Գալֆայեան Վարժարան (Սկիւտար)

Գալֆայեան Վարժարան (Սկիւտար), Պոլսոյ մէջ գտնուող հայ վարժարան՝ նախակրդարան-միջնակարգ: Վարժարանը հիմնադրուած է 1866-ին՝ Ներսէս վարժապետի եւ Սրբուհի Գալֆայեան մայրապետի ջանքերով[1]։

Գալֆայեան Վարժարան
Տեսակ Տարրական վարժարան եւ Միջնակարգ վարժարան
Հիմնադրուած է 1866
Երկիր  Թուրքիա
Տեղագրութիւն Սկիւտար
Կայքէջ kalfayan.k12.tr

Վարժարանը մինչեւ 1900 ծառայած է որբերու պատսպարան ու ձեռական աշխատութիւններու դպրոց։

1900-էն մինչեւ 1928 թուական իր երդիքին տակ պատսպարած է որբուհիներ՝ զանոնք խնամելով մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը։

1928-ին գիշերօթիկ վարժարանի վերածուելով շարունակած է իր գոյութիւնը։

Հալըճըօղլուի մէջ կառուցուած վարժարանը 1971-ին Վոսփորի առաջին կամուրջի շինութեան առթիւ շրջանային ճանապարհներու բացման պատճառաւ ապասեփականացուելով կը փլցուի։ Վարժարանը կը փոխադրուի Սկիւտար։

Ներկայիս վարժարանի Սկիւտարի շէնքը կը ծառայէ որպէս ննջարան Գալֆայեանի աշակերտութեան։ Գալֆայեան Վարժարանը կը գործէ Սկիւտարի Սէմէրճեան-Ճեմարան Վարժարանի շէնքին մէջ նախակրթութեան ու միջնակարգի բաժիններով։ Որ կը մնան եւ կ'ուսանին որբ կամ նեղ կացութեամբ մեծաւ մասամբ աղջիկները[2]:

Այժմ վարժարանի Սկիւտարի շէնքը կը ծառայէ իբրեւ ննջարան Գալֆայեանի աշակերտութեան։ Իսկ Գալֆայեան Վարժարանը կը գործէ Սկիւտարի Սէմէրճեան-Ճեմարան Վարժարանի շէնքին մէջ նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններով։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. maik1970 (2017-05-08)։ «Գալֆայեան վարժարանի 150ամեակը»։ Azat Or։ արտագրուած է՝ 2022-01-26 
  2. ««... Պոլսահայն Ալ, Միւս Բոլոր Հայերուն Նման, Կը Յիշէ Եւ Կը Պահանջէ...». Բագրատ Էսդուքեան. «... Եթէ Թուրքիա Ժողովրդավար Երկիր Մը Ըլլայ, Ցեղասպանութեան Հարցն Ալ Կը Լուծուի». Սայաթ Թեքիր»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-04-17։ արտագրուած է՝ 2022-01-26 

Աղբիւրներ

Խմբագրել