Դափնիի տերեւ, դափնեծառի (Laurus nobilis) տերեւներու հաւաքական անուանումը, զոր կ'օգտագործեն խոհարարութեան մէջ իբրեւ համեմունք։

Դափնիի տերեւ
Փաթեթաւորուած դափնիի տերեւ

Յատկութիւններ

Խմբագրել

Դափնիի տերեւ այրելով` կարելի է ձերբազատիլ ոչ միայն անախորժ հոտերէն, այլեւ` կանխարգիլել որոշ հիւանդութիւններ ու բարելաւել ինքնազգացողութիւնը: Ապացուցուած է, որ դափնիի տերեւի հոտը հանգստացնող եւ ցաւազերծող յատկութիւն ունի:

  • Ան կրնայ կանխարգիլել` լուսնոտութեան տագնապները, յաղթահարել ընկճախտը, յոգնածութիւնն ու անքնութիւնը: Պատճառը հետեւեալն է. դափնիի տերեւին պարունակած եթերային իւղերը կը բանան շնչառական խողովակները եւ կը թուլցնեն ամբողջ մարմինը: Զգալու համար թուլացնող ազդեցութիւնը` պէտք է ամանի մը մէջ վառել դափնիի երկու չոր տերեւ, եւ արդէն 10 վայրկեան ետք անուշ բոյրը կը տարածուի սենեակին մէջ:
  • Անիկա միզամուղ է, ունի հանգստացնող եւ արեան ճնշումը իջեցնող յատկութիւն։
  • Կը նպաստէ շաքարախտի բուժման:
  • Այս բոյսը շատ օգտակար է նաեւ նիհարնալ ցանկացողներուն համար, քանի որ ան կը նպաստէ ածխաջուրերու փոխանակումին:
  • Մեղուի խայթոցի պարագային, անհրաժեշտ է ծամելով մանրացնել դափնիի տերեւը եւ զետեղել խայթուածքին վրայ:
  • Ոտքերու առատ քրտնարտադրութեան ու սնկային հիւանդութեան պարագային, կարելի է պատրաստել դափնիի տերեւի թուրմով ոտքերու լոգանքներ:
  • Դափնիի տերեւները շատ օգտակար են նաեւ երիկամային անբաւարարութեան պարագային, եթէ հիւանդը խմէ անոնցմէ պատրաստուած եռացած հեղուկ:
  • Դափնիի տերեւը այրելու հետեւանքով յառաջացած նիւթերը տհաճ ազդեցութիւն ունին միջատներուն վրայ: Պարբերաբար գործածելով այս միջոցը, անցանկալի միջատները՝ ինչպէս խաւարասերները կը հեռանան բնակարանէն:

Դափնիի տերեւը կարելի չէ պահել մէկ տարիէն աւելի, որովհետեւ անիկա կը կորսնցնէ իր բոյրն ու համը[1]։

Ի դէպ, դափնիի տերեւը կը համարուի մաքրութեան, յաջողութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ[2]:

 

Համ եւ բոյր

Խմբագրել

Դափնիի տերեւը ունի սուր, կծու համ։ Ինչպէս շատ համեմունքներ, այնպէս ալ դափնիի տերեւը աւելի շատ կ'առանձնանայ իր բոյրով, քան համով։ Չորցած տերեւը ունի ծաղկային հոտ, որ աւելի շատ կը նմանի խնկածաղիկի բոյրին։ Անիկա կը պարունակէ նաեւ եթերային իւղեր[3]։

Անվտանգութիւն

Խմբագրել

Կան դափնիի տերեւի քանի մը տեսակներ, որոնք թունաւոր են մարդոց եւ ընտանի անասուններու համար։ Բոլոր երկիրներուն մէջ չէ, որ դափնետերեւը կը վաճառուի խոհարարական նպատակներով։ Ճաշին պատրաստութենէն ետք, զայն անպայման պէտք է հանել որովհետեւ թունաւոր է եւ վտանգաւոր՝ աղեստամոքսային համակարգին համար[4][5]։ Այսպիսով, բոլոր բաղադրատոմսերուն մէջ, ուր կ'օգտագործեն դափնիի տերեւ, նախընտրելի է ճաշին պատրաստութենէն ետք, դափնիին տերեւը հանել[6]։

Հաւատալիքներ

Խմբագրել
 

Դափնիի տերեւին մոգական յատկութիւններուն հաւատացեր են յատկապէս հռոմէացիներն ու յոյները:

Անոնք տարբեր ծիսակատարութիւններ կը կիրարկէին իրենց ցանկութիւններուն իրագործման համար: Մինչեւ օրս ալ`

  • Որոշ մարդիկ տան մուտքին դափնիի տերեւ կը պահեն` իբրեւ պահապան:
  • Ոմանք իրենց ցանկութիւնը կը գրեն տերեւին վրայ եւ ապա կը վառեն:
  • Անքնութենէ տառապողներ դափնիի տերեւ կը դնեն իրենց բարձին տակ` հանգիստ քուն եւ հաճելի երազ ապահովելու համար:
  • Ոմանք երեխայի մահճակալին տակ դափնիի տերեւ կը դնեն մանուկը չար աչքերէ եւ չար փորձանքներէ պաշտպանելու համար:
  • Շատեր իրենց դրամապանակին մէջ դափնիի տերեւ կը դնեն նիւթական յաջողութիւն ապահովելու հաւատքով:
  • Ոմանք տան մուտքին փռուած գորգին տակ դափնիի տերեւ կը պահեն` իբրեւ չարխափան:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Դափնիի Տերեւ
  2. Յաջողութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ
  3. «Encyclopedia of Spices: Bay Leaf»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-04-16-ին։ արտագրուած է՝ ապրիլի 11, 2009 
  4. Lingenfelser T, Adams G, Solomons D, Marks I. N. (1992)։ «Bay leaf perforation of the small bowel in a patient with chronic calcific pancreatitis»։ Journal of Clinical Gastroenterology 14 (2): 174–6։ PMID 1556436 
  5. Bell C. D., Mustard R. A. (1997)։ «Bay leaf perforation of Meckel's diverticulum»։ Canadian Journal of Surgery 40 (2): 146–7։ PMC 3952980։ PMID 9126131 
  6. «Straight Dope: Are Bay Leaves Poisonous?»։ արտագրուած է՝ 2009-04-11