Գէորգ Քիւթներեան

Գէորգ Քիւթներեան (կամ Քիւնթերեան, հաւանաբար 1882, Պարտիզակ, Նիկոմիդիոյ գաւառակ, Պրուսայի նահանգ - 1915, Մեսքենէ), հայ դեղագործ։

Գէորգ Քիւթներեան
Ծնած է 1882
Ծննդավայր Պարտիզակ
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարան
Մասնագիտութիւն դեղագործ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է հաւանաբար 1882 թուականին Պրուսայի նահանգի, Նիկոմիդիոյ գաւառակի՝ Պարտիզակ աւանին մէջ։ 1907 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարանը։ Փարիզի մէջ տարրաբանական (քիմիական) կրթութիւն ստացած է։ «Ման­զու­մէի էֆ­քեար» թերթին մէջ յօդուածներ գրած է։ Նիկոմիդիոյ մէջ սեփական դեղատուն ունեցած է եւ դեղագործ աշխատած։

Մահացած է 1915 թուականին Մեսքենէի աքսորավայրին մէջ, ծայրահեղ թշուառութեան մէջ՝ սովէն ու հիւանդութիւններէն՝ մօտ 33 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։