Գարեգին Քհնյ. Չօլագեան
Գարեգին Քհնյ. Չօլագեան, (ծն.՝ 1875,Կեսարիա- Յունուար 211931), աղւանի անունով՝ Յարութիւն։
Գարեգին Չօլաքեան | |
---|---|
Ծնած է | 1875 |
Ծննդավայր | Կեսարիա |
Մահացած է | Յունուար 21, 1931 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Քահանայ |
Երեխաներ | չորս զաւակ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԳարեգին Չօլագեան, յաճախած է տեղւոյն «Կիւմշեան» բարձրագոյն նախակրթարանը եւ շրջանաւարտ եղած է 1892-ին։
Համիտեան ջարդերէն ազատուած՝ Յարութիւն, ուսուցչութեան պաշտօնի կոչուած է իր աւարտած վարժարանին մէջ։
Տարիներ ետք, իր ուսուցչական ասպարէզին մէջ, անձնուէր ծառայութեան արձագանգը հասած է Կ.Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդին, որ 1912-ին յատուկ վկայականով մը արտօնած է իրեն Ազգային բոլոր վարժարաններուն մէջ, կրթական պաշտօն վարելու։
1914-ի զօրակոչին, զինուորական ծառայութեամբ ղրկուած է Գաղատիա։ Բանակի ծառայութիւնը աւարտած է 1919-ին, զինադադարին։ Ազգային Որբանոցի տնօրէնութիւնը վստահուած է իրեն, միաժամանակ պարապած է կրթական ու դաստիարակչական աշխատանքներով։
1921-ին, դարձեալ հրաւիրիւած է ուսուցչական պաշտօնի «Կիւմշեան» վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնավարած է մինչեւ 1924։
Տարի մը ետք, վերջնակաանապէս փոխադրուած է Հալէպ եւ հրաւիրուած՝ ուսուցչական պաշտօնի Կիլիկեան Նպաստից Միութեան Վարժարանին մէջ։
Պսակուած է հայրենակից օրիորդի մը հետ եւ բախտաւորած է չորս զաւակներով։
Ան գործնական քայլեր առած է եւ 22 Ապրիլ 1925-ին, նամակով քահանայութեան թեկնածութիւնը ներկայացուցած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ու կրօնական ժողովին։ Առաջնորդ՝ Հայր Սուրբին տնօրինութեամբ՝ անմիջական կարգադրութիւնները եղած են եւ 1925-ին, քահանայ ձեռնադրուած՝ վերակոչուելով Տէր Գարեգին։
Քահանայական քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը աւարտելէ ետք, Առաջնորդին թելադրութեամբ՝ ծառայած է Ճարապլուսի եւ թեմի այլ շրջաններուն մէջ։
Տէր Հօր վրայ մեծ համարում ունեցող Բերիոյ Թեմի նորաօծ եպիսկոպոս Տ. Արտաւազդ Սիւրմէեան, 9 Օգոստոս, 1929, թուակիր պաշտօնագրով Տէր Հայրը փոխադրած է Հալէպ եւ հոգեւոր հովիւ նշանակած Սուրբ Քառասնից Մանկնաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ։
Վախճան
ԽմբագրելԵրկար չէ տեւած քահանայական կեանքը։ Հազիւ վեց տարիներ։ Կեանքին հրաժեշտ տուած է 56 տարեկանին։ Տառապանքով բեռնաւորուած կեանքը փութացուցած է իր մահը։ Ան վախճանած է 21 Յունուար, 1931-ին։
Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարուած են ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ եպիսկոպոս Սիւրմէեանի, 22 Յունուար, 1931-ին, Ս. Քառասնից Մանկնաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազանը դամբանակին մէջ դրուատած է Տէր Հօր արժանիքները[1]։
Ծաօոթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 277։