Ափրիկեան Կերպասներ
Ափրիկեան Կերպասները, ափրիկեան ընդարձակ ցամաքամասին վրայ տարածուած տարբեր շրջաններու մէջ ունին իրենց պատրաստելու եւ զարդարելու իւրայատուկ ձեւը[1]:
Երկաթի դարաշրջանի առաջին հազարամեակէն, գերեզմաններուն մէջ բուրդէ հիւսուածքներ յայտնաբերուած են[2]:
- Մալիի մէջ կ'արտադրուի պոկոլանֆինի կամ ցեխով ներկուած կերպասը:
- Ատիրա (եորուպէ) կերպասը ինտիկօ կապոյտով ներկուած կերպաս մըն է, որ կը պատրաստուի Նիճերիոյ հիւսիս-արեւմուտքը:
- Քենթէ կերպասը ծնած է աւելի քան 375 տարի առաջ, ներկայ Կանայի շրջանին մէջ: Ափրիկեան աքան կամ աշանթի լեզուով «քենթէ» կը նշանակէ «կողով»: Ըստ առասպելին, երկու եղբայրներ` Քուրուկու եւ Ամէյաու որսորդութեան ընթացքին հանդիպած են սարդի մը, որ իր ոստայնը կը հիւսէր: Անոնք շշմած մնացած են ոստայնին գեղեցկութեան առջեւ եւ ուզած են նման բան մը շինել: Այս ձեւով անոնք շինած են ռաֆիայի ճիւղերու թելերով առաջին ճերմակ եւ սեւ կերպասը:
- Դարձեալ Կանայի մէջ, գոյութիւն ունի տարբեր տեսակի կերպաս մը՝ տինքրան, որ կը պատրաստուի տեսակ մը մեծ դդումի չորցուած կտորներու վրայ փորագրուած գծագրութեան դրոշմներով: Ըստ առասպելին, Ատինքրա եկած է կեռման ցեղախումբի թագաւոր Անտենքրայի անունէն: Ան գերի կը բռնուի աղանդի ցեղախումբին կողմէ, 1800-ական թուականներուն: Այս վերջինները այնքան կը սիրեն անոր կերպասները, որ կ'ընդօրինակեն: Եւ այս ձեւով աղանդները մինչեւ այսօր տակաւին կ'արտադրեն այս տեսակի կերպասը:
- Այդ ձեւերէն իւրաքանչիւրը ունի իմաստ մը: Մարդիկ կ'ընտրեն իրենց զգացած վիճակը ներկայացնող խորհրդանիշները կրող կերպասը: