Գիքորը (Պատմուածք)

«Գիքոր», Յովհաննէս Թումանեանի պատմուածքներէն։

Գիւղացի Համբոյի տունը կռիւ է, որովհետեւ ան որոշած է իր որդին՝ Գիքորին տանիլ քաղաք: Կ՛ուզէ, որ այնտեղ տղան աշխատանք ընէ եւ մարդ դառնայ: Կինը կ'աղաչէ ամուսնին, որ չձգէ իր որդիին այդ անիրաւ աշխարհը, սակայն Համբօն չի լսեր:

Համբօն կը ձգէ Գիքորին բազազ Արտէմի՝ հարուստ վաճառականի մօտ: Երեկոյեան հայրը վերջին խրատները կու տայ Գիքորին. աչքին ինկածը չվերցնել, ազնիւ ըլլալ, միշտ շնորհակալ ըլլալ: Բազազ Արտէմ անգամ չի վճարեր Գիքորի համար: Կ'ըսէ, որ դեռ ոչինչ գիտէ: Իրեն պիտի վճարեն, որ կը վերցնէ տղային: Քաղաքի կեանքը լրիւ նորութիւն է Գիքորի համար: Արտէմի կինը, որուն սրտով չէր Գիքորի մնալը, յանձնարարութիւններ կու տայ անփորձ տղային: Դժգոհ կը մնայ: Միայն բազազի մայր Դեդին կը սորվեցնէ Գիքորին, թէ ինչ պէտք է ընէ, ինչպէս ոտնամանները սրբէ, չոտկը բռնէ, ամանները լուայ... Բազազի խանութի աշկերտներն ալ շարունակ կը ծաղրեն անոր, «քիքի» կը կանչեն, քիթը կը քաշեն, գլխուն կը զարնեն, գլխարկը կը կոխեն ականջները։ Ամենաանտանելին, սակայն, անօթութիւնն է:

Բազազ Արտէմը դաժանօրէն կը ծեծէ Գիքորին այն բանէն ետք, երբ միամիտ երեխան իր հետ շուկային մէջ շրջելէն ետք տուն դառնալով, աղջիկ պարոնին հիւրերու ներկայութեամբ կը զեկուցէ, թէ բալը թանկ էր, չգնեցին: Անկէ ետք Արտէմը Գիքորին իր հետ խանութ կը տանի: Բայց այնտեղ ալ Գիքորն իր տեղը չէ: Կ'ուշացնէ Արտէմի ճաշը, ծեծի կ'ենթարկուի եւ սովի կը մատնուի:

Ցուրտ եղանակին խանութի առաջ յաճախորդներուն «էստի համեցէք» ըսող տկար Գիքորը կը մրսի եւ կը հիւանդանայ: Արտէմը կը տեղափոխէ անոր քաղաքային հիւանդանոց: Այստեղ ալ արդէն հոգեվարքի մէջ տղային վերջին անգամ կ'այցելէ հայրը: Երբ Գիքորը կը մեռնի, Համբօն կը թաղէ անոր, իսկ շորերը կը հաւաքէ ու կը տանի գիւղ, որ մայրը վրան լայ[1]:

Հետաքրքիր փաստեր

Խմբագրել
  • Պատմուածքը Հայֆիլմին մէջ կրանաւորուած է երկու անգամ՝ 1934 եւ 1982 թուականներուն։
  • Յովհաննէս Թումանեանի որդին՝ Արտաւազդ Թումանեանը, «Գիքորը» պատմուածքը վերածած է թատերգութեան եւ բեմադրած է Դսեղի մէջ, որուն ներկայ եղած է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Գիքորին պատմուածքին նիւթը
  2. «Յովհաննէս Թումանեանի զաւակները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-10-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-28