Գրիգոր Փէշտիմալճեան

Հայ փիլիսոփա, գրագէտ եւ թարգմանիչ

Գրիգոր Փէշտիմալճեան (24 Դեկտեմբեր 1778(1778-12-24), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - Յունուար 1839, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ անուանի փիլիսոփայ, ուսուցիչ, թարգմանիչ։ Վերազարթնեց հայ յեղափոխական հոգին 19-րդ դարուն[1]:

Գրիգոր Փէշտիմալճեան
Ծնած է 24 Դեկտեմբեր 1778(1778-12-24)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է Յունուար 1839 (60 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, գրագէտ, ուսուցիչ, թարգմանիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գրիգոր Փէշտիմալճեան ծնած է Պոլիս եւ իր կեանքը նուիրած է ուսուցչութեան եւ գրականութեան[1]: Ան եղած է տնօրէն Պէզճեան հայկական դպրոցին, ուր ան նաեւ դասաւանդեց լեզու, կրօն, եւ փիլիսոփայութիւն։ 1828-ին, հոգեւոր դպրոցը Գում Գաբու պատրիարքութեան հետ միանալէն ետք, ան այդ տեղ նշանակուեցաւ ուսուցիչ եւ ընդհանուր պատասխանատու[1][2]: Ան ուսուցիչ եղաւ Հասգոյի հայկական դպրոցին մէջ եւ աշխատեցաւ իբրեւ անձնական ուսուցիչ դրամատունի մէջ աշխատող ընտանիքի մը[3]: Ան իբրեւեւ ուսուցիչ, իր ներդրումը ունեցաւ գիրք ու կրթական ծրագիր պատրաստելու, ինչպէս նաեւ դպրոցի կանոնները դնելու աշխատանքին։

Գործեր

Խմբագրել

Իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին սկսաւ պատրաստել գրաբար հայերէնի բառարան, փորձելով միացնել երկու բաժանմունքները, բայց հետեւեալ գործը կիսատ մնաց[1]:

Ան ապրեցաւ այնպիսի ժամանակամիջոցի մը մէջ, երբ հայ մտաւորականները կը հետեւէին գրաբար հայերէնին[1]: 1829-ին ան հրատարակեց Գրականութիւն Հայկազեան Լեզուի գիրքը, գրաբարի զարգացման համար։ Անոր Տրամաբանութիւն Կամ Արուեստ Բանական փիլիսոփայական գիրքը գրուած է գրաբարով[1]: Նաեւ ան գրած է արդի հայ աշխարհաբարով Կրթութիւն Քաղաքավարութիւն, եւ Լուսահաւիղը։ Անոր գործերը ունին մեծ կարեւորութիւն հայ գրականութեան մէջ։

Ան գրած է նաեւ փիլիսոփայական գիրքեր։ Ան թէեւ եղած է աշխարհական, բայց իր կրօնական գիտելիքները շատ աւելի են, քան կղերականներունը։[1] Բոլոր այդ ժամանակի կրօնական հարցերուն ան պաշտպան կեցաւ Հայկական Առաքելական եկեղիցիին, փորձելով պահպանել ազգային եւ կրօնական հասարակութիւնը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 J. Hacikyan Agop (2005)։ The Heritage of Armenian Literature From The Eighteenth Century To Modern Times.։ Detroit: Wayne State Univ Pr։ էջեր 189–190։ ISBN 9780814332214։ արտագրուած է՝ 15 December 2012 
  2. Leon Arpee (1946)։ A century of Armenian Protestantism, 1846-1946։ The Armenian missionary association of America, inc։ էջ 96 
  3. Shenk Wilbert R. (2004)։ North American foreign missions : 1810 - 1914 : theology, theory, and policy։ Grand Rapids, Mich.: Eerdmans։ էջ 71։ ISBN 9780802824851։ արտագրուած է՝ 15 December 2012