Փղոսկր
Փղոսկր, փիղերու ժանիքներէն ստացուող թանկարժէք, դիւրին մշակուող եւ յղկուող նիւթ մը, որմէ կը պատրաստեն շքեղ առարկաներ եւ զարդեր։
Օգտագործման սահմանափակում
ԽմբագրելԵրկար ատեն փղոսկրը արտահանած են Ափրիկէէն (Քոթ տ'Իվուար), Հնդկաստանէն եւ Չինաստանէն։
Փիղերու քանակին աճին նուազեցման պատճառով՝ բազմաթիւ երկիրներու մէջ փղոսկրի արտահանման եւ առեւտուրի ամբողջական կամ մասնակի արգելք սահմանուած է։
1989-ին, ՄԱԿ-ը փղոսկրի առեւտուրի 9-ամեայ արգելք մը սահմանած է, որուն հետեւանքով փիղերու քանակը աճած է, սակայն դարձեալ անկում ապրած է, երբ արգելքը վերցուած է աղքատ երկիրներու մէջ։
Ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս՝ Զիմպապուէյը, Զամպիան, Նամիպիան եւ Պոթսուանան, կը պնդեն, որ փղոսկրի առեւտուրը անհրաժեշտ է ինչպէս տնտեսութեան զարգացման, այնպէս ալ շրջակայքին շատ վնասներ հասցնող փիղերու մեծ թիւը կրճատելու տեսանկիւնէն։
2002-ին ՄԱԿ-ը մասամբ չեղարկած է փղոսկրի առեւտուրի արգելքը՝ արտօնելով, որ քանի մը երկիր սահմանափակ թիւով փղոսկր արտահանէ։
Անասուններու պաշտպանութեան միջազգային ֆոնտին (IFAW) ճնշումով՝ 2007-ին «ԻպԷյ»ը իր կայքին մէջ արգիլած է փղոսկրէ պատրաստուած առարկաներու վաճառքը։ Որոշումը ընդունուած է ափրիկեան փիղերու զանգուածային սպանութենէն ետք, որոնցմէ ամէնէն մեծ աղմուկը բարձրացած է 2006-ին, Չատի Զաքումա շրջանին մէջ կազմակերպուած ոչնչացումէն ետք (սպաննուած էր աւելի քան 100 փիղ)[1][2]։
Քենիան փղոսկրի վաճառքի գլխաւոր քննադատն էր: 2010-ին Տոհայի զարգացման նուիրուած յատուկ խորհրդաժողովին, Քենիան եւ անոր պաշտպան 22 երկիր կ'որոշեն փղոսկրի առեւտուրի 20-ամեայ արգելք հաստատել[3]։
Վերջերս, այն կազմակերպութիւնները, որոնք փիղերու պաշտպանութեամբ կը զբաղին, կը նկատեն, որ փիղերու աճը պայմանաւորուած է որսագողութեան դէպքերու նուազին և փղոսկրի առեւտուրի արգելքներուն հետ։ Սակայն Կեդրոնական Ասիոյ եւ Արեւմտեան Ափրիկէի փիղերը գրեթէ ոչնչացած են որսագողերու կողմէ։ Վայրի փիղերու ապօրինի որսը կը շարունակուի Չինաստանի, Վիեթնամի, Լաոսի, Քամպոտիոյ եւ Ինտոնեզիոյ մէջ։ Միանմարի մէջ գրանցուած են նոյնիսկ ընտանի փիղերու առեւանգման դէպքեր՝ փղոսկր ստանալու նպատակով։
Փղոսկրին յատկութիւնները
ԽմբագրելՓղոսկրի ամէնէն լաւ տեսակները թարմ վիճակի մէջ կիսաթափանցիկ են, կարծր, ժամանակի ընթացքին աւելի ուշ կը դեղնին։
Նուազ թափանցիկ, աւելի մութ գոյնի փղոսկրը աւելի քիչ կ'արժեւորուի։
Փիղին ժանիքները կ'ունենան 2.5մ երկայնք եւ 90քկ ծանրութիւն, թէեւ կան 10քկ կշռողներ։
Սովորաբար ժանիքները ոլորուած են շրջանաձեւ. երբեմն կարելի է հանդիպիլ երկակի թեքութեան ժանիքներու։ Փղոսկրը հիմքէն մինչեւ երկարութեան կէսը խողովակաձեւ է, սրածայր մասին մէջ ոսկորին պատերը կը հաստնան։
Արժէքաւոր է այն փղոսկրը, որ դանդաղ կը չորնայ, որպէսզի չճաթի։
Փղոսկրը կը սղոցեն շատ նուրբ սղոցով։ Սղոցելու ընթացքին, զայն ջուրով կը թրջեն, որ չճաթի։
Քանի որ նիւթը թանկարժէք է, կը փորձեն օգտագործել նոյնիսկ մշակման ընթացքին յառաջացած մանր աւելցուքները։
Կիրարկում
ԽմբագրելՓղոսկրով անցեալին պատրաստած են ծխամորճեր եւ գիրքերու կազմեր։
Կ'ըսուի, թէ հին յոյները փղոսկրէ արձաններ պատրաստած են, սակայն պահպանուած ոչ մէկ նմուշ կայ[4]։
Փղոսկրէ պատրաստած են նաեւ խաղաքարեր եւ զառեր։
Նեկայիս կը պատրաստեն պիլիարտի գնդակներ եւ դաշնամուրի ստեղներ[5]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Round the horn»։ The Economist
- ↑ «Conservationists cry foul of Southern Africa ivory auction» Afrol News, accessed 22 January 2009
- ↑ Gathura, Gatonye (2010 թ․ մարտի 23)։ «Our elephants are safe, for now»։ Daily Nation։ էջեր 1, 2։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010 թ․ մարտի 24-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ մարտի 24
- ↑ Quatremière de Quincy, «Le Jupiter Olympien», Пар., 1815
- ↑ «Could plant ivory save elephants?»։ CNN։ 2005 թ․ ապրիլի 26։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ մայիսի 5
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Փղոսկրի միջազգային ընկերութիւնը[permanent dead link]
- Փղոսկրին յատկութիւնները Archived 2008-10-17 at the Wayback Machine.