Գիտութիւն եւ գիտելիք
«Գիտութիւն եւ գիտելիքը», գիտական պատկերազարդ ամսաթերթ էր։ Լոյս տեսած է 1928—29 թ․թ․-ին, Անտվերպենի մէջ (Պելճիքա) եւ 1930—31-ին՝ Ֆրումոազայի մէջ (Ռումանիա)։
Տպագրած է տեղեկութիւններ, յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ քիմիայի, ֆիզիկայի, բժշկութեան, ճարտարապետութեան, տիեզերական եւ երկրային երեւույթներու, գիւղատնտեսութեան մասին։ Անդրադարձած է նաեւ արեւի ներուժի օգտագործման, անտառի պաշտպանութեան ու մշակման, ելեկտրականութիւնը նոր բնագաւառներու մէջ կիրառելու խնդիրներուն։ «Հանրագիտակ» բաժնին մէջ պատմած է կենցաղային իրերու եւ նիւթերու պատրաստման, անոնց օգտագործման, պատասխանած ընթերցողներու հարցերուն։