Դարբին (թերթ)
Դարբին, շաբաթաթերթ։ Հրատարակուած է 1911-ին, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Գ․ Տէր-Ղեւոնդեան։
Լուսաբանած է դպրոցական եւ մանկավարժական կեանքը, տպագրած գիտական, մասնաւորապէս, քաղաքատնտեսական նիւթեր։ Թարգմանաբար լոյս ընծայած է եւրոպական գրողներու երկերէ, հաղորդած լուրեր միջազգային իրադրութեան մասին։ Ունեցած է ֆելիետոններու, երգիծական մանրապատումներու եւ յայտարարութիւններու բաժիններ։