Արփի (ամսագիր, Օլսթոն)
«Արփի», գրական-հասարակական ամսագիր (սկիզբը՝ կիսամեայ)։ Լոյս տեսած է 1932-1936-ին, Օլսթոն (ԱՄՆ)։ Խմբագիր՝ Ա. Բարսեղեան։ Պարբերականի նպատակն էր ամերիկաբնակ հայերու ազգային դաստիարակութիւնը, հայ ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի հոգեւոր-մշակութային արժէքներու հետ ծանօթացնելը եւ ընտանիքի պատուարումը ուծացումէն։ Տպագրած է հանրամատչելի նիւթեր ազգային պատմութեան ու գրականութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան, ազգային աւանդոյթներու ու սովորոյթներու վերաբերեալ։ «Մեր նոր սերունդը» բաժնին մէջ մշտապէս տեղ տուած է երեխաներու հայրենասիրական թեմաներով գրած շարադրութիւններուն, սփիւռքահայ դպրոցներու մասին լուրերուն եւ այլն։ Տպագրած է հեքիաթներ, պատմուածքներ, ոտանաւորներ ու առակներ։