Աքրոթիրի հնավայր

Աքրոթիրի հնավայր (յուն․՝ Ο Προϊστορικός Οικισμός του Ακρωτηρίου), կը գտնուի Սանթորինիին հարաւ-արեւմտեան ծայրամասի Աքրոթիրի գիւղը, Ֆիրա մայրաքաղաքէն 15 քլ․ հեռու։ Հնավայրը երեւան եկած է, երբ հնագէտ Սփիրոս Մարինաթոս եւ աշխատախումբը 1967-ին կանոնաւոր հերթականութեամբ հնագիտական պեղումներ կը կատարեն։

Բնակավայր
Աքրոթիրի հնավայր
Ο Προϊστορικός Οικισμός του Ακρωτηρίου
Աքրոթիրի հնավայր, Սանթորինի
Երկիր  Յունաստան
Առաջին յիշատակում Ք․Ա․ 5-րդ հազարամեակ
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Աքրոթիրի գիւղը եւ հնավայրը․ բնակչութեան թիւն է 355․

Հնագիտական պեղումներ

Խմբագրել
 
Նախապատմական Աքրոթիրի․ հնագիտական պեղումներու տարածքը

Առաջին փաստերը թէ Սանթորինի (Թիրա) բնակուած է նախապատմական շրջանէն կը յայտնաբերուին ԺԹ․ դարուն։ 1866-ին Ֆրանսացի ճարտարագէտ Ֆերտինան տէ Լեսեփս Սանթորինիի հողը կը գործածէ Սուէզի ջրանցքին բացման աշխատանքներուն համար։ 1870-ին Ֆրանսական Հնագիտական Դպրոցին կողմէ հնագիտական պեղումները կը յայտնաբերեն հնավայրի այսօրուան կոչուած Դ․ բաժանումը Συγκρότημα Δ՝ Աքրոթիրի գիւղին հարաւը։ Սակայն, կանոնաւոր հերթականութեամբ հնագիտական պեղումները կը սկսին 1967-ին։

Յայտնաբերումներ

Խմբագրել
 
 
Աքրոթիրի հնավայր․ եռակիւնաձեւ հրապարակը

Հնագիտական յայտնաբերումները կը փաստեն թէ շրջանը բնակուած է Ք․Ա․ 4500-ին եւ Ք․Ա․18-րդ դարուն բնակավայրը քաղաքի վերածուած է։ Ք․Ա․ 17-րդ դարուն քաղաքը կը կործանուի հրաբխային պայթումին ընթացքին որ նաեւ կը պատճառէ Մինոասեան քաղաքակրթութեան կործանումը։

Յայտնաբերուած բնակավայրին շէնքերը երկյարկանի եւ կամ եռայարկանի են։ Անոնք շատ լաւ վիճակի մէջ գտնուած են, որովհետեւ դարեր շարունակ ծածկուած էին հրաբխային մոխիրով։ Տուներուն յատակը հերձաքարէ եւ կամ սեւաքարէ է, իսկ առաստաղը կառուցուած է փայտով եւ կամ եղէգով, որոնց վրայ կոխուած հող կը զետեղէին։ Քաղաքին փողոցները քարաշէն են։ Հարուստ տուներու վերի յարկերուն պատերը զարդարուած էին որմանկարներով։ Կաւէ կոյուղիները եւ ջրուղիները կը գտնուէին շէնքերուն պատերուն մէջ եւ կը հանգէին քարաշէն փողոցներուն տակը։

Հնավայրի դիրքը իտէալ է նաւակայքի համար․ ապահով, որովհետեւ կը պահպանէ հիւսիսային քամիներէն եւ մակերեսի ձեւաբանութիւնը կը նպաստէ երկրագործական գործունէութեան զարգացման։ Կը կարծուի թէ կղզիին մայրաքաղաքն էր։

Պատկեր:Akrotiri Minoan site Akrotiri Triangle Square.jpg
Աքրոթիրի հնավայր․ եռանկիւնաձեւ հրապարակին համայնապատկերը

Նախընթացիկ երեւոյթներ եւ հրաբուխին ժայթքումը

Խմբագրել

Հնագիտական պեղումներուն ընթացքին երբեք չեն գտնուած մարդու կմախքներ։ Կ՛ ենթադրուի թէ շարք մը զգուշացնող/ազդարարող երկրաշարժներ, բնակիչներուն ստիպած են կանուխէն լքել բնակավայրը։ Այդ կը փաստեն ճամբաներ բանալու կիսատ մնացած աշխատանքները եւ հողակոյտի վրայ կուտակուած կարասներու մեծ թիւ մը․ հաւանաբար հոն դրուած էին, որպէսզի փոխադրուին աւելի ապահով վայր մը։ Ինչպէս նաեւ կաւէ անօթներ, կերպասներ եւ զանազան ամաններ կուտակուած դուռերուն տակ եւ կամ որմնախորշերուն մէջ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Որմանկարներ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել