Գուսան (Կոմիտասի երգչախումբը)

«Գուսան» (Կոմիտասի Երգչախումբը), «Գուսան» երգչախումբը հիմնուած է 1910-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, Կոմիտաս վարդապետին կողմէ, հաշուելով 300 անդամ։

«Գուսան» երգչախումբը

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Գուսան, Կոմիտասի երկսեռ երգչախումբն է։ Գործած է 1910 - 1915 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: 1914 - 1915 թուականներուն կոչուած է «Հայ Գուսան»։

Երգչախումբին համերգները տեղի ունեցած են Բերայի «Պտի-Շան» թատրոնի, «Եունիոն Ֆրանսեզ»ի եւ այլ սրահներու մէջ։ Երգչախումբին անձնակազմը հիմնուած տարիներուն 300 երգողներէ կը բաղկանար, սակայն 1912-էն սկսեալ երգողներուն թիւը 200 հոգի կը կազմէր։

Կատարումներ

Խմբագրել

«Գուսան»ը բարձրորակ երգեցողութեամբ զանազան քաղաքներու մէջ հանդէս եկած է բազմաձայն կազմով, մեծաթիւ ձայնաբաժանումներով ու մեներգողներով, ինչպէս նաեւ իբրեւ կրկնակ խումբ։ Կատարած է Կոմիտասի խմբերգային երգերու, պարերգերու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու ընդարձակ շարքերը, «Պատարագ»ը, հայրենասիրական երգերու մշակումները, հայ ժողովրդական երգերը[1], արեւմտաեւրոպական հեղինակներու կարգ մը գործեր (մասնաւորապէս Վերտիի եւ Վակների օփերաներէն հատուածներ)։ Համերգներու ընթացքին կը ներկայացուէին Կոմիտասի բանաւոր կամ տպագիր բացատրականները։ «Գուսան»ի ելոյթները եղած են Կոստանդնուպոլսոյ ընդհանուր երաժշտական, հայ ազգային կեանքի կարեւոր երեւոյթը (25 Հոկտեմբեր 1913-ին ելոյթը դարձած է հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին եւ տպագրութեան 400-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան կարեւոր օղակներէն մէկը)։

«Գուսան»ի համերգները մեծ տպաւորութիւն ձգած եւ հիացումով ընկալուած են այդ օրերուն Պոլիս գտնուող տեղացի եւ եւրոպացի ամէնէն խստապահանջ մասնագէտներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողմէ[2]:

«Գուսան» Երգչախումբին Կազմութիւնը

Խմբագրել

1912 -ին, Եւրոպայէն դառնալէ ետք, Կոմիտասի առաջին մտահոգութիւնը կ'ըլլայ մարզուած մնայուն խումբ մը ունենալ:

Խումբին անդամակցելու պայմաններն էին.

  • Իգական սեռը 16 եւ արականը 18 տարեկանէն վեր պէտք էր ըլլային:
  • Դիմողները ձայն եւ լսողութիւն պէտք էր ունենային:
  • Խումբը պիտի ըլլար մնայուն:
  • Խումբին անդամները առանց թոյլտուութեան այլ տեղեր երգելու կարելիութիւն պիտի չունենային:
  • Մասնակցողները ընկերութիւն մը պիտի կազմէին, որ ենթակայ էր որոշ կանոններու:
  • Եկեղեցական, աշխարհիկ ազգային եւ օտար երաժշտութենէն հատընտիրներու ձրի ուսուցում պիտի կատարուէր:
  • Պիտի աւանդուէր նաեւ եւրոպական տարրական երաժշտութիւն, խմբական շնչամարզութիւն, ձայնամարզութիւն, ձայնական առողջապահութիւն, երգական վերլուծութիւն եւ երաժշտութեան համառօտ ընդհանուր պատմութիւն:
  • Ժողովատեղին էր Բերա, «Էսայեան» վարժարանին սրահը[3]:
  • Յատուկ դասերու (ձայնամարզութիւն, շնչամարզութիւն, ձայնական առողջապահութիւն, երգեցողութիւն, ներդաշնակութիւն, խմբավարութիւն)  կրնան հետեւիլմիայն երաժշտական ընդունակութեամբ օժտուածները: Այդպիսիներէն միայն նիւթական դժուարութիւն ունեցողները՝ ձրի:

Այդ օրերէն կը թուագրուի մնայուն երգչախումբը, զոր Կոմիտաս կը կազմէ ու կը մարզէ Պոլսոյ մէջ: Առաջին իսկ ծանուցումը բաւարար կ'ըլլայ, որ երիտասարդներու եւ պատանիներու ստուար խումբ մը իրեն վազէ Պոլսոյ բոլոր թաղերէն:

«Գուսան» երգչախումբին կորիզը Կեդրոնականի հին եւ նոր սաները կը դառնան, առաւելապէս անոնք, որոնք մարզուեր էին ատենին Չիլինկիրեանի եւ Մանասի ձեռքին տակ: Բայց Կոմիտաս կարիք ունէր իգական ուժերու ալ, եւ այդ ուժերը անոր կը հայթայթեն առաւելապէս Բերայի «Էսայեան» վարժարանը` վարդապետին տրամադրութեան տակ դնելով ուսուցչուհիներու ամբողջ խումբը եւ աղջկանց լրացուցիչ դասընթացքի երեք դասարանները:

Թէեւ զտումէ մը անցած էին այն 300 երգիչներն ու երգչուհիները, որոնցմով Կոմիտաս կազմեր էր իր առաջին համերգները Պոլսոյ մէջ: Բայց այդ զտուած խումբին մէջ անգամ փոքր թիւ մը չէին կազմեր երաժշտական հիմնական կրթութենէ զուրկ տարրերը, եւ եթէ «Գուսան»ը իր առաջին համերգներէն իսկ տպաւորութիւն կը ձգէ, այդ բանը ան պարտական էր խումբ մարզելու եւ վարելու մէջ Կոմիտասի ունեցած մոգական ուժին: Այն սաները, զորս անձամբ կը մարզէ ու կը հասցնէ պատրաստելով հմուտ երաժիշտներ` Բարսեղ Կանաչեան, Վարդան Սարգիսեան, Միհրան Թումաճեան, Վաղարշակ Սրուանտձեան, Հայկ Սեմերեճեան եւ Անդրանիկ Ապաճեան: Վեցը` այն տասնվեց սաներէն, զորս Կոմիտաս ընտրած էր, որպէսզի անոնց հետ անձամբ զբաղի: Սակայն Պալքանեան պատերազմը պայթելով` մեծ վարդապետին այս ծրագիրը կիսատ կը մնայ եւ ան կը յաջողի միայն վեցը դաստիարակել իր շունչով ու գիտելիքներով:[4] [5]

Ան թէ՛ գիտութեան եւ թէ՛ կառավարելու արուեստին հմուտ ըլլալով՝ իր չափազանց զուարթ բնաւորութեամբ կը բոցավառէ աշակերտներուն սէրը դէպի յուզական երաժշտութիւնը եւ կը համակէ անոնց հոգիները ճաշակաւոր եւ ազնուացնող արուեստով:

Անոր համերգներուն վեցամսեակին, արդէն Պոլսոյ եւ շրջապատի ժողովուրդները կը սկսին կրքոտ կերպով երգել հայ գեղջուկ երգեր:

«Գուսան» երգչախումբը մեծ դեր կ'ունենայ պոլսահայութեան կեանքին մէջ:

Կոմիտասի աննման համերգները Պոլսոյ վերնախաւը ոչ միայն կ'ուրախացնէին ու կը հիացնէին, այլ՝ կ'ոգեւորէին։ Այդ օտար գաղութավայրերուն մէջ եղած մտաւորականութեան ազնիւ եւ հայրենասէր մասը կը սկսի փառաւորուիլ եւ պարծենալ, որ ինքը հայ է։ Կը սկսի գիտակցիլ, որ իրենց արհամարհած գաւառցի հայը, որ մեր դարաւոր մշակոյթէն սաղմնային ժառանգութիւն ունի իր մէջ, անոր ստեղծագործական միտքն ու զգայութիւնը կերտած է նման նուրբ ու յուզիչ երաժշտութիւն։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել