973-1980], Երեւան։
  • Ն. Մ. Թոքարսքիյ, [{{{յղում}}} ] (Архитектура древней Армении), Երեւան։
  • Ն. Մ. Թոքարսքիյ, [{{{յղում}}} ] (Архитектура древней Армении), Երեւան։
  • Ա. Լ. Եաքոփսոն, [{{{յղում}}} ] (К изучению раннесредневековой строительной керамики Армении.– ИФЖ)։
  • Ա. Մ. Ափաքիձէ, [{{{յղում}}} ] (Великий Питиунт), Թիֆլիս։
  • Ա. Կ. Կանեցեան, [{{{յղում}}} ] (Античные черепицы из раскопок Арташата.– «Советская археология»)։
  • Գ. Գ. Քոչարեան, [{{{յղում}}} Ծածկի քարե սալ Դվինից]։
  • Ի. Ա. Պատայեւ, [{{{յղում}}} ] (Античная черепица Кавказской Албании)։
  • Ս. Խ. Մնացականեան, [{{{յղում}}} Միջնադարյան Հայաստանի շինարարական գործի կազմակերպման մի քանի հարցերը եւ քարագործ վարպետների նշանագրերը], ՊՓՀ։