Բենիամին Գուլագեան

Բենիամին Գուլագեան, ծնած Ատաբազար 1891 թիւականին. աղքատ ընտանիքի զաւակ, փոքր հասակէն կը կորսնցնէ հայրը, բայց մօրը ջանքերուն շնորհիւ կ՝աւարտէ տեղւոյն ազգային վարժարանը:

Բենիամին Գուլագեան
Ծնած է 1891

Ուսումնատենչ պատանին կը մտադրէ բժշկութիւն ուսանիլ, եւ ատեն մը դեղագործութիւն ընելէ յետոյ կը յաջողի ընդունուիլ Պէյրութի Ֆրանսական Համալսարանը։ Ահա կը սկսի դժուար շրջան մը, որովհետեւ զուրկ է նիւթական միջոցներէ։

Ազգային ճակատի վրայ, Տօքթ. Գուլագեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն՝ իբրեւ Ատենապետ քաղաքական ժողովի, գաւառականի եւ երկու տարի ալ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի։ Մեծ դեր ունեցած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Կարմիր Խաչի մէջ իբրեւ անդամ, ատենապետ եւ տեւական օգնող, 1926 թուականէն մինչեւ իր մահը, անդամ էր Պէյրութի գաւառական ժողովին. մեռաւ սրտի հիւանդութենէ 11 Մայիս 1943 թուականին:

Պէյրութի մէջ, Տօքթ. Գուլագեան 33 տարի ծառայեց ազգին զոհաբերութեամբ։ Իրեն համար ազգային յուղարկաւորութիւն կատարուեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցան 4-5000 սգակիրներ։ «Ազդարար»ի 15 Մայիս 1943 թուին ի միջի այլոց կը կարդան նաեւ կարգ մը դամբանականներ՝ խօսուած տօքթ. Գուլագեանի մահուան առթիւ:

Պրն. Գասպար Իբէկեան Համազգային Միութեան եւ Հայ Ճեմարանի կողմէ խօսք առնելով կ՝ըսէ.-

«Ես եկայ Սեղարը գովելու եւ ո՛չ թէ թաղելու», ու կը պանծացնէ հանգուցեալը «որպէս կարող ու անձնուէր բժիշկ, որպէս ազգային արդիւնաւոր վարիչ, կուսակցական (դաշնակցական) մաքուր ղեկավար եւ վերջապէս աշխատակիցը Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Օգնութեան Խաչի[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 306-307։