Պատմուածք եւ Վէպ Գեղարուեստական Երկի Կառուցուածքը

Ոմանք պատմուածքն ու վէպը կը շփոթեն իրենց կարճ կամ ընդարձակ ծաւալին համար: Սակայն հիմնականը ծաւալը չէ, այլ դէպքի, հերոսին նկարագրութեան ընդգրկման ընթացքը: Պատմուածքը կ'առնուի որեւէ օրուայ, դէպքի, հերոսի մը պատահարի, հոգեբանութեան կամ սպասելիքի շուրջ եղած նկարագրութեամբ եւ կարծես թէ ան մէկ դրուագն է միայն, իսկ ւէպը կ'ընդգրկէ ամբողջ ընթացիկ իրողութիւն մը, դէպքերու կամ դէմքերու գրեթէ աւարտուն շրջան մը, ուր գործողութիւնները կը ծաւալին միահիւսուած կապակցութեամբ մը: Պատմուածքներ են հայ գրականութեան մէջ «Համբարձում աղա» (Ե. Օտեան), «Ես եւ նա» (Նար-Դոս), «Բուրդի վաճառականութիւնս» (Առանձար), «Խնձորի այգին» (Ստ. Զորեան) եւ այլն. Վէպեր են՝ «Քաոս» (Ալ. Շիրվանզադէ), «Վարժապետին աղջիկը» (Տ. Կամսարական), «Մեծ տան զաւակները» (Հր. Քոչար), «Մեր գնդի մարդիկ» (Ս. Խանզադեան), պատմական անցեալին վերաբերող՝ «Երկունք Թ. Դարու» (Ծերենց), «Գէորգ Մարզպետունի» (Մուրացան), «Սամուէլ» (Րաֆֆի), «Վարդանանք» (Դ. Դեմիրճեան) եւ այլն: Պատմուածքի մէջ գրողին կեդրոնական մտահոգութիւնը գլխաւոր տիպարն է, հերոսը: Ան կը նկարագրէ հերոսին հետ առնչուող երեւոյթները, կերպարները, բայց կարծես անցողիկ: Իսկ վէպի մէջ կու տայ մանրամասն նկարագրութիւնը ամբողջ կատարուածին: Կան նաեւ գրուածքներ, որոնք ընդհանրութիւն ունին թէ՛ պատմուածքի, թէ՛ վէպի հետ: Որոշ գրագէտներ զանոնք կը կոչեն վիպակ, բայց ասոնք աւելի փոքրածաւալ գործեր են. կրնան իրաւացիօրէն վէպ կոչուիլ, եթէ գրուիին վէպին յատուկ ընթացքով: Պարզ է որ իւրաքանչիւր քերթուած, պատմուածք, վէպ, վիպակ պիտի ունենայ նիւթ եւ կառուցուածք: Նիւթը՝ դէպքի, դէմքի նկարագրութեան յաջորդականութիւնն է: Դէպքը կը կատարուի որոշակի միջավայրի մէջ, կը կատարեն գործող անձերը: Այդ գործողութենէն կը բխի հեղինակին ամբողջ միտքը: Ինչու հերոսը կատարեց այդ քայլը: Օրինակ, Րաֆֆիի Սամուէլը կը սպաննէ իր դաւաճան հայրը, որմէ ետք կը սպաննէ նաեւ ուրացող իր մայրը: Ասիկա նիւթի (եղելութեան) նկարագրութիւնն է, բայց հեղինակին միջոցով ընթերցողը կու տայ «ինչու սպաննեց», «ինչ հոգեկան դժուար կացութեան մատնուեցաւ Սամուէլ» հարցումներուն պատասխանը: Այդ է որ գրողը կ'ուզէ արտայայտել իր գործին կառուցուածքով: Ա. Բակունցի «Ալպիական մանուշակ» պատմուածքը նկարիչի մը ճամբորդութեան յուշերուն նկարագրութիւնն է: Բայց հանգուցակէտը միայն կնոջ գեղատեսիլ արտայայտութիւնը կամ սլացիկ հասակին նկարագրութիւնը չէ, այլ նահապետական կնոջ եւ մարդու փոխյարաբերութիւնը գեղջունի սահմանափակ մտահորիզոնի խարազանումը: Նիւթի եւ գաղափարական կառուցուածքի նկարագրութիւնը կը տրուի շաղկապուած յաջորդականութեամբ մը: