Բազէներու հիւանդանոցը
Բազէներու հիւանդանոցը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ բազէներու համար հիմնուած առաջին պետական բժշկական հաստատութիւնը[1]:
Բնակավայր | |
---|---|
Բազէներու հիւանդանոցը | |
Երկիր | Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ |
Հիմնադրուած է՝ | 1999 |
Պաշտօնական կայքէջ | falconhospital.com |
Հիմնուած է 3 Օգոստոս 1999-ին:
Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ հաստատութիւնն է, որ կ'ընդունի տարեկան 11,000 բազէ[2]:
Բաժանմունքներ
ԽմբագրելՀիւանդանոցը օժտուած է ամէնէն արդի մեքենաներով եւ գործիքներով: Շողանկարումի բաժանմունք, վիրահատութեան ջերմացուող սեղան, գործարանները, աչքերը, թեւերը եւ ոտքերը քննելու մեքենաներ. 24 ժամ 24 ժամի վրայ բանող անասուններուն համար շտապ օգնութեան կեդրոն:
Բազէներու հանդէպ սէր
ԽմբագրելԱյս բազէներուն գինը կրնայ հասնիլ մինչեւ 65 հազար տոլարի: Այս գինը չի վախցներ էմիրութեան քաղաքայինները, որոնք դարերէ ի վեր բազէներու մեծ սիրահարներ են: Երբ անոնք տակաւին թափառաշրջիկ էին, անոնք բազէները կը բռնէին, երբ այդ թռչունները գաղթի ճամբուն վրայ կ'ըլլային եւ կ'անցնէին իրենց հողերուն վրայէն: Զանոնք ընտելացնելու համար անապատի արաբները բազէն իրենց թեւին կը կապէին 2 շաբաթ, առտու իրիկուն: Թռչունին եւ մարդուն միջեւ բարեկամութիւն մը կը հաստատուէր:
Ներկայիս արգիլուած է վայրի բազէներ որսալ այդ երկիրներուն մէջ, բայց կարելի է ձեռք ձգել անասնաբուծութեան կեդրոններէն: Տակաւին մինչեւ այսօր արաբները այս թռչուններուն հետ կը վերաբերին իրենց զաւակներուն նման:
Բազէները նոյնիսկ իրաւունք ունին անցագիր ունենալու:
Բազէներու խնամք
ԽմբագրելԱրաբական թերակղզիի բնակիչները կ'ուզեն, որ իրենց բազէները առողջ ըլլան, երբ որսորդութեան եղանակը սկսի: Հետեւաբար անոնք թռչունը կանոնաւոր կերպով անասնաբուժին կը տանին ընդհանուր քննութեան համար:
Սպասման սրահին մէջ թռչուններուն աչքերը յատուկ կաշիէ գլխանոցով կը գոցուին, որպէսզի անոնք հանդարտ մնան մինչեւ քննուելու ժամանակը:
Շողանկարի բաժանմունքը անհրաժեշտ է, որովհետեւ բազէները, որոնք կրնան թռչիլ մինչեւ ժամական 350 քմ արագութեամբ, հիւանդանոց կը բերուէին յաճախ արգելքի մը զարնուելէ ետք:
Տարին երկու անգամ պէտք է անոնց մագիլները տաշել, այլապէս անոնք կրնան թռչունին ոտքերը վիրաւորել, եւ վէրքը կրնայ անմիջապէս բորբոքիլ[3]: