Գործ (ամսագիր, Շուշի)

«Գործ», գրական, քաղաքական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1882-1884 թուականներուն, Շուշիի մէջ։ Խմբագիր՝ Ս․ Հախումեան։ Լուսաբանած է հասարակական-քաղաքական իրադարձութիւններ, անդրադարձած տնտեսական մշակութային, գրական խնդիրներու։ Լայն տեղ յատկացուցած է հողային հարցին՝ տպագրելով յատուկ յօդուածաշար։ Ընթերցողներուն ծանօթացուցած է ռուս, իրականութեան, զեմստուային հաստատութիւններու գործունէութեան հետ։ Տպագրած է Շիրուանզադէի, Սալտիկով-Շչեդրինի, Էսքիլէսի, այլ հեղինակներու գործերը։ «Գործ» ամսագիրը մեղադրուած է առաջադիմական, սոցիալիստական գաղափարներ քարոզելու մէջ եւ փակուած ցարակաեւ իշխանութիւններու կողմէ[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։