Բողոքականներու դպրոց (Տերսիմ)

(Վերայղուած է Բողոքականներու դպրոցը-էն)

Բողոքականներու դպրոցը(Տերսիմ, Չմշկածաք, Իւչպէկ թաղ), կը հիմնուի 1891 թուականին, Սենեքերիմ Ինճէեանի կողմէ, որ կ՚ըլլայ նաեւ դպրոցին առաջին ուսուցիչը։ Սկզբնական շրջանին դպրոցի համար կը գործածուէր Ինճէեանի տան սենեակներէն մէկը։ Բայց 1895-ին, երբ Իւչպէկ թաղին մէջ կը կառուցուի բողոքական ժողովարանը, այստեղ ալ կը փոխադրուի դպրոցը իր մօտ 20 երկսեռ աշակերտներով։ Աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կ՚աճի եւ կը հասնի մօտ 40 երկսեռ աշակերտի։ Բացի դպրոցին հիմնադիր Սենեքերիմ Ինճէեանէ, այս դպրոցին մէջ դասաւանդած են Պատուելի Պէշկէօթիւրեան (Խարբերդէն), Պատուելի Կարապետ Կիւլեան (Սարըգամըշէն), Պատուելի Սահակ Յովսէփեան (Չմշկածագէն), Յովհաննէս Աշոտեան (Կարմրի գիւղէն), Մեսրոպ Ժամկոչեան եւ Ագապի Թադեան[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել