Գնդաձեւ Երկիր մոլորակը

Գնդաձեւ Երկիր մոլորակը, Ք. Ա. 6-րդ դարուն հին ժամանակներու յոյն գիտնականներու տեսութիւն մը, ուր անոնք կ'երեւակայեն, թէ երկրագունդը կլոր է:

Անոնք կը մտածեն, թէ Երկիր մոլորակը կը գտնուի տիեզերքին կեդրոնը: Ըստ անոնց, միւս աստղերը (լուսինը, արեւը եւ մոլորակներ) անոր շուրջ կը դառնան:

Գիտական Ուսումնասիրութիւններ

Խմբագրել

Ք. Ա. 4-րդ դարուն, յոյն գիտնականներ կը ճամբորդեն, կ'ուսումնասիրեն երկինքը եւ աստղերուն շարժումը:

Յոյն նշանաւոր գիտնական Արիստոտէլ կ'ուսումնասիրէ լուսինի խաւարումները: Ան կը նշմարէ, թէ երկրագունդին շուքը լուսինին վրայ կլորակ է: Անոր համար ասիկա փաստ էր, որ երկրագունդը գունդ մըն է[1]:

Էրասթոթեն գիտնականը կը հաշուէ երկրագունդին շրջագիծը: Ասոր համար ան կ'ուսումնասիրէ գաւազանի մը շուքին չափը նոյն ժամուն, սակայն իրարմէ հեռու երկու քաղաքներու մէջ: Այս հաշիւներուն շնորհիւ ան կը գտնէ, թէ շրջագիծը հաւասար էր 39,000 քիլոմեթրի: Անոր պատասխանը շատ մօտիկ է իրականութեան: Ներկայիս երկրագունդին շրջագիծը 40,000 քմ է[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել