Մալիի Կայսրութիւն

Մալիի կայսրութիւն (Մանտեն Կուրուֆապա, մանտենNyeni), պատմական պետութիւն հիւսիս-արեւմտեան Ափրիկէի մէջ (Արեւմտեան Սուտանի տարածաշրջանին մէջ)՝ Սահարա անապատէն հարաւ։ Գոյութիւն ունեցած է 13-15-րդ դարերուն։ Ըստ ձեւաւորբւած աւանդութեան, կայսրութիւն կը կոչուի (ինչպէս նաեւ ափրիկեան այլ կայսրութիւնները)։ Ձեւաւորուած է մանտինքա էթնոսի տակ, որ աւելի առաջ գտնուած է Կանայի կայսրութեան իշխանութեան տակ եւ իսլամական կրօնը ընդունած է (առնուազն վերնախաւի մակարդակով)։

Մալիի տարածութիւնը կայսրութեան ծաղկման շրջանին

Գերագոյն տիրակալը եղած է մանսան։ Մանսայի անձնական զօրքը բաղկացած եղած է նախկին ստրուկներէ։

Կայսրութեան հիմնադիրը կը նկատուի Սունտիաթա Կէյթա մանսան, որ 1240-ին գրաւած է Կանայի մայրաքաղաք Կումպի Սալէն։ Անոր իշխանութեան տակ գտնուող տարածքը կը ձգուէր Ատլանտեան ովկիանոսէն արեւմուտք մինչեւ Չատ լիճի արեւելեան մասը։ Աւելի մեծ ծաղկում ապրած է  Մուսա մանսայի եւ անոր եղբօր` Սուլէյմանի օրերուն։ Այս ժամանակաշրջանին Տեքրուր, Սոնկայ պետութիւնները եւ Սահարայի քոչուոր ցեղերէն շատերը կը գտնուէին Մալիի տիրակալի՝ վասսալային իշխանութեան տակ։

Կայսրութեան բնակչութիւնը հիմնականին մէջ կազմուած էր ազատ համայնքային գիւղացիներէ եւ քոչուոր հովիւներէ։ Մալիի բնակչութեան ընդհանուր թիւը 15-րդ դարուն կը հաշուըուէր 40-50 միլիոն մարդ[1]։

Պամպուկ եւ Պուրէ հանքավայրերու շնորհիւ միջերկրական ծովուն շուկային ոսկիի հիմնական զանգուածը Մալին կը մատակարարէր: Տնտեսութեան համար էական կարեւորութիւն կը ներկայացնէր քարաւանային առեւտուրը, որ կ'անցնէր Տոմբուկտու, Ճեննէ եւ Կաօ քաղաքներէն։

Մշտական երկպառակտչական պատերազմները տկարացուցին կայսրութիւնը, որուն պատճառով 15-րդ դարուն անիկա ինկաւ Սոնկայ կայսրութեան իշխանութեան տակ, 17-րդ դարուն կորսնցուց գրեթէ բոլոր տարածքները եւ 1885-ին միացաւ ֆրանսական տարածքներուն։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ակունքներ. Սուտիաթա Կէյթա

Խմբագրել

Սկիզբէն ի վեր Մալին փոքր իշխանութիւն էր Նիկերի վերի մասին մէջ, Քանիակայի դրացութեամբ, որ սուսու ժողովուրդի մեծ պետութիւնն էր։ Ամենայն հաւանականութեամբ, Մալի պետութիւնը Կանա կայսրութեան վասալային իշխանութեան տակ էր։ Մալիի տիրակալներէն մէկուն` Մուսէ Կոյտէին (մօտաւորապէս 1200-1218) կը վերագրուի Նիկերի վրայ գտնուող Քանկապա քաղաքի հիմնադրումը, որ հոսանքով քիչ մը աւելի բարձր էր Պամաքօ քաղաքէն, որ ժամանակակից Մալիի Հանրապետութեան մայրաքաղաքն է։

Սուսու էթնոսը, որ կը ղեկավարէին ծնունդով Կանտէի դարբին-քուրմերը, պտտեցան սոնինքէ էթնոսի փոքր պետութիւնները` անցնելով Ալ Մորաւիներու կողմէ Կանայի ջախջախումէն ետք մնացած իշխանութեան գլուխ։ 13-րդ դարուն Կէյթայի գլխաւորութեամբ Մանտէ ցեղերու կողմէ սուսուի պարտութիւնն ալ կը հանդիսանայ Մալիի` իբրեւ կայսրութեան սկիզբը։

Մալիի յառաջացման մասին կը պատմէ կեղծ-պատմական «Սունտիաթայի մասին էպոսը», որոշ տեղեկութիւններ յայտնի են նաեւ երեք արաբ աշխարհագրագէտներու աշխատութիւններէ. Ալ Ումարին, Պատուտան եւ Խալտունը։ Կը նկատուի, որ Մալիի հիմնադիր Սունտիաթան, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ Սոկոլոն Ճարա եւ Մարի Տիաթա, կառավարած է 1230 - 1255 թուականներուն, բայց երբեմն կը նշուին նաեւ այլ ժամկէտներ։ Այս տիրակալի արժէքաւոր նուաճումներէն մէկը կը հանդիսանայ Բամբուկի ոսկեբեր շրջանները, որ պետութեան ֆինանսական բարեկեցութեան ամուր հիմք հանդիսացած է: Նոր մայրաքաղաքը Նիկերի ափին Տելիպա բնակավայրին մէջ հիմնելու փոխարէն ան ընտրած է Սանկարանի գետի ափերուն իր հիմնադրած Նիանի քաղաքը, որ Մալիի մայրաքաղաք եղած է մինչեւ 1545 Սոնկայի տիրակալ Ասկիյա Տաուտի կողմէ նուաճուիլը։

Սունտիաթա հաստատեց արդար հարկեր եւ հրամայեց մաքրել անտառները գիւղատնտեսական հողատարածքներու համար, ուր սկսան աճեցնել նոր մշակաբոյսեր, ինչպէս` բամպակ։ Ան նաեւ հովանաւորած է գրիոտներուն` բարձր մակարդակ երգիչներու, երաժիշտներու եւ հեքիաթասացներու խումբին։ Իր պալատական գրիոտ եւ խորհրդական Պալլա Ֆասեկէն կը նկատուի ժամանակակից ամէնէն հեղինակաւոր գրիոտական ընտանիքի հիմնադիրներէն մէկը։ Ի դէպ, շնորհիւ բանաւոր ժողովրդական աւանդութիւններուն, այդ կրողներուն ալ պահպանուած է «Սունտիաթայի մասին էպոսը»։

Մալին առաջին տիրակալներու օրերուն

Խմբագրել

Սունտիաթի Կէյթայէն ետք իշխած են անոր երեք որդիները, որոնք ժառանգած էին ուժեղ բանակով եւ առեւտրային ուղիներու ճիւղաւորուած ցանցով բարգաւաճ եւ հարաշարժուն կայսութիւն: Անոր անմիջական հետեւորդը` Ուալի Կէյթան, յիշատակուած է իբրեւ հզօր տիրակալ, որ հաժ կատարած է Արաբական թերակղզիի վրայ գտնուող Մեքքա` այդ ժամանակ Եգիպտոսի մամլուքներու սուլթան Պէյպարս I-ի տիրապետութեան տակ գտնուող մահմետական սրբազան քաղաք։ Սակայն Ուալի Կէյթայի կառավարումէն ետք աճեցաւ անկայունութիւնը։ Երրորդ Մանսու Ուաթին գահընկեց ըրաւ անոր հոգեկան հիւանդ եղբայրը` Խալիֆա Կէյթան, որ զուարճանար իր ժողովուրդը նետահարելով։ Սակայն ան մէկ տարի չկրցաւ կառավարել, քանի որ սպաննուեցաւ Կէյթայի ստրուկներու ընտրազօրի կողմէ։ Գահ բարձրացաւ Ապուպաքար I-ը (Ապու Պաքր կամ Մանտէ Պորի), որ Սունտիաթիի դստեր որդին էր, ինչ որ կը վկայէ մայրական գծով ժառանգութեան կարելիութեան մասին։

Տասը տարի ետք, 1285-ին, իշխանութիւնը գահըկեց ըրաւ ուղղակիօրէն ստրկական խումբի ներկայացուցիչը` ազատ արձակուած ստրուկ Սաքուրան (Սապքարա)։ Ըստ ամենայնի, անոր աջակցած են ժողովրդական զանգուածները, որոնք դժգոհ էին Կէյթա գերդաստանի իշխող անդամներէն։ Ըստ Իպն Խալտունի վկայության, այդ ժամանակ Մարոքէն Մալի յաճախակի կերպով սկսան ժամանել վաճառականներ, եւ առեւտուրը ծաղկեցաւ։ Սակուրան էր, որ արեւելքի մէջ վերջնականապէս նուաճեց Եգիպտոսի հետ անդրսահարեան առեւտուրի առանցքային հանգոյցը` Կաօ քաղաքը, Սոնկայի հզօր թագաւորութեան ապագայ մայրաքաղաքը։ Մալիի կայսրութիւնը առաջին անգամ վերահսկողութիւն սահմանեց Կաոյի վրայ Ուալիի օրերուն, սակայն Նիանիի մէջ ներքին երկպառակտչութեան պատճառով այնտեղ որպէս պատանդ գտնուող արքայազներ Ալի Կոլենին եւ Սլիման Նարուին յաջողեցան փախչիլ եւ վերականգնել Սոնկոյի անկախութիւնը։ 15 տարի ետք Սաքուրան Կաօ վերադարձաւ բանակի հետ, Սոնկայը դարձնելով վասալային պետություն, որ ընդհուպ մինչեւ 1430-ականները տուրք կը վճարէր մալիացի տիրակալներուն։

Սակքւրան իր վիճակը կը նկատէր բաւականին ապահով դէպի Մեքքա ուխտագնացութեան մեկնելու համար, սակայն վերադարձի ճամբուն վրայ սպաննուեցաւ, եւ գահը կրկին անցաւ Կէյթա գերդաստանին։

Բարգաւաճում Մանսէ Մունսայի օրերուն

Խմբագրել
 
Ճենէի մեծ մզկիթ, մալիական ճարտարապետութեան ոճի օրինակ, որուն ոճի հիմքը դրուած է Մալիի կայսրութեան մէջ

Մալիի կայսրութեան իններորդ տիրակալ Մալիի Ապուպաքար Բ.-ը հրաժարեցաւ գահէն Ատլանտեան ովկիանոսի տարածքներու հետազօտութեան համար։ Անոր հետեւորդը ՝ Մանսա Մուսան կը պատմէր, որ 1310-ին Ապուպաքարը ֆինանսաւորած է 200 նաւերու շինարարութիւնը՝ ուղարկելով արշաւախումբը Ատլանտեան ովկիանոսի «արեւմտյան սահման»՝ ուսումնասիրելու համար։ Առաքելութիւնը ապարդիւն էր, եւ 1311-ին սուլթանը ինք կանգնեցաւ յաջորդ արշաւախումբի գլուխ եւ բաց ովկիանոս դուրս եկաւ մարդոցմով եւ մեծաքանակ պարէնով բեռնուած հազարաւոր նաւերով։

Այն վարկածը, որ Ապուպաքարի արշաւախումբը կրցած է իրականացնել անդրատլանտեան այցելութիւն Նոր Աշխարհ, կը նկատուի ծայրահեղութիւն, իսկ նաւերու թիւը ակնյայտօրէն ուռճացուած է, սակայն անիկա կը վկայէ Մալիի զգալի նիւթական հիմքի մասին։ Նախկին տիրակալի չվերադառնալէն ետք անոր վեզիր Մանսա Մուսան դարձաւ կայսր։

Կայսրութիւնը աւելի ազդեցիկ դարձաւ գերագոյն կառավարիչ (մանսա) Մուսայի օրերուն, որ ըստ մօր (1312-1337) անունը յայտնի է նաեւ իբրեւ Կանկու Մուսա։ Ան լայնօրէն յայտնի է ինչպէս ժողովրդական առասպելական հերոսներէն, այնպէս ալ Մալիէն դուրս պատմական աղբիւրներէ, քանի որ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի վրայ, երբ՝ 1324-ին մեծ շքախումբով հաժ ըրած է, ճամբուն վրայ նուիրատուութիւններ ընելով մահմետական տիրակալներուն։ Ձիուն հեծած տիրակալին կ'ուղեկցէին, տարբեր տուեալներով, 60 հազարէն (ըստ «Թարիխ աս Սուտանի» ժամանակագրութեան) մինչեւ 80 հազար (ըստ «Թարիխ ալ Ֆատաշի ժամանակագրութեան) մարդ։ Անոնց մէջ էին ուղտերու քարաւաններ, որոնք բեռնաւորուած էին ոսկիով, ապրանքներով, նուէրներով, պարէնով, զէնքով, եւ ստրուկներու շարասիւններով, ընդ որուն, հինգ հարիւր ստրուկներէն իւրաքանչիւրը, որ գլխաւորէր շարասիւնը, կը յենուէր ոսկէ ցուպի մը վրայ:

Ժամանելով Եգիպտոս, Մանսա Մուսան հրաժարեցաւ համբուրել Ան Նասիր Մուհամմատ սուլթանի ոտքերի տակի հողը եւ ընդհանրապէս, Ալլահէն բացի որեւէ մէկուն խոնարհիլ, սակայն, բարեկամական ընդունելութիւն ստացավ եգիպտական տիրակալի կողմէ եւ առատաձեռնօրէն պարգեւատրուեցաւ։ Կանկու Մուսան պարտքի տակ չմնաց, ուղարկելով 40 հազար ոսիէ տինար սուլթանին, յաւելեալ 10 հազար անոր վեզիրին եւ նման շռայլ նուէրներ բազմաթիւ պալատական եւ այլ պաշտօնեաներուն։ Մուսայի երթը Քահիրէի միջոցով, թագաւորի շռայլութիւնը եւ անոր շրջապատող շքեղութիւնը յայտնի դարձուցին միապետը: Սակայն ի վերջոյ պարզուեցաւ, որ դերեւս Մեքքա չհասած, կայսրը վատնեց ոսկիի իր բոլոր պաշարները եւ նոյնիսկ ստիպուած եղաւ հսկայական տոկոսներով գումար պարտք առնել եգիպտական վաշխառուներէ։ Բացի ատկէ, դէպի Արաբիա եւ վերադարձի ճամբուն վրայ բազմաթիւ դժբախտութիւններ եղան, որոնց պատճառով, ըստ եգիպտական պատմաբան Թաքի ալ-Տին ալ-Մարքիզի հաշուարկներուն, քարաւանը կորսնցուցած է մարդոց եւ ուղտերու մէկ երրորդը։ Վերջապէս, Մալիի հիւրերէն նուէր ստացած ոսկին հեղեղեց Եգիպտոսի եւ ամբողջ միջերկրական ծովուն թանկարժէք մետաղներու շուկաները` ոսկին, առնուազն 12 տարի, արժեզրկելով։

Ըստ ժամանակակից հաշուարկներուն, իր ուխտագնացութեան համար Մալիի տիրակալը վերցուցած էր առնուազն 12.750 թոն ոսկի, ճամբուն ընթացքին բոլորը բաժնելով։ Celebrity Net Worth պարբերականի փորձագէտները, բոլոր ժամանակներու ամենահարուստ մարդոց ունեցածը 2012-ի պայմաններուն համապատասխանեցնելով, Մուսային կարողութիւնը 400 միլիառ ամերիկեան տոլար գնահատած են։ 13 Հոկտեմբեր 2012-ին հրապարակուած աշխարհի ամենահարուստ 25 մարդոց վարկանիշին մէջ ան գրաւած է առաջին տեղը` գերազանցնելով Ռոթշիլներ եւրոպական գերդաստանն ու ամերիկեան գործարար Ռոքֆելլըրը[2]։

Բոլոր ֆինանսական կորուստներով հանդերձ, Մուսայի հաժը Մալիի համար ամենեւին աղետալի հետեւանքներ ալ չունեցաւ. ոչ վերջին կարևորութիւն ունէր այն, որ կայսեր բացակայութեան ընթացքին մալիացի զօրավար Սակամաճին 1325-ին զօրքով մտաւ Սոնկայի մայրաքաղաք Կաօ, ձեռքը վերցնելով հիւսիսային առեւտւրի առանցքային տարածքը, որ մինչ այդ կը գտնուէր Սոնկայի ձեռքին մէջ։ Երբ Կանկու Մուսան տուն վերադարձաւ Կաոյի ճամբով, ուր ընդունեց սոնկայական թագաւորի եւ ազնուականութեան ցուցաբերած հնազանդութեան նշանները, եւ վերադարձաւ Թիմպուկտու, անոր կ'ուղեկցէին նաեւ հեռաւոր արշաւի գլխաւոր ձեռքբերումները` բազմաթիւ տաղանդաւոր բանաստեղծներ, աստուածաբաններ եւ շինարարներ (ներառեալ սպանական ծագումով Ապու Իսհաքա Իպրահիմ ալ-Սահիլ ճարտարապետը, որ կառուցած է գմբէթով թագաւորական պալատը եւ Սանկորր կեդրոնական մզկիթը Թիմբուկտուի մէջ), իսկ անոնց հետ նաեւ մեծ գրադարան: Ժամանածներուն մէջ էին նաեւ չորս շերիֆ (Մուհամետ Մարգարէի ժառանգները) ընտանիքներու հետ, որոնց Մանսա Մուսան առաջարկած է հազար միտքալ (միսքալ, մըսխալ) ոսկի` Մալի վերաբնակելու համար:

Մայրամուտ Մուսայի հետեւորդներու օրերուն

Խմբագրել
 
Մալիի քարտէս տարածքներու առաւելագոյնս ընդլայնման ժամանակահատուածին մէջ` ոսկիի հանքերու եւ առեւտրային ուղիներու ֆոնի վրայ

Մանսէ Մուսէին յաջորդեց անոր որդին Մագան Ա.-ը, որ կառավարած է չորս տարի (1337-1341), որուն ընթացքին մոսի ժողովուրդի բանակը առաջնորդ Նասեկի գլխաւորութեամբ աւիրեց եւ հրդեհեց Թիմպուկտուն։ Յաջորդ աթոռին տիրացաւ Մուսայի եղբայրը` Սուլէյման Քէյթան (1341-1360), որ վերակառուցեց աւերուած Թիմպուկտուն։ Վերջինիս տիրապետութեան օրերուն Մարոքի մերինիտական սուլթան Ապու Ինանի կողմէ դիւանագիտական առաքելութեամբ Մալի այցելած է յայտնի ճամբորդող Իպն Պատուտան (1352-1353), որ տուած է այդ երկրի նկարագրութիւնը։ Ի թիւս այլ բաներու, ան զարմացած մնացած է տեղական ազնուականութեան վատնողական վարքէն եւ կիներու անպարկեշտութենէն։ Ան պատմած է մալիական արքունիքի շքեղութեան եւ ընդդէմ Սուլէյմանի` ցարի գլխաւոր կնոջ (Կասա) դաւադրութեան մասին։

Թէեւ անիկա բացայայտուեցաւ հետագային, բայց գահի հաւակնորդ Տիաթան (սովորաբար կը յիշատակուի իբրեւ Մարի Տիաթա Բ. Մարի Տիաթա Ա.-ը Սունտիաթան է) կրցաւ իշխել կարճատեւ քաղաքացիական պատերազմի մը պատճառով, երբ Սուլէյմանի անմիջական ժառանգորդ Քամպա Կէյթան (Կասա) իր կառավարման իններորդ ամսուանընացքին զոհուեցաւ ճակատամարտի ընթացքին (1360)։ Մարի Տիաթա Բ.-ի գրեթէ մէկուկէս տասնամեակ տեւած իշխանութիւնը առանձնացած էր աւելի մեծ բռնակալութեամբ, քան Սուլէյմանի օրերուն։ Խալտուն կը յայտնէ ականատեսներու ծայրայեղ կոշտ գնահատականները Տիաթայի մասին` իբրեւ հրէշի եւ բռնակալի, «կայսրութիւնը կործանող, գանձարանը դատարկող, իրմէ առաջ ստեղծուած ամէն ինչը քանդողի»։

Այդ մանսայի մահէն ետք անոր որդին ու յաջորդը ՝ Մուսա Բ.-ը փաստացիօրէն հեռացուեցաւ իշխանութենէն, մեկուսացուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ իր խորհրդականի եւ ռազմական հրամանատարի կողմր, որուն անունը նոյնպէս Մարի Տիաթա էր։ Ան փորձեց վերականգնել Մալիի հզօրութիւնը, ամրապնդելով արեւելեան սահմանը եւ զօրքերը ուղարկելով Սահարա քոչուոր սանհաճիներու դէմ կռուելու համար։ Անոր շնորհիւ 14-րդ դարու երկրորդ կիսուն Մալիի կայսրութեան միացաւ Տաքետտա մարզը աղի հանքերու եւ պղինձէ հանքավայրերու հետ միասին, բայց յետոյ ան կրկին զրկուեցաւ անկէ։ Յաջորդ մանսային` Մականա Բ.-ին, սպաննեցին գահ բարձրանալէ անմիջապէս ետք, որը չհասաւ դառնալու Սանտիկի տիտղոսով կայսերական խորհուրդի անդամ (Իպն Խալտուն զայն կը կոչէ վեզիր)։ Քանդողը փորձեց օրիկանացնել իր կառավարումը` տապալած մանսայի մօր հետ ամուսնութեամբ, բայց շուտով ինքն ալ տապալեցաւ «Մարի Տիաթայի հարազատներէն» մարդասպանի մը ձեռքով։

Անկում

Խմբագրել

1390-ին գահ բարձրացած Կէյթա հարստութեան ներկայացուցիչ Մագան Գ.-ը (Մահմուտ Ա.) մալիական վերջին մանսան եղած է, զոր կը յիշատակեն արաբական պատմիչ-աշխարհագրագէտները։ Այսպիսով, արդէն մինչեւ այդ դարու աւարտը Մալին սկսաւ կորսնցնել իր ազդեցութիւնը ներքին երկպառակտչութեան եւ դրացի ցեղերու արշաւանքներու պատճառով (այսպէս, հարաւէն Մալին կը նեղէր մոսի ազգութիւնը, որը 1400-ին աւերիչ ասպատակութիւն կատարեց Տեպօ լիճի շրջանին մէջ)։ Կայսրութենէն դուրս եկաւ Կաօն, որ դարձաւ Արեւմտեան Սուտանի մէջ ծագած այլ մեծ պետութեան մէջ` Սոնկայ պետութեան կեդրոն։

15-րդ դարու սկիզբէն Սոնկայը սկսաւ դուրս մղել Մալին, եւ կէսերուն անիկա դարձաւ գերիշխող պետութիւն տարածաշրջանին մէջ 1433-ին Մալին կորսնցուց վերահսկողութիւնը մեծ քաղաքներ Տիմպուկթուի, Արաւանի եւ Ուալատուի նկատմամբ, որոնք գրաւած էին թուարեկները, իսկ մօտ 1460-ին սոնկայական տիրակալ (շի) Սուլէյման Տաման գրաւեց Մեմու քաղաքի արեւմտեան մասը, որ երկար ժամանակ Մալի կայսրութեան մաս կը կազմէր: Անոր յաջորդին՝ Սոննի Ալի Պեր (շի)ի օրերուն Սոնկայը վերջնականապէս գերազանցեց Մալիին։ 1545-ին սոնկայական տիրակալ ասկիյա Տաուտը նոյնիսկ գրաւեց Մալիի մայրաքաղաքը, իսկ 1558-ին ամուսնացաւ մալիական թագաւորի աղջկան հետ։

Ի դէպ, դերեւս շուրջ 1510-ին աշխարհագրագէտ Լէօ Ափրիկեցին այցելելով Սոնտային եւ Մալիի պատկանող տարածքները, վերջինիս մայրաքաղաքը նկատած է բարգաւաճ, հացահատիկով, անասունններով եւ արհեստագործական արտադրութեամբ ապահովուած։ Այնուամենայնիւ, նոր սպառնալիք յառաջացավ. Թեկրուր սենեկալեան երկրի Մալիին նախկին տուրք վճարողները 1530-1535 թուականներուն ամայացուցին Սենեկալէն հարաւ գտնուող հողերը։

Մալի պետությունը նոյնիսկ չկրցաւ օգտուիլ մարոքցի սուլթան Ահմատ ալ Մանսուրի կողմէ Սոնկայի ջախջախումէն։ Մանսա Մամատու Գ.-ը փորձեց պայքարի մէջ մտնել սոնկայական ժառանգութեան համար եւ կարճատեւ գրաւեց Ճեննէն, բայց մարոքի զօրքերը անոր ստիպեցին լքել քաղաքը։ 1598-ին Մալին եւ Մասինան փորձեցին ամրապնդուիլ Տիմպուկտուի շրջանին մէջ, բայց յաջորդ տարի արդէն վերջնականապէս ջախջախուեցան Մարոքի ուժերու կողմէ։ Մահմուտ Դ.-ի մահէն ետք մօտաւորապէս 1610-ին Մալիի կայսրութիւնը կործանեցաւ։

1630-ին Պամպարա թագաւորութիւնը Ճեննէ կեդրոնով ժիհատ յայտարարեց Մալիի տարածքի միւս մահմետական պետութիւններուն, եւ 1645-ի արշաւանքէն ետք մանտինքա ժողովուրդի միակ ուժը մնաց Կանկապա քաղաքը։ 1667-ին կանկապական մանսա Մամա Մագան Դ.-ն նոյնիսկ գրոհեց Պամանի մայրաքաղաք Սեկու Կորոյի վրայ, բայց ստիպուած եղաւ նահանջել եռամեայ պաշարումէն ետք։ Ֆուլպէ եւ պամպարա ժողովուրդներու զօրքերը հակագրոհի անցան, պաշարեցին մալիական մայրաքաղաք Նիանը եւ հրդեհեցին զայն։ Մանսա Մագան, որ մինչեւ Կանկապան կը հետապնդուէր պամպարաներու կողմէ, ստիպուած եղաւ ձգել մայրաքաղաքը։

Երբեմնի հզօր կայսրութենէն մնաց ընդամէնը փոքր պետութիւն մը, որ կը ներառէր Նիկերի ներքին տելթայի արեւմուտքը եւ Ատլանտեան ովկիանոսի առափնեայ ծայրամասերը։ 17-րդ դարուն Կէյտա հարստութեան տիրակալներու ձեռքին մէջ մնացած էին միայն Սանկարանի գետի ափին գտնուող Կանկապա բնակավայրի մօտակայքը։ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն այդ հողերը գրաւեց Ֆրանսան, եւ 1895-ին միացաւ Ֆրանսական Արեւմտեան Ափրիկէին[3]։

Աշխարհագրութիւն եւ տնտեսութիւն

Խմբագրել
 
Մանսա Մուսա, Մալիի աւելի յայտնի տիրակալ (1307/12-1332/37). պատկեր Քատալոնական ատլասէն (1375)

Գլխաւոր պատմական աղբիւրը, որուն մասին կրնանք դատել միջնադարեան Մալի պետութեան աշխարհագրութեան եւ տնտեսութեան մասին, արձանագրուած յիշողութիւններն են արաբ ճամբորդող Պատուտայի, որ Մալի այցելած է 1352-ին, Սուլէյման մանսայի օրերուն[4]։

Կայսրութիւնը կը գտնուէր այնպիսի ժամանակակից պետութիւններու տարածքին մէջ, ինչպէս` Մալին, Կինէան, Սենեկալը, Պուրքինա ֆասոն, Մաւրիտանիան։ Երկրի հիմնական փոխադրութեան ուղին Նիկեր գետն էր, գլխաւոր բարեբեր շրջանները կը գտնուէին անոր ներքին տելթային մէջ։

Մալիի հարստութիւնը կը յենուէր Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու հետ անդրսահարեան ուղիներու առեւտուրի վրայ, ինչպէս` ոսկիի եւ աղի արդիւնահանման եւ արտահանման վրայ։ Շնորհիւ Բամբուկ եւ Բուրէ հանքավայրերու միջերկրական ծովուն շուկային մէջ ոսկիի հիմնական զանգուածը կը բերուէր Մալիէն։ Վաճառականները անապատի միջոցով Մալիէն կը բերէին նաեւ փղոսկր, ռնգեղջիւրի եւ ափրիկեան այլ կենդանիներու կաշի։

Մալիի մեծագոյն քաղաքներն էին Թիմպուկտուն, Կաօն, Ճեննէն։ Կայսրերը (մանսա), իշխող վերնախաւը եւ առեւտրական դասը կը դաւանէին իսլամ, մնացած բնակչութիւնը հակուած էր աւանդական շամանական հաւատալիքներուն։

Մալի կայսրութեան մանսաները Կէյթա հարստութենէն

Խմբագրել

Մանսա առաջին տիտղոսակիրը (մանիերէն` Mansa — բառացի՝ «թագաւորներու թագաւոր») եղած է Մալիի կայսրութեան հերոս հիմնադիր Սունտիաթա Կէյթան։ Անոր հիմնադրած Կէյթա հարստութիւնը սկիզբ կ'առնէ Պիլալի Պունամայէն, որուն նոյնացուցած են Մարգարէ Մուհամետի ուղեկից Պիլալ իպն Ռապահի հետ։

Այնուամենայնիւ, այս տուեալները բացարձակ չեն, եւ ակադեմական գիտութեան մէջ կը գերակշռեն տարբեր տեսանկիւններ։ Տիրակալութեան ժամկէտները, որոնք նշուած են ստորեւ բերուած ցանկին մէջ, վերցուած են Մորիս Տելաֆոսսի հետազօտութիւններէն եւ հաշուարկուած են շուրջ հարիւր տարի առաջ, խիստ պայմանական են։ Տելաֆոսսի հաշուարկները, որոնք հիմնուած են այն տեղեկատուութեան վրայ, որ արձանագրած է թունուզցի պատմաբան Իպն Խալտունը, ժամանակակից պատմաբաններու կողմէ քննադատութեան կ'ենթարկուին, եւ հիմնականին մէջ փոխուած են[5].

Կայսրութիւնը անկեցաւ Մահմուտ Դ.-ի մահէն ետք։

Տես նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Walker, Sheila S., African roots/American cultures: Africa in the creation of the Americas, Published by Rowman & Littlefield, p. 127. (2001)
  2. «25 самых богатых людей в истории»։ Рейтинг։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-17-ին։ արտագրուած է՝ 2012-10-17 
  3. Мали[permanent dead link] / Г. О. Витухина // Большая российская энциклопедия : [в 35 т.] / гл. ред. Ю. С. Осипов. — М. : Большая российская энциклопедия, 2004—2017.
  4. «Цивилизации долины Нигера: легенды и золото. Часть II — Мали»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-02 
  5. Levtzion N. The Thirteenth and Fourteenth-Century Kings of Mali Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine. : [англ.] // Journal of African History. — 1963. — Vol. IV, no. 3. — P. 341—353.
  6. Մալիի հիմնադիրը ըստ Իպն Խալտունի վկայութեանИбн Хальдуна
  7. Sammis K. Focus On World History: The Era Of Expanding Global Connections — 1000—1500 C.E. : [англ.]. — Portland, ME : J. Weston Walch Publishing, 2002. — P. 66. — 146 p. — ISBN 0-8251-4369-1, ISBN 978-0-8251-4369-4.

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Blanchard, Ian (2001)։ Mining, Metallurgy and Minting in the Middle Ages Vol. 3. Continuing Afro-European Supremacy, 1250–1450։ Stuttgart: Franz Steiner Verlag։ ISBN 3-515-08704-4 
  • Cooley William Desborough (1966) [1841]։ The Negroland of the Arabs Examined and Explained։ London: Routledge։ ISBN 0-7146-1799-7 
  • Delafosse, Maurice (1972) [1912]։ Haut-Sénégal Niger l'histoire (French)։ Paris: Maisonneuve & Larose։ ISBN 2-7068-0535-8 
  • Goodwin, A. J. H. (1957), «The Medieval Empire of Ghana», South African Archaeological Bulletin 12: 108–112 
  • Hempstone, Smith (2007)։ Africa, Angry Young Giant։ Whitefish: Kessinger Publishing, LLC։ ISBN 0-548-44300-9 
  • Insoll, Timothy (2003)։ The Archaeology of Islam in Sub-Saharan Africa։ Cambridge: Cambridge University Press։ ISBN 0-521-65702-4 
  • Ki-Zerbo, Joseph (1978)։ Histoire de l'Afrique noire: D'hier à demain։ Paris: Hatier։ ISBN 2-218-04176-6 
  • Ki-Zerbo, Joseph (1997)։ UNESCO General History of Africa, Vol. IV, Abridged Edition: Africa from the Twelfth to the Sixteenth Century։ Berkeley: University of California Press։ ISBN 0-520-06699-5 
  • Levtzion N. (1963)։ «The thirteenth- and fourteenth-century kings of Mali»։ Journal of African History 4 (3): 341–353։ JSTOR 180027։ doi:10.1017/S002185370000428X 
  • Levtzion Nehemia, Hopkins John F.P., խմբգրնր․ (2000)։ Corpus of Early Arabic Sources for West Africa։ New York: Marcus Weiner Press։ ISBN 1-55876-241-8  First published in 1981 by Cambridge University Press, 0-521-22422-5.
  • Piga, Adriana (2003)։ Islam et villes en Afrique au sud du Sahara: Entre soufisme et fondamentalisme։ Paris: KARTHALA Editions։ էջեր 417 pages։ ISBN 2-84586-395-0 
  • Niane, D. T. (1994)։ Sundiata: An Epic of Old Mali։ Harlow: Longman African Writers։ ISBN 0-582-26475-8 
  • Niane, D. T. (1975)։ Recherches sur l’Empire du Mali au Moyen Âge։ Paris: Présence Africaine 
  • Stiansen, Endre & Jane I. Guyer (1999)։ Credit, Currencies and Culture: African Financial Institutions in Historical Perspective։ Stockholm: Nordiska Afrikainstitutet։ ISBN 91-7106-442-7 
  • Stride, G. T. & C. Ifeka (1971)։ Peoples and Empires of West Africa: West Africa in History 1000–1800։ Edinburgh: Nelson։ ISBN 0-17-511448-X 
  • Taagepera Rein (1979)։ «Size and Duration of Empires: Growth-Decline Curves, 600 B.C. to 600 A.D.»։ Social Science History 3 (3/4) 
  • Thornton, John K. (1999)։ Warfare in Atlantic Africa 1500–1800։ London and New York: Routledge։ էջեր 194 Pages։ ISBN 1-85728-393-7 

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  • Conrad David C. (1994)։ «A town called Dakajalan: the Sunjata tradition and the question of Ancient Mali's capital»։ Journal of African History 35 (3): 355–377։ JSTOR 182640։ doi:10.1017/s002185370002675x 
  • Hunwick John O. (1973)։ «The mid-fourteenth century capital of Mali»։ Journal of African History 14 (2): 195–206։ JSTOR 180444։ doi:10.1017/s0021853700012512 
  • Levtzion Nehemia (1973)։ Ancient Ghana and Mali։ London: Methuen։ ISBN 0-8419-0431-6