Գաղափարախօսութիւն

Գաղափարախօսութիւն (յուն․՝ ιδεολογία, ծագած է ιδεα - «նախատիպ», «գաղափար» եւ λογος - «բառ», «միտք», «ուսուցում» բառերէն), գաղափարներու եւ հայեացքներու համակարգ, կ՛արտացոլէ հասարակութեան տարբեր խաւերու, խումբերու վերաբերմունքը իրականութեան հանդէպ, կ՛արտայայտէ անոնց արմատական շահերը, մտայնութիւնը եւ պահանջները[1]։

Հասկացութեան պատմութիւն

Խմբագրել

«Գաղափարախօսութիւն» եզրը սկսած է կիրառուիլ Ֆրանսայի մէջ 18-րդ դարու վերջը Տեսդուդ տէ Թրանսիի կողմէ, որ Էթիէն Պոննոթ տը Քոնտիլլաքի հետ միասին կը փորձէր ստեղծել գիտութիւն մը՝ գաղափարներու ձեւաւորման ընդհանուր սկզբունքներու ու մարդկային գիտակցութեան հիմքերու մասին։ Իբրեւ Ջոն Լոքի զգացական իմացաբանութեան հետեւորդ՝ տէ Թրանսի գործածութեան մէջ դրաւ այս եզրը՝ գաղափարներու մասին ուսմունքը բնորոշելու համար։ Ան գաղափարախօսութիւնը կը բնորոշէր իբրեւ զգայական փորձէն առաջացած գաղափարներու ծագման ընդհանուր օրինաչափութիւններու մասին ուսմունք։ Այս ուսմունքը պէտք է հանդէս գար գիտական եւ հասարակական կեանքի մէջ՝ իբրեւ կողմնորոշման հիմնական սկզբունք։ Այդ պատճառով տէ Թրանսին գաղափարախօսութեան մէջ կը տեսնէր բարոյականութեան հիմունքներու, քաղաքականութեան, իրաւունքի մասին գիտելիքներու համակարգ։

Տեսդուդ տէ Թրանսի ու Քոնտիլեաք կը փորձէին ազդել Նափոլէոնի վարած քաղաքականութեան վրայ։ Նափոլէոնի պատճառով «գաղափարախօսութիւն» բառը ձեռք բերաւ նուաստացնող իմաստ, որ կարծրացած է մինչեւ մեր օրերը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Նիկոլա Յարութիւնեան, Գուրգէն Գեղամեան, Նորագոյն պատմութիւն, Երեւան 156, էջեր 156 — 156 էջ. — 69000 հատ։