Գրական սերունդ
«Գրական սերունդ», խորհրդային շրջանի հայկական գրական-գեղարուեստական, քննադատական ամսագիր։ Հայաստանի գրողներու միութեան եւ ՀԼԿԵՄ «Գրական սերունդ» ամսագրի շապիկը։ Հանդիսացած է ԿԿ-ի օրգան։ Հրատարակուած է 1934-1936 թուականներուն, Երեւանի մէջ։
Անդրադարձած է գրական վարպետութեան, մարքսլենինեան ագիտացիայի հարցերով։ Տպագրած եւ գրախօսած է երիտասարդ գրողներու գործերը, պատմած նշանաւոր հեղինակներու ստեղծագործական ուղիի մասին։ Ամսագրին մէջ հրատարակուած են ուսուցողական արժէք ունեցող նիւթեր, նմուշներ ռուս եւ եւրոպական դասականներու երկերէն։ Անդրադարձած է նաեւ գրական երիտասարդութեան դաստիարակութեան հարցերուն։