Գրիգորեան տոմար
Գրիգորեան Օրացոյց Աստղագիտական հաշիւներու վրայ հիմնուած՝ տարիներու եւ ժամանակահատուածներու որոշման համակարգ մը, այլ խօսքով՝ տարեցոյց մը:
Ժամանակակից՝ Գրիգորեան կամ Նոր տոմարը յաջորդած է հին հռոմէական՝ Յուլիոսի օրացոյցին կամ Հին տոմարին, ըստ որուն տարուան միջին տեւողութիւնը կը կազմէր 365,25 օր։ Որովհետեւ յուլիական տարուան տեւողութիւնը 11 վյրկ. եւ 14 երկվյրկ. աւելի է արեւադարձայինէն, ապա 128 տարուան ընթացքին կուտակուած սխալը կը կազմէր ամբողջ օր մը, իսկ մինչեւ 1582 տարբերութիւնը հասած էր 10 օրուան։ Սխալը կը սրբագրուի ԺԶ. դարուն՝ Հռոմի Գրիգորիս ԺԳ. պապին վերատեսութեամբ, ըստ որուն 4 Հոկտեմբեր 1582-ին կը յաջորդէ 15 Հոկտեմբերը։
Հայաստանի մէջ սովետական կարգերու հաստատումէն ետք՝ 1920-ին, նոյնպէս կ'ընդունուի Նոր տոմարը։ Ի. դարու կէսէն սկսեալ գրիգորեան տոմարէն կը սկսին օգտուիլ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան