Աւագ Հինգշաբթի
Աւագ Հինգշաբթի (անգլերէն՝ Maundy Thursday or Holy Thursday), խորհրդաւոր ընթրիքի յիշատակի օրն է: Աւագ Հինգշաբթի առաւօտեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. պատարագ` ի յիշատակ խորհրդաւոր ընթրիքի ժամանակ Քրիստոսի կողմէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման:
Քրիստոս վերջին ընթրիքի ընթացքին հացն ու գինին ճաշակելու տուաւ իր աշակերտներուն` ըսելով, որ հացը Իր մարմինն է, իսկ գինին` Իր արիւնը, որ կը հեղու մարդոց մեղքերու քաւութեան համար: Վերջին ընթրիքէն ետք Յիսուս ջուրը լեցուց կոնքի մէջ, ծունկի եկաւ իր աշակերտներուն առջեւ եւ խոնարհաբար լուաց անոնց ոտքերը` հեզութեան եւ խոնարհութեան իբրեւ օրինակ ծառայելով:
Այս օրը եկեղեցիներու մէջ կատարուող ոտնլուայի արարողութենէն ետք հաւատացեալներուն կը բաժնուի օրհնուած իւղ, զոր հաւատացեալները կը գործածեն հիմնականին մէջ հիւանդութիւններու պարագային կամ կը խառնեն տան մէջ ունեցած իւղին: Խորանին վրայ բարձրաստիճան հոգեւորականը, գոգնոց կը կապէ եւ կը լուայ ու իւղով կ'օծէ 12 հոգիի ոտքերը: Ան այս կ'ընէ Քրիստոսի արարքի նմանողութեամբ, երբ Քրիստոս լուաց իր 12 աշակերտներու ոտքերը` խոնարհութեան նշան ցոյց տալով ու ըսաւ, որ`
Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն, ինչ որ ես ձեզի ըրի: - Յովհաննէս 13.15
|
Հայոց եկեղեցւոյ մէջ «Խաւարման գիշեր» կամ «Լացի գիշեր» կը կոչուի Աւագ Հինգշաբթիէն Աւագ Ուրբաթ երկարող գիշերը, անոր համար, որ այդ օրը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ եբրայեցի կրօնաւորներուն ընդմէջէն, խաւարի իշխանէն` սատանայէն դրդուած մահուան առաջնորդեց իր Արարիչը, աշխարհի լոյսը` նախընտրելով ապրիլ խաւարի ու մեղքի մէջ, քան թէ` լոյսի ու արդարութեան:
Խաւարման կամ Լացի գիշեր` անոր համար, որ ոչ միայն Յուդան իր կեղծ համբոյրով մատնեց Երկնաւոր Վարդապետը, այլ հաւատարիմ նկատուող առաքեալներն իսկ, որոնք քիչ առաջ Պետրոսի նման կ'ըսէին` «Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ» (Մատթէոս 26.35), շատ շուտով առանձին պիտի լքէին իրենց Ուսուցիչը, ու մահուան սոսկումէն սարսափած` բոլորը պիտի փախչէին գլուխնին ազատելու համար, իսկ Պետրոս առաքեալ, աքաղաղը դեռ չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանար զՔրիստոս:
Գիշերուան ժամերգութիւնը
ԽմբագրելՀայ եկեղեցիներէն ներս այս արարողութիւնը կը սկսի գիշերը եւ կ'երկարի մինչեւ կէս գիշեր: Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց հաւասար չափով տասներկու մոմեր կը վառեն, մէկ հատ ալ մեծ մոմ կը դնեն անոնց մէջտեղ` խորհրդանշելով Յիսուսն ու Իր տասներկու առաքեալները: Կը կարդացուին եօթը աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի` Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի գալն ու համբուրելով մատնելը, Յիսուսի ձերբակալութիւնն ու քահանայապետներուն առջեւ տարուիլը, ծեծուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը: Ամէն անգամ որ աւետարաններէն մէկը կը կարդացուի, վառած տասներկու մոմերէն իւրաքանչիւր կողմէն մէկական մոմ կը մարեն, իսկ «Փառք ի բարձունս» երգի ժամանակ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը մարեն, որ կը խորհրդանշէ առաքեալներուն ձգելն ու փախչիլը, իսկ մէջտեղի մեծ մոմը, վառած, կը խորհրդանշէ զՔրիստոս, որ առանձին եւ անօգնական մնաց:
Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցանութեան ընթացքին սովորութիւն եղած է, որ հաւատացեալներ նախապէս պատրաստած բարակ թելերով եօթը հանգոյց կապեն` որպէս նշան Քրիստոսի հետ ամուր ագուցուելուն եւ զԻնք երբեք առանձին չձգելուն:
Աւագ Հինգշաբթիի աւանդութիւններ
ԽմբագրելԵկեղեցական արարողութիւններուն զուգահեռ, դարեր շարունակ պահպանուած են Աւագ Հինգշաբթիի հետ կապուած սովորութիւններ, որոնք անուղղակիօրէն կը վկայեն օրուան խորհուրդի զօրութեան հանդէպ հայ մարդուն ունեցած հաւատքը:
- Աւագ Հինգշաբթին տօնական օր համարուած էր: Աւագները երեխաներուն պատուիրած են հաղորդուելէ ետք չհայհոյել, իրարու հետ քաղցր խօսիլ, չվիճիլ, չկռուիլ` մեղք չգործելու համար:
- Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին նոր հարած կարագ, իւղ տարած են եկեղեցի: Քահանան օրհնած եւ քսած է տղամարդոց ոտքերուն, իսկ կիներու` ձեռքերուն: Ապա մեծ ու փոքր կտոր մը օրհնուած կարագ վերցնելով` քսած են իրենց աչքերուն, ականջներուն, ճակատին, ձեռքերուն եւ մազերուն:
- Շատեր կարագի կտորը տարած են տուն ու քսած` կովու ստինքներուն, որպէսզի առատ կաթ տայ, ընտանի անասուններու հիւանդ մասերուն, կամ դրած են իւղի կճուճին, կարասին, խնոցիին մէջ` զանոնք մշտապէս լեցուն տեսնելու ակնկալիքով:
- Երկրագործը Աւագ Հինգշաբթի իր գործիքներէն որեւէ մաս մը եւ ափ մը սերմ դրած է եկեղեցւոյ գրակալին մօտ, որպէսզի օրհնուին:
- Շատերը ծառ տնկած են եւ սերմեր ցանած` առատ բերքատուութեան ակնկալիքով:
- Աւագ Հինգշաբթին համարուած է տէրունի օր: Հաւատացած են, որ այդ օրուան ձեռնարկուած գործերը յաջողութեամբ կը պսակուին, եւ ինչ որ մտածեն, Աստուած կը լսէ:
- Դարբինները չարխափաններ պատրաստած են, զորս մարդիկ կրած են իրենց վրայ` հիւանդութիւններէ բուժուելու, բնական աղէտներէ եւ մարդկային չարիքներէն զերծ մնալու համար:
- Աղջիկները գացած են դաշտերը` կանաչեղէն հաւաքելու. բաժին հանած են նաեւ այն ընտանիքներուն, որոնք այս կամ այն պատճառներով դաշտ չեն գացած:
- Պայման էր, որ Հինգշաբթի նոր քաղուած կանաչեղէնները ուտէին: Շատերը կանաչեղէնը եփած, տարած են եկեղեցի եւ իբրեւ մատաղ` բաժնած:
- Օրուան ուտեստներէն էր «աղամաղ»ը, կամ «աղի-մաղի»ն, զայն պատրաստած են սմբուկի գլխու կանաչ կեղեւով, զոր չորցուցած, խաշած, մանրած, սոխով տապկած, աղ ու պղպեղով համեմած եւ կերած են:
- Այդ օրը յատկապէս ննջեցեալ ունեցող ընտանիքներ կանեփով հաց թխած են:
- Հայաստանի որոշ բնակավայրերու մէջ սովորութիւն էր Աւագ Հինգշաբթի նորահարսին դարձ տանիլ (ամուսնութենէն ետք նորահարսին առաջին անգամ իր ծնողներուն տուն երթալը քանի մը օրով), որ կը տեւէր մինչեւ Զատկուան Կիրակին:
- Աւագ Հինգշաբթին, արարողութիւններու եւ ժողովրդական աւանդութիւններու առումով, Աւագ շաբթուան ամէնէն յագեցած օրերէն մէկն է[3]:
Ծանօթագրութիւն
Խմբագրել- ↑ «Աւագ Շաբաթը Քրիստոնեայի Կեանքին Մէջ Առանցքային Նշանակութիւն Ունի, Որովհետեւ Կոտրեցաւ Երկինքի Անմատչելիութիւնը, Եւ Աստուած Հաշտեցուց Երկինքն Ու Երկիրը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-12
- ↑ Ramshaw Gail (2004-12-15)։ The Three-Day Feast: Maundy Thursday, Good Friday, and Easter (անգլերէն)։ Augsburg Books։ ISBN 978-1-4514-0816-4
- ↑ Աւագ Հինգշաբթի