ԳԷՈՐԳ ՊԱՂՃԵԱՆ (Վազգէն Այգունի, 1913, Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 23 Հոկտեմբեր 1999(1999-10-23)[1], Մոնրէալ, Քեպեք, Քանատա), հայ պատմաբան։

Գէորգ Պաղճեան
Ծնած է 1913
Ծննդավայր Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Հոկտեմբեր 1999(1999-10-23)[1]
Մահուան վայր Մոնրէալ, Քեպեք, Քանատա
Մասնագիտութիւն պատմաբան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գէորգ Պաղճեան ծնած է Ատանա, 1913-ին: Մեծն Եղեռնէն ճողոպրած ընտանիքին հետ հաստատուած է Լիբանան, ուր ապրած եւ գործածէ իբրեւեւ հրապարակախօս, կրթական մշակ-դաստիարակ, թատերագիր եւ պատմաբան, մինչեւ 1970:

1968-ին,յաջողութեամբ պաշտպանած է «Հայկական Հարցը» վերնագրով իր աւարտաճառը Մոնփելիէ Համալսարանի Իրաւական կաճառին առջեւ եւ ստացած է օրինական ընկերաբանութեան դոկտորի տիտղոսը:

1970-ին, գաղթած է Քանատա եւ հաստատուած է Մոնթրէալ, ուր շրջան մը ղեկավարած է Քոնքորտիա եւ ՄոնթրէալՔեպէք համալսարաններու հայագիտական ուսմանց բաժինները:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Կրթական-մանկավարժական գործունէութեան կողքին, հարուստ է նաեւ Պաղճեան պատմագրական վաստակը: Անոր պատմագիտական գործունէութիւնը նուիրուած է Հայկական ցեղասպանութեան փաստարկման եւ Հայ դատի ճանաչման հարցերուն: Իր գրչին կը պատկանին՝ Arméniens peuples tragiques, Le ргоblémе arménien, du négativisme turc a I'activisme arménien. Où est la solution? (1985), La confiscation par le gouvemement turc, des biens arméniens dits abandonés (1987), Réplique à Monsieur L'ambassadeur de Turquie à Ottawa (1991):

Արժեքաւոր ուսումնասիրութիւն մըն է նաեւ «La communauté Arménienne catholique de Montréal» աշխատութիւնը (1992): Իր կեանքի վերջին շրջանին, Պաղճեան կ՛աշխատէր հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած «La contentieux Armeno-Turc: De la falsification à la négation» հատորին վրայ:

Վերոյիշեալ հատորներէն բացի, Պաղճեան հեղինակ է նաեւ Ֆրանսերէն եւ Հայերէն գիտական բազմաթիւ յօդուածներու:

Ան եղած է Հիմնադիրը Մոնթրէալի «Արձագանգ Հայ Աշխարհին» պատկերասփիւռի յայտագրին: Նախագահը՝ «Fédération des groupes ethniques du Québec»ի:

1977-ին Պաղճեան արժանացած է Էլիզապէթ Բ. թագուհիի թագադրութեան 25 ամեակի մետալին:

1978-ին ընտրուած է «Ordre du Canada», իսկ 1992-ին Քանատայի կառավարութենէն ստացած է Քանատական համադաշնակցութեան 125 ամեակի մետալը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել