Գրիգոր Թորոսեան

Գրիգոր Թորոսեան (1884, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915, Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), խմբագիր, գրող եւ լրագրող։

Գրիգոր Թորոսեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, հրատարակիչ, լրագրող, գրագէտ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր

Մանուկ հասակէն Պոլիս գալով նախնական կրթութիւն ստանալէ ետք՝ միջոց մը պաշտօնեայ եղած է հրապարակի վրայ։ Սկսնակի իր գրուածքները (Լիլայի զաւեշտաթերթերուն մէջ) լուրջ բաներ էին։ Քասեմի եւ Յ. Տէր Յակոբեանի թելադրութեամբ սկսած է մշակել երգիծական ճիւղը, շաբթէ շաբաթ ծիծաղաշարժ էջեր տալով «Մանզումէ»ի որուն խմբագիրն ալ էր։

Սահմանադրութենէն վերջ Կավռօշի, Օտեանի եւ Համբիկեանի հետ միջոց մը «Ծաղիկ»ը հրատարակեց իբրեւ ծաղրաթերթ եւ գրաքննական կապանքէ զերծ այնուհետեւ ազատօրէն միշտ ծեծեց ազգային խնդիրներ, 1 Ապրիլ1909-էն սկսեալ՝ իրարու ետեւէ լոյս ընծայած իր շարքերուն մէջ, որոնք են Կիկօ, Կինտօ, Հիւկօ (երբեմն դադրեցուցուելուն համար անուն փոխած)։ Կուկուկ, Զուրնա, Հի-հի-հի (նոյնպէս)։

5 տարի հրատարակած է Կիկոյի տարեցոյցը։ Ծածկանունները Բանագող Լռութիւնեան եւ Ընկեր Կիկօ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Ապրիլ Տասնըմէկի Սգահանդէսի Յանձնախումբ, Կոստանդնուպոլիս 1919, էջ 25։